Յունուար 2021-էն ի վեր Պոլսոյ մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման ուղղեալ «Լոյս Մետիա» հրատարակչատան կողմէ լոյս կը տեսնէ «Լոյս Քիծ» անունով մանկապատանեկան նոր ամսաթերթ մը` դաստիարակիչ յատուկ նիւթերով, խաղերու, գիտելիքներու բովանդակութեամբ եւ գունաւոր տպագրութեամբ: Անիկա նաեւ ունի անգլերէնով քանի մը էջեր:
Մանկապատանեկան ամսաթերթը, որ կը հրատարակուի Պոլսոյ հայկական «Լոյս» ամսաթերթին կողմէ, կը ցուցադրուի նաեւ Պոլսոյ հայոց անդրանիկ պատկերասփիւռի LUYS TV ընկերութեան միջոցով: Թերթը, որ իր հրատարակութեան առաջին տարեդարձը նշեց դեկտեմբեր 2021-ին, կը շարունակէ լոյս տեսնել ամէն ամիս` հայ մանուկներու համար հետաքրքրական նոր նիւթերով ու օգտաշատ գիտելիքներով:
Անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց ներդրումներով ու նուիրատուութեամբ ամսաթերթը հովանաւորել եւ արեւմտահայերէնի նահանջին դէմ դնել, կրնան դիմել luys@luys.com.tr հասցէին կամ 0090 212 251 27 80 թիւին:



