Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Պատասխան «Ազդակ»-ի Ճամբով Ներկայացուած Առաջարկին

February 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 27 յունուար 2022-ին «Ազդակ»-ի երրորդ էջով լոյս տեսաւ Գէորգ Սոլաքեանի «Նամակ «Վանայ Ձայն»-ին` «Ազդակ» օրաթերթի ճամբով» խորագրեալ գրութիւնը, որուն մէջ հեղինակը ռատիոկայանի տնօրէնութեան կ՛առաջարկէր «կէս գիշերուան մեղմ երաժշտութենէն քիչ մը կրճատել եւ անոր փոխարէն` առաւօտը ընդունիլ մեր նախահայրերէն Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մեզի պարգեւած «Առաւօտ լուսոյ» շարական-աղօթքով»:

Սոլաքեան կը թուի հաւատարիմ ունկնդիր մը ըլլալ «Վանայ Ձայն»-ի, որովհետեւ այլ առիթով եւս ան իր կարծիքը յայտնած է ռատիոկայանի մէկ յայտագիրին մասին` դրուատելով «Հայրենի տուն» հաղորդաշարը, որ շաբաթական դրութեամբ կը ծանօթացնէ պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ պապենական մեր շրջանները` իրենց փառաւոր անցեալով, բարքերով, մշակոյթով եւ ժողովրդային սովորութիւններով:

Փափաքելի է, որ Սոլաքեանի օրինակը վարակիչ ըլլայ «Վանայ Ձայն»-ի բոլոր ունկնդիրներուն, որպէսզի անոնք չվարանին իրենց շինիչ առաջարկներով ռատիոկայանին զարգացման նպաստելու: «Սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնը» անցնող 36 տարիներուն «հարազատ» բնորոշումին արժանացած է ճի՛շդ այս պատճառով եւ «հարազատ» կը մնայ այս իւրայատկութեան շնորհիւ` ունկնդիր-ռատիոկայան սերտ կապին համար:

Ունկնդիրներ արդարօրէն կրնան ակնկալել, որ ռատիոկայանը տեւական նորութիւններ ներկայացնէ իրենց: Ունկնդիրներ նաեւ բարոյական իրաւունքը ունին մասնակիցը դառնալու ռատիոկայանի նորութիւններուն եւ յաջողութիւններուն, որովհետեւ «Վանայ Ձայն»-ը լրատուամիջոցն է կուսակցութեան մը, որուն համար «Միասին» կարգախօսը լոկ նշանախօսք չէ, այլ` կեանքի ոճ է, աշխատանքի սկզբունք է եւ ժողովուրդի հետ յարաբերութեան եղանակ է:

Արդ, «Վանայ Ձայն» գոհունակութեամբ կ՛ընդունի Գէորգ Սոլաքեանի առաջարկը եւ կը խոստանայ այսուհետեւ առաւօտեան իր բարի լոյսին հետ «Առաւօտ լուսոյ»-ով ողջունել ունկնդիրները` բոլորին ցանկալով խաղաղ եւ արդիւնաբեր օր: «Առաւօտ լուսոյ»-ն իր հոգեթով երաժշտութեամբ եւ հայոց այբուբենի տառերով սկսող բանաստեղծական իր տողերով կը ներկայացնէ հայ մարդուն անսպառ հաւատքը` բնութեան կատարելութիւններուն հանդէպ: Հաւատք, որուն այնքան կարիքը ունինք յատկապէս մեր օրերուն, քիչ մը ամէն տեղ:

Հաւատք, որմով այսուհետեւ կրնանք զօրանալ իւրաքանչիւր օրուան արեւածագին, «Վանայ Ձայն»-էն հնչած առաջին բարի լոյսին հետ:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-Ի

Նախորդը

Նկարիչ Արամ Յովհաննէսեանի Կորուստը

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Լոյս Կը Տեսնէ Հայկական Մանկապատանեկան Նոր Ամսաթերթ Մը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.