Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Եւս Մինսքի Խմբակի Անդամ Է, Սակայն Թէ՛ Հայաստանին, Թէ՛ Ազրպէյճանին Զէնք Կը Մատակարարէ» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

February 18, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին խաղաղ լուծման որոնման մէջ օգնել Հայաստանին ու Ազրպէյճանին, այդ պատճառով ալ սպառազինութիւն չեն վաճառեր այս եւ միւս կողմին: «Թուրան» կը հաղորդէ, որ այս մասին 16 փետրուարին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լի Լիցընպըրկըր:

Դեսպանը, պատասխանելով «Թուրան» լրատու գործակալութեան «Ինչպէ՞ս բացատրել այն, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան նախկին խորհրդատու Ճոն Պոլթընի Պաքուին եւ Երեւանին ամերիկեան սպառազինութիւն գնելու վերաբերեալ կոչը չէ իրականացուած» հարցումին, ըսած է. «Գլխաւոր այն է, որ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին օգնենք խաղաղութեան հասնելու: Մեր սկզբունքային դիրքորոշումը այն է, որ ո՛չ այս, ո՛չ ալ միւս կողմին մահաբեր սպառազինութիւն մատակարարուի: Մենք նաեւ պատասխանատուութիւն կը կրենք` ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ: Ընդգծեմ, որ Ռուսիան եւս Մինսքի խմբակի անդամ է, սակայն բոլորովին այլ ձեւ կը վերաբերի իր պարտաւորութիւններուն եւ թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ազրպէյճանին զէնք կը մատակարարէ: Մենք չենք կարծեր, որ ատիկա խաղաղ  լուծման հասնելու համար ընդունելի ուղի է»:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին միջոցներ եւ սարքաւորումներ կը մատակարարեն անվտանգութեան հարցերու լուծման համար:

«Վերջին տարիներուն այդ մատակարարումներուն ծաւալները գերազանցած են 100 միլիոն տոլարը: Անոնք ոչ թէ զէնք են, այլ սարքաւորումներ ու միջոցներ` սահմաններու պահպանութեան, Կասպից ծովու ազգային հատուածի հսկողութեան համար, ռենթկեն սքանըրներ` մաքսանենգութիւնը կանխարգիլելու համար: Նախ եւ առաջ, ատիկա կը վերաբերի երկրի հարաւային սահմաններուն, ուր թմրեցուցիչներու մեծ հոսք կը նկատուի:

«Այն բանէն ետք, երբ Ազրպէյճանը վերականգնեց հարաւային սահմաններու զգալի մասին վրայ իր վերահսկողութիւնը, Միացեալ Նահանգներ զգալի օգնութիւն ցուցաբերած են այդ հատուածի յուսալի պահպանութիւնը ապահովելու համար սարքաւորումներ մատակարարելու հարցին մէջ: Վերջին երկու տարիներու վիճակագրութիւնը կը վկայէ այդ ուղղութեամբ գրաւուած թմրեցուցիչներու կրկնակի աճի մասին: Ասիկա կը ցուցադրէ, թէ որքա՛ն արդիւնաւէտ է այդ օգնութիւնը», ըսած է դիւանագէտը:

«Միւս ուղղութիւնը Կասպից ծովուն մէջ անվտանգութեան ապահովումն է, քարիւղակազային կարեւորագոյն ենթակառոյցներու եւ քարիւղամուղներու պահպանութիւնը: Այդ նպատակով Ազրպէյճանին յանձնուած են առափնեայ ռատարներ, երկակենցաղ նաւակներ եւ սարքաւորումներ Կասպից ծովու ազգային հատուածի ամբողջական հսկողութեան համար», ըսած է դիւանագէտը:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացման, Թաէֆի Համաձայնագիրի Գործադրութեան Եւ Արաբ Եղբայրներուն Հետ Յարաբերութիւններուն Պահպանման»

Յաջորդը

Լաւրով Եւ Պայրամով Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Կացութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Անհետ Կորսուած Ազրպէյճանցիներու Ճակատագիրի, Զանգուածային Ու Անհատական Թաղման Վայրերու Վերաբերեալ Ամբողջական Տեղեկութիւն Տրամադրէ»

October 8, 2026
Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.