ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Շատ լուռ, ինքնամփոփ եւ հանդարտ երիտասարդ մըն էր Արամ Յովհաննէսեանը: Զինք ճանչցած եմ 1970-ականներու սկիզբը, երբ պատահաբար մեր ընկերներէն մէկը մեզի յայտնեց Արամի նկարչական մեծ պաստառին մասին եւ մեզ տարաւ անոր մօտ` ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատէր Արամը` սեւամորթ նշանաւոր երգիչի մը մեծ կերպարը նկարելով պաստառի վրայ:
Առաջին տպաւորութիւնը գերեց մեզ: Հրաշալի էր երգիչին կերպարը` դեղին եւ նարնջագոյն երանգներով, թէեւ վերարտադրութիւն էր աշխատանքը, ինչպէս հետագային իմացանք:
Յաջորդ տասնամեակներուն տեղեկացած էի, որ բացառիկ նորարական կօշիկներու նախագիծներու հեղինակ է եւ շատ փնտռուած վարպետ: Կօշիկներու տեսակներու եւ գեղեցիկ լուծումներու ամբողջ շարքի մը հեղինակ եղած է եւ շատ մը ընկերութիւններու վաճառած կօշիկներու նոր ձեւաւորումները իր աշխատանքին արդիւնքը եղած են:
Գիտէի, որ չէր լքած նկարելը, սակայն որեւէ աշխատանքի մասին տեղեակ չէի:
Եւ եղաւ չսպասուածը. շատ արագ հիւանդացաւ ու կարճ ժամանակի ընթացքին մահացաւ Արամը:
Դժբախտաբար միայն Արամի մահէն ետք ինծի համար բացուեցաւ նկարիչին ներաշխարհը, երբ առիթ ունեցայ տեսնելու իր բնակարանը…
Դուրսէն բոլորովին անհրապոյր տեսք ունեցող իր հօրենական տան երկրորդ յարկը բոլորովին այլ տեսք ունէր ներսէն: Հոս ամէն բան մտածուած, գեղեցկօրէն ձեւաւորուած եւ արուեստի դրոշմ ունէր: Ուրիշ աշխարհ էր` Արամի կնիքը կրող. մտածուած, գեղեցիկ եւ գործնական լուծումներ տրուած են լուսաւորումին, կահ-կարասիին եւ իր ձեռային ու նկարչական աշխատանքներով զարդարուած է բնակարանը: Գրաւիչ բնակարան մը` արուեստով լեցուած:
Հոս տեսայ նաեւ իր կոթողային աշխատանքը, որ Վերածնունդի շրջանէն սրբանկարի մը վերարտադրութիւնն է: Հրաշալի աշխատանք մը, որ ցոյց կու տայ Արամի օժտուած ըլլալու իրողութիւնը` որպէս նկարիչի:
Արամի քոյրը` Սիլվան, յուզումով ցոյց կու տայ եղբօր տարբեր աշխատանքները, որոնք իւրայատուկ են եւ տպաւորիչ:
Եւ երեւակայել, որ այս բոլորը` առանց մասնագիտական կրթութեան…
Արուեստի ուժին, գեղեցկութեան եւ ինքնաշխատութեան հաւատացող նկարիչը ոչ եւս է: Բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած են զինք, պիտի փնտռեն այդ լուռ եւ ինքնամփոփ տղան…
24 յունուար 2022
Մուսա լեռ – Այնճար




