Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յարգանքի Կարեւորութիւնը

Փետրուար 2, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Կայ ժողովրդային առած մը, որ կ՛ըսէ` «Յարգէ, որ յարգուիս»: Իրականութեան մէջ այս առածին իսկական իմաստը շատ աւելի խորունկ է, մասնաւորաբար եթէ նկատի ունենաք, թէ յարգանքը հոգեբանական որքա՛ն մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր վրայ:

Օր մը, տակաւին աշակերտ, յաճախած դպրոցիս զբօսանքի ժամուն, երբ ընկերներով նստած կը զրուցէինք, ինքնաշարժ մը կանգ կ՛առնէ եւ մէջէն կղերական մը դուրս գալով` դէպի տնօրէնութեան սենեակը կ՛ուղղուի: Յանկարծ կանգ կ՛առնէ եւ կը վերադառնայ մեր մօտ` բարձրաձայն ըսելով. «Ոտքի՛ կանգնեցէք, տղա՛ք, իսկ մեր ոտքի ելլելէն ետք կը շարունակէ. «Ձեր երէցը յարգել սորվեցէ՛ք»:

Հետաքրքրական էր, որ մենք առանց վայրկեան մը իսկ տատամսելու` մեզի թելադրուածը իսկոյն կատարեցինք, նոյնիսկ թերեւս լաւապէս չըմբռնեցինք տեղի ունեցածը, սակայն ընդառաջեցինք հոգեւորականի խօսքին: Բայց եւ այնպէս այդ դէպքը իր ազդեցութիւնը ունեցաւ մեր վրայ, ցնցեց մեզ եւ մեր ներաշխարհը: Մեր ծնողներուն եւ դպրոցական աւանդական օրէնքներուն դէմ կեցող անհանդարտ եւ կրակոտ վիճակէն դուրս գալու առաջին հիմնաքարը հանդիսացաւ այդ պատահարը, որ եղաւ մեր կեանքի կարեւորագոյն դասերէն մէկը: Այո՛, այդ օրերուն ո՛չ ես, ո՛չ ալ ընկերներս ու մեր շուրջ գտնուողները կարողացանք լաւապէս հասկնալ եւ ընկալել եղածը: Թէեւ ոտքի կանգնեցանք, ինչպէս մեզի թելադրուած էր, սակայն ասոր կողքին ունեցանք դժգոհութեան եւ նեղութեան արտայայտութիւններ: Բայց եւ այնպէս ներքուստ ասիկա դրական դրոշմ մը ձգեց մեր վրայ:

Այսօր, սակայն, բարեբախտաբար կը զգամ, թէ փոքր տարիքիս մեր շուրջ եղող մտաւորական հսկաներէն մեզի փոխանցուած պատգամները որքա՛ն կարեւոր դեր ունեցած են մեր հասունացման եւ դաստիարակութեան վրայ: Սակայն յատկապէս կը յիշեմ վերոնշեալ դէպքը, որուն լոյսին տակ ալ կեանքիս նշանաբանը դարձաւ` «Յարգէ, որ յարգուիս»: Կը հաւատամ, որ պէտք է յարգել բոլորը անխտիր, նոյնիսկ` քեզ անարգողը, որովհետեւ պիտի գայ  ժամանակը, երբ յարգել չգիտցող անձը, իր կեանքի ժխտականէն եւ դատարկութենէն տառապելով, խղճալի պիտի դառնայ իր ժամանակաւոր հպարտութեամբ եւ տեղի պիտի տայ իսկական կեանքի իմաստին պարզութեան առջեւ: Չենք կրնար յարգանք ակնկալել մեր շրջապատէն, եթէ մենք մեզ չենք գիտեր յարգել եւ ոչ ալ մեր զաւակներուն յարգել սորվեցուցած ենք:

Դժբախտաբար այս դժուար օրերուն ժողովուրդին մեծ մասը ժամանակ չի կրնար տրամադրել դաստիարակութեան իր զաւակներուն, որոնց համար ամէն ինչի աղբիւր դարձած է համացանցը: Կրնանք երեւակայել, թէ ի՛նչ տեսակի նորութիւններ մուտք կը գործեն մեր զաւակներուն ենթագիտակցութեան մէջ եւ կը կուտակուին հոն` առանց մեր գիտակցութեան: Յանկարծ օր մը, երբ շրջանակի մը մէջ անոնք անարգանքի դրսեւորում ունենան կամ անհաճոյ կացութեան մը դէմ յանդիման դնեն մեզ, այն ատեն կրնանք  զարմանալ, թերեւս անակնկալի գալ, բայց աւերը գործուած կ՛ըլլայ արդէն:

Նախ աշխատինք մենք մեր վրայ եւ մեր հպարտութիւնը հեզութեամբ փոխարինենք, նաեւ ժամանակ յատկացնենք մեր զաւակներուն, որպէսզի զանոնք լաւապէս դաստիարակենք եւ զանոնք իբրեւ լաւ տիպարներ ներկայացնենք մեր շրջապատին,  որովհետեւ միայն մեր կենցաղով ու վարուելակերպով պիտի կարողանանք յարգանք պարտադրել եւ լաւ օրինակ ըլլալ բոլորին:

Ի վերջոյ հոգեկան գոհունակութիւնը, զոր պիտի ունենանք մեր լաւ տիպարով, մեզի առիթ պիտի ընծայէ, որ ուրախ կեանք մը ապրինք եւ ուրախութիւն տարածենք մեր շուրջը` միշտ դէմ դնելով կեանքի ժխտական կողմին:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Չմսխել Հայաստանի ու Հայ Ազգի Իրաւունքներն ու Յիշողութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?