Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Լորիս Ճգնաւորեան 2 Ստեղծագործութիւններ Նուիրեց Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Զոհերու Յիշատակին
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան 24 յունուարին ընդունեց իրանահայ յօրինող, խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանը:
«Երաժշտական արուեստին մէջ ձեր հեղինակած ժառանգութիւնը եւ աւանդը անգնահատելի են բոլորիս համար: Ուրախ եմ, որ հայրենիքի մէջ կրկին անգամ ձեզ տեսնելու առիթը ունեցայ: Յոյսով եմ, որ կը կարողանանք միասին ծրագիրներ նախաձեռնել», ըսաւ Վահրամ Դումանեան:
Նախարարը հետաքրքրուեցաւ Ճգնաւորեանի գործունէութեամբ, ընթացիկ աշխատանքներով: «Աշխատանքը կեանքը կը քաղցրացնէ», յայտնեց ան` տեղեկացնելով, որ վերջին 2 տարիներուն ընթացքին հեղինակեց աւելի քան 40 գործեր. երկու մեծ ստեղծագործութիւններ նուիրեց արցախեան 44-օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին, իսկ վերջին գործը ռեքուիեմ է` ի յիշատակ «Քորոնա»-ի զոհերուն: Լորիս Ճգնաւորեան նշեց, որ ամէն անգամ մեծ սիրով եւ սպասումով կու գայ Հայաստան: «Հայրենիքին հետ կապուած եմ նաեւ ամենախենթ յիշողութիւններով», ըսաւ ան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան միացեալ նախաձեռնութիւններու, ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման մասին, ինչպէս նաեւ` Լորիս Ճգնաւորեանի նոր ստեղծագործութիւնները հայրենիքի մէջ ներկայացնելու կարելիութիւններուն եւ հեռանկարներուն մասին:
«Գարուն Ա…» Շարժանկարը Պիտի Ցուցադրուի Գարնան Առաջին Օրը
Շարժանկար` պատերազմի, սիրոյ, մեր օրերու նուիրեալներու, միասնութեան, պետական մտածողութեան կերտման եւ հայրենասիրութեան մասին, երեք սերունդներու աչքերով:
Մարտ 1-ին հանրութեան պիտի ներկայացուի բեմադրիչ Ռոման Մուշեղեանի «Գարուն ա…» ժապաւէնը, որուն գլխաւոր արտադրողներն են Ալեքսանդր Խաչատրեանը եւ Տիանա Աւետիսեանը: Ժապաւէնին նիւթը հեղինակած է Յարութիւն Ղուկասեանը, նկարիչն է Սուրէն Թադէոսեանը, իսկ երգահանը` Արման Էլբերտը: Խմբագրումը կատարած է Միքայէլ Թորգոմեանը, իսկ երկրորդ նկարիչը` Տիգրան Ասատուրովը:
Շարժանկարին գլխաւոր հերոսները երեքն են` պապ, որդի, թոռ: Երեք սերունդ, երեք տարբեր բնաւորութիւններու տէր մարդիկ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛արտացոլացնէ մերօրեայ հասարակութեան մտածելակերպը: Պապը` Արամը, մասնագէտ զինուորական է, նախկին գնդապետ, ամբողջ կեանքը նուիրած է պետականութեան կառուցման գործին: Որդին` Գնէլը, առեւտրական է, ցարդ չէ ներած հօրը` հայրենիքը ընտանիքէն վեր դասելուն համար: Թոռը` Լեւոնը, երաժիշտ է: Ան կ՛ոգեշնչուի իր պապիկին գաղափարախօսութեամբ: Սակայն հերոսին կեանքին մէջ ապագան եւ հայրենիքի նկատմամբ պարտքը կը բախին իրարու` ստեղծելով ժապաւէնին հիմնական հանգոյցը…
Անսպասելի պատերազմը Հայաստանի մէջ կը խանգարէ երեք սերունդներուն անդորրը: ժապաւէնին ընթացքին մենք ականատես կ՛ըլլանք ամբողջ ազգի մը ողբերգութեան` ընտանիքի մը պատմութեան միջոցով…
Շարժանկարի դերակատարներն են` Ալեքսանդր Խաչատրեանը, Լեւոն Հախվերդեանը, Արմէն Մարգարեանը, Մարջան Աւետիսեանը, Եւա Զոհրապեանը, Շանթ Յովհաննիսեանը, Ալիս Կապլանջեանը, Վահագն Մարտիրոսեանը, Սաթենիկ Հազարեանը, Նարինէ Պետրոսեանը, Թումաճ Տանեշ Պեհզատին եւ ուրիշներ:
«Ժապաւէնին ստեղծման գաղափարը յառաջացած է Ալեքսանդր Խաչատրեանին մօտ վեց տարի առաջ` ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի իրադարձութիւններու ընթացքին: Այդ ժամանակ բոլորս առաջին անգամ ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս ամբողջ ազգը ոտքի կանգնած եւ համախմբուած է բարդ իրավիճակներու առջեւ: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները մեզի ստիպեցին անդրադառնալ այս նիւթին: Ժապաւէնին մէջ կոչ կը կատարուի լրջօրէն խորհելու պետական մտածողութեան, պետութեան պահպանման, ազգային գաղափարախօսութեան ստեղծման մասին, որուն մէջ իւրաքանչիւրին դերը առաւել քան կարեւոր է», նշեցին ժապաւէնին հեղինակները` առանձնայատուկ շեշտելով, որ ժապաւէնը շատ արդիական եւ կարեւոր է մեր օրերուն համար, որովհետեւ մեր իրականութեան արտացոլացումն է:
Նշենք, որ շարժանկարը Aratta Production-ի, Vision Studio-ի, Phoenix Art Foundation-ի միացեալ արտադրութիւնն է եւ նկարահանուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ArLeAM-ի աջակցութեամբ:
Երեւանի Մէջ Ցուցադրուեցաւ Տատիկն ու Պապիկը` Դիլաքեան Եղբայրներու Յայտնի Շարքը
Երեւանի մէջ յունուար 26-28-ին կայացաւ նիւեորքաբնակ Դիլաքեան եղբայրներու` Արցախի խորհրդանիշ հանդիսացող «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանի նիւթով աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցչութենէն:
«Պատերազմի օրերուն սկիզբ առած եւ մինչեւ օրս շարունակուող այս շարքը, որուն հեղինակները «ARTsakh» խորագիրը տուած են, այսօր ալ կը շարունակուի մնալ սիրուած ու իրական, որովհետեւ պատերազմական վիճակէն ետք կեանքը Արցախի մէջ կը շարունակուի: Եղբայրները «Տատիկին ու պապիկ»-ին մէջ ամբողջացուցած են արցախցիի կերպարին գրեթէ ամբողջ ներկապնակը` հաւատարմութիւն, ընտանեկան արժէքներ, հայրենասիրութիւն, հող ու ջուրի պաշտպան: Եւ ճիշդ անոնց այսքան դիպուկ ըլլալն է պատճառը, որ այս շարքը սիրուեցաւ այնպէս, ինչպէս տարիներ առաջ Դիլաքեաններու ստեղծած «Աղջիկն ու ծերուկ»-ը` «Գտնուած երազը» մանկական գծանկարը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Ուրախ եմ ողջունելով ձեզ Հայաստանի մէջ, Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան մեր այս գողտրիկ անկիւնին մէջ, որուն «Արցախի տուն» անունը տուած ենք: Այսօր այս սրահը իսկապէս Արցախի տուն է, որովհետեւ այստեղ կը գտնուին ամենայայտնի երկու արցախցիները` «Տատիկն ու պապիկ»-ը, իրենց կեանքի ամենատրամաթիքական շրջաններէն մէկուն` 44-օրեայ պատերազմի օրերու պատմութիւններով», ցուցահանդէսին բացման խօսքին մէջ նշեց Հայաստանի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Սերգէյ Ղազարեանը: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ ցուցահանդէսը պիտի շրջի սփիւռքի բոլոր օճախները եւ պիտի ազդարարէ, որ Արցախը կայ, արցախցին կը նորոգէ իր տունը եւ ապագայի հանդէպ հաւատքով զինուած է, այնպէս` ինչպէս Դիլաքեան եղբայրներու յետպատերազմական աշխատանքներուն մէջ նկարագրուած է շատ պատկերաւոր կերպով:
«Հանդիպիլ իրենց պատմութիւններու հերոսներուն` «Տատիկ ու պապիկ»-ին` այս է Դիլաքեան եղբայրներուն ամէնէն մեծ նպատակը այսօր: Հաղորդենք, որ կատարուեցաւ խորհրդանշական նուէրի յանձնում Արցախի նախագահին, այն յոյսով, որ օր մը այս ցուցահանդէսը կը ցուցադրուի Շուշիի մէջ եւս:
Տեղեկացնենք, որ ցուցահանդէսը կազմակերպած են Դիլաքեան եղբայրները` Հայաստանի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան հետ միասին, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Մարդը Կարիքի Մէջ» Հասարակական Կազմակերպութիւնը Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ Աւելի Քան 17 Հազար Տեղահանուած Քաղաքացիներու
«Մարդը կարիքի մէջ» հասարակական կազմակերպութենէն յայտնեցին, որ Հայաստանի մարզերու մէջ բնակող աւելի քան 17 հազար տեղահանուած քաղաքացիներու աջակցութիւն կը տրամադրեն:
Այս ծրագրի շրջանակին մէջ անիկա կ՛աշխատի Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ` արձագանգելով համարկման եւ մարդասիրական աջակցութեան առանցքային հարցերուն:
«Մարդը կարիքի մէջ» հասարակական կազմակերպութիւնը շրջակայ միջավայրի համար անվնաս վառելանիւթ կը տրամադրէ Սիւնիքի, Արմաւիրի, Արարատի, Կոտայքի եւ Վայոց ձորի մարզերու մէջ բնակող տեղահանուած 500 ամենախոցելի ընտանիքներուն, իսկ շուրջ 2000 ընտանիքի կ՛ապահովէ ջուրի, կազի եւ ելեկտրականութեան վճարումներ: Օգնութիւն ստացողներուն ընտրութիւնն ու նոյնականացումը կ՛իրականացուի Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան եւ համայնքապետարաններու հետ սերտ համագործակցութեամբ: Շահառուներու ընտրութիւնը կը կատարուի կարիքի գնահատման եւ սահմանուած խոցելիութեան չափանիշներու համապատասխանութեան հիման վրայ:
Տեղահանուած մարդիկը աշխատանքով ապահովելու եւ անոնց` հասարակութեան մէջ բարեյաջող համարկման նպատակով «Մարդը կարիքի մէջ» հասարակական կազմակերպութիւնը կ՛իրականացնէ մասնագիտական կրթութեան դասընթացքներ` ծրագրաւորման, հրուշակեղէնի պատրաստման, կարի, վարսայարդարման եւ այլ ոլորտներու մէջ: Ծրագրի շրջանակին մէջ 1500 շահառու մասնագիտական խորհրդատուութիւն կը ստանայ մասնագիտական փորձի կարիքները բացայայտելու եւ համապատասխան հմտութիւններու մասին առաջարկութիւններու առնչութեամբ, ինչպիսիք են` ինքնակենսագրական կազմելը, կապեր հաստատելը, խորհրդատուութիւնը եւ հարցազրոյցներու կայացումը: Բացի այդ` 1000 շահառու պիտի մասնակցի մասնագիտական դասընթացքներու, իսկ դասընթացքները լաւագոյնս իւրացուցած 700-ը կը ստանայ համապատասխան մասնագիտական գործիքներ` ձեռնարկատիրական գործունէութիւն սկսելու համար:
«44-օրեայ պատերազմէն աւելի քան մէկ տարի ետք, տուժած մարդիկ տակաւին ծայրայեղ խոցելի վիճակի մէջ կը գտնուին եւ միջոցներ կը փնտռեն իրենց ընտանիքներուն առողջ ու տաք պայմաններ ապահովելու համար: Ցուրտ ձմրան եւ համաճարակի պատճառով աւելի կը սրի աղէտալի իրավիճակը: Եւրոպական Միութիւնը օգնութիւն կը տրամադրէ հակամարտութենէն տուժած ամէնէն խոցելի բնակչութեան` ձմրան ցուրտը յաղթահարելու համար», յայտնեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր «Մարդը կարիքի մէջ» հասարակական կազմակերպութիւնը աջակցութիւն կը տրամադրէ հազարաւոր մարդոց, որոնք տեղափոխուած են Հայաստան` անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով: 2020 թուականին «Մարդը կարիքի մէջ» հասարակական կազմակերպութիւնը Եւրոպական Միութեան մարդասիրական աջակցութեան շնորհիւ շրջակայ միջավայրի համար անվնաս վառելանիւթ կը տրամադրէ տեղահանուած 500 ընտանիքի եւ աւելի քան 4200 ընտանիքի ալ կ՛օգնէ միւս վճարումներու հարցին մէջ:
Երեւանի Մէջ` Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Հերոսնեու Յիշատակին Նուիրուած Նուագահանդէս
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ` «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հերոսներին. 44» խորագիրով նուագահանդէսը` նուիրուած արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հերոսներու յիշատակին: Համերգին հրաւիրուած էին զոհուած զինուորներուն ընտանիքներու անդամները:
Նուագահանդէսի ընթացքին Հայաստանի Ազգային սենեկային նուագախումբին կատարումով հնչեց Արամ Խաչատրեանի «Սիմֆոնիա թիւ 2»-ը, որ յայտնի է նաեւ «Զանգերով սիմֆոնիա» անունով:
Արամ Խաչատրեանի այս ստեղծագործութիւնը գրուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն: Անիկա ազգային աղէտի դէմ յամառ պայքարի մարմնաւորում է եւ լաւագոյնս կ՛արտայայտէ այն ապրումները, հայրենիքի հանդէպ նուիրուածութիւնն ու անկոտրում պայքարը, որ դրսեւորեց հայ զինուորը արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին:
Նշենք, որ նուագահանդէսին զուգընթաց ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսաշար մը:
«Լուվր»-ը Եւ «Էրեբունի»-ն Պիտի Համագործակցին
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան «Հայ եւ ֆրանսացի մասնագէտներու համագործակցութեան եւ փորձառութեան փոխանակման» ծրագիրով Փարիզ գտնուող «Էրեբունի» պատմական հնագիտական արգելոց-թանգարանի տնօրէն Միքայէլ Բադալեան եւ «Պատմական մշակութային ժառանգութեան գիտական հետազօտական կեդրոն»-ի տնօրէն Խաչիկ Յարութիւնեան արդիւնաւէտ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան Փարիզի «Լուվր» թանգարանի Արեւելեան հնութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Արիեն Թոմայի եւ վերջինիս փոխանորդ Վենսան Պլանշարի հետ: Այս մասին կը յայտնեն «Էրեբունի» պատմական հնագիտական արգելոց-թանգարանէն:
Տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին «Լուվր»-ի եւ «Էրեբունի» թանգարաններուն միջեւ ձեռք բերուեցան ապագայ համագործակցութեան շարք մը համաձայնութիւններ: Մասնաւորապէս, «Լուվր»-ի մասնագէտները պիտի աջակցին «Էրեբունի» թանգարանի ապագայ նոր ցուցադրութեան իրագործման, ինչպէս նաեւ «Էրեբունի» թանգարանի մասնագէտներու վերապատրաստութեան:
Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին իրականացնել ընդհանուր ծրագիրներ եւ համագործակցիլ ուրարտագիտութեան բնագաւառին մէջ: