– Եղանակային Յուզման Խանգարում (Seasonal Affective Disorder (Sad)
– Աքիլլէսը Եւ Աքիլլէսի Ձգանը (Achilles And Achilles Tendon)
Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Եղանակային Յուզման Խանգարում
(Seasonal Affective Disorder (Sad)
Ընդհանուր ակնարկ
Եղանակային յուզման խանգարումը (SAD) ընկճուածութեան (depression) տեսակ մըն է, որ կապուած է եղանակներու փոփոխութեան հետ: SAD-ը կը սկսի եւ կ՛աւարտի ամէն տարի մօտաւորապէս նոյն ժամանակին: Եթէ SAD ունեցող մարդոց մեծամասնութեան նման էք, ձեր ախտանիշները կը սկսին աշնան եւ կը շարունակուին ձմրան ամիսներուն` խլելով ձեր ներուժը եւ ստիպելով ձեզի տրամադրութեան փոփոխութիւններ ունենալ: Աւելի քիչ յաճախ SAD-ը ընկճուածութիւն կը յառաջացնէ գարնան կամ ամրան սկիզբը:
SAD-ի բուժումը կրնայ ներառել լուսային բուժում (phototherapy) (1), դեղեր եւ հոգեբուժում:
Պէտք չէ անտեսել ամէնամեայ այդ զգացողութիւնը եւ համարել զայն պարզ ու անցողիկ դէպք մը, որ կը յաղթահարուի օրերու ընթացքին: Ձեռնարկեցէք քայլերու` ձեր տրամադրութիւնը կայուն ու բարձր պահելու համար ամբողջ տարուան ընթացքին:
Ախտանիշներ
Շատ մը պարագաներու եղանակային յուզման խանգարման ախտանիշները ի յայտ կու գան ուշ աշնան կամ ձմրան սկիզբին եւ կ՛անհետանան գարնան ու ամրան արեւոտ օրերուն: Աւելի հազուադէպ ձեւով մարդիկ կ՛ունենան ախտանիշներ, որոնք կը սկսին գարնան կամ ամրան: Երկու պարագաներուն ալ ախտանշանները կրնան սկսիլ թեթեւ եւ եղանակի յառաջընթացին հետ աւելի սուր դառնալ:
SAD-ի նշաններն ու ախտանիշներէն են.
- Օրուան մեծ մասը, գրեթէ ամէն օր, ընկճուածութեան զգացում,
- Անցեալին վայելած աշխատանքներու կամ վարժութիւններու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կորսնցնել,
- Վատ ներուժ ունենալ,
- Քունի հետ կապուած խնդիրներ,
- Ախորժակի կամ ծանրութեան փոփոխութիւններ,
- Ծուլութեան կամ գրգռուածութեան զգացում,
- Կեդրոնացումի դժուարութիւն,
- Յուսահատ, անարժէք կամ մեղաւոր զգալ,
- Մահուան կամ ինքնասպանութեան յաճախակի մտքեր ունենալ:
Աշնանային եւ ձմեռնային SAD
Ձմեռնային SAD-ին բնորոշ ախտանիշները կրնան ներառել`
- Չափազանց քնկնոտութիւն,
- Ախորժակի փոփոխութիւններ, յատկապէս` ածխաջուրերով (carbohydrates) հարուստ սննդեղէններու հանդէպ մեծ փափաք,
- Գիրութիւն,
- Յոգնածութիւն:
Գարնան եւ ամրան SAD
- Ախտանիշները կրնան ներառել`
- Քունի խանգարում (անքնութիւն),
- Վատ ախորժակ,
- Ծանրութեան կորուստ,
- Գրգռուածութիւն կամ անհանգստութիւն:
Ե՞րբ դիմել բժիշկի
Բնական է` քանի մը օր դուք ձեզ վատ զգաք: Բայց եթէ անընդհատ տխուր կը զգաք եւ չէք կրնար ըլլալ աշխուժ` կատարելու համար այնպիսի գործողութիւններ, որոնք սովորաբար ձեզի հաճելի կը թուէին, դիմեցէք ձեր բժիշկին: Ասիկա յատկապէս կարեւոր է, եթէ ձեր քունի կանոնակարգը կամ ուտելու ախորժակը փոխուած է, երբ կը դիմէք ալքոլային խմիչքներու` հանգստանալու համար, յուսահատ կը զգաք, կամ կը մտածէք ինքնասպանութեան մասին:
Պատճառները
Եղանակային յուզման խանգարման ճշգրիտ պատճառը կը մնայ անյայտ: Սակայն կարելի է նշել որոշ գործօններ, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ: Անոնցմէ են.
- Ձեր կենսաբանական ժամացոյցը (Biological clock).– Աշնան եւ ձմրան արեւի լոյսի նուազման մակարդակը կրնայ յառաջացնել ձմեռնային SAD: Արեւի լոյսի այս նուազումը կրնայ խաթարել ձեր մարմնին ներքին ժամացոյցը, եւ այդ մէկը կրնայ յանգիլ ընկճուածութեան:
- Սերոթոնինի մակարդակը.– Անկումը սերոթոնինի, որ ուղեղի քիմիական նիւթ մըն է, եւ կ՛ազդէ տրամադրութեան վրայ, կրնայ մեծ դեր խաղալ SAD-ի հիւանդութեան մէջ: Արեւի լոյսին նուազումը կրնայ յառաջացնել սերոթոնինի անկում, եւ այդ մէկը կրնայ յառաջացնել ընկճուածութիւն:
- Մելաթոնինի մակարդակը.– Եղանակի փոփոխութիւնը կրնայ խաթարել մարմնի մելաթոնինի մակարդակի հաւասարակշռութիւնը, որ մեծ դեր կը խաղայ քունի ժամանակներու եւ տրամադրութեան վրայ: (Մելաթոնինը ի պատասխան մթութեան` ուղեղի կողմէ արտադրուող հորմոն մըն է: Ան կ՛օգնէ կենսաբանական ժամանակացոյցը կարգաւորելու (24-ժամուան ներքին ժամացոյցը) եւ քնանալու: Գիշերը լոյսի ենթարկուիլը կրնայ արգելափակել մելաթոնինի արտադրութիւնը):
Վտանգի գործօններ (Risk factors)
Եղանակային յուզման խանգարումը կիներու մօտ աւելի յաճախ կ՛ախտորոշուի, քան` տղամարդոց: Եւ SAD-ը աւելի յաճախ տեղի կ՛ունենայ երիտասարդներու մօտ, քան` տարեցներու:
Խանգարման վտանգի գործօններէն են`
- Ընտանիքի պատմութիւն,
- Ծանր ընկճուածութիւն (major depression) կամ երկբեւեռ խանգարում,
- Հասարակած գիծէն (equator) հեռու ապրիլը:
Կը թուի, թէ SAD-ը աւելի տարածուած է այն մարդոց մօտ, որոնք կ՛ապրին հասարակածէն շատ հիւսիս կամ հարաւ: Այդ մէկը կապուած է այնտեղ ձմրան արեւի լոյսի նուազ ժամերուն եւ ամառնային ամիսներուն աւելի երկար օրերուն:
Բարդութիւններ
Խանգարման բարդութիւններէն են`
- Ընկերային շրջանակներէ հեռացում,
- Դպրոցական կամ աշխատանքային խնդիրներ,
- Թմրանիւթերու կամ վնասակար նիւթերու չարաշահում,
- Հոգեկան առողջութեան այլ խանգարումներ, ինչպիսիք են` անհանգստութիւնը կամ ուտելու խանգարումները,
- Ինքնասպանութեան միտքեր կամ վարքագիծ:
Ախտորոշում
Նոյնիսկ մանրակրկիտ գնահատմամբ, երբեմն կրնայ դժուար ըլլալ ձեր բժիշկին կամ հոգեկան առողջութեան մասնագէտին համար ախտորոշել Եղանակային յուզման խանգարումը, որովհետեւ ընկճուածութեան այլ տեսակներ կամ հոգեկան առողջութեան այլ պայմաններ կրնան յառաջացնել նմանատիպ ախտանիշներ:
SAD-ի ախտորոշման օգնելու համար կրնան կատարուիլ հետեւեալ քննութիւնները.
- Ֆիզիքական քննութիւն,
- Տարրալուծարանային քննութիւններ,
- Հոգեբանական արժեւորում:
Բուժում
Եղանակային յուզման խանգարումներու բուժումը կրնայ ներառել լուսային, հոգեկան եւ դեղորայքային բուժում: Եթէ երկբեւեռ խանգարում (Bipolar Disorder) ունիք (հոգեկան խանգարման տեսակ մը), ըսէք ձեր հոգեկան առողջութեան մասնագէտին. այս մէկը կարեւոր է գիտնալ լուսային բուժման կամ հակաընկճուածութեան դեղեր նշանակած ժամանակ:
Լուսային բուժում
Լուսային բուժման ժամանակ, որ նաեւ կը կոչուի ֆոթոթերափի, անձը կը նստի յատուկ լուսամփոփէ մը քանի մը ոտնաչափ հեռաւորութեան վրայ, որպէսզի ամէն օր արթննալէ ետք առաջին ժամուան ընթացքին ենթարկուի պայծառ լոյսի: Լոյսի բուժումը կ՛ընդօրինակէ բնական բացօթեայ լոյսը (արեւը) եւ, ըստ երեւոյթին, կը յառաջացնէ ուղեղի քիմիական նիւթերու փոփոխութիւն` տրամադրութեան հետ կապուած:
Լուսային բուժումը աշնանային SAD-ի առաջին գիծի բուժումներէն մէկն է: Այս մէկը սովորաբար կը սկսի գործել քանի մը օրէն մինչեւ քանի մը շաբաթ յետոյ եւ շատ քիչ կողմնակի բարդութիւններ կը յառաջացնէ: Լոյսի բուժման վերաբերեալ հետազօտութիւնները սահմանափակ են, բայց կը թուի, որ արդիւնաւէտ ձեւ մըն է ախտանիշներէն ազատելու մարդոց մեծամասնութեան համար:
Նախքան լուսամփոփ գնելը` խօսեցէք ձեր բժիշկին հետ ու ծանօթացէք տարբեր հնարաւորութիւններու եւ տարբերակներու մասին, որպէսզի գնէք բարձրորակ արտադրանք, որ անվտանգ է եւ արդիւնաւէտ: Հարցուցէք նաեւ, թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պէտք է օգտագործել լուսամփոփը:
Հոգեբուժում
Հոգեբուժումը, որ նաեւ կը կոչուի խօսակցական բուժում, SAD-ի բուժման մէկ այլ տարբերակն է: Հոգեկան բուժման տեսակ մը, որ յայտնի է որպէս «ճանաչողական վարքային բուժում», կրնայ օգնել ձեզի`
- Սորվելու SAD-ի դէմ պայքարելու առողջ ուղիներ, յատկապէս` «խուսափելու» վարքագիծէն ձերբազատելու եւ իմաստալից գործողութիւններ ծրագրելու համար,
- Բացայայտելու եւ փոխելու բացասական միտքերը, որոնք կրնան ձեզ աւելի վատ զգացնել,
- Իմանալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կառավարել ճնշումը (սթրեսը),
- Ստեղծելու առողջ վարքագիծ, ինչպիսիք են` ֆիզիքական գործունէութեան յաւելումը եւ քունի կարգի բարելաւումը:
Դեղորայքային բուժում
SAD-ով որոշ մարդիկ կ՛օգտուին հակաընկճումային բուժումէն, յատկապէս երբ ախտանիշները ծանր են:
Հակաընկճուածութեան Bupropion դեղի երկարաժամկէտ տեսակը (extended release) (Wellbutrin XL, Aplenzin) կրնայ օգնել կանխելու ընկճուածութիւնը SAD ունեցող մարդոց մօտ: Այլ հակաընկճումային դեղեր նոյնպէս կարելի է գործածել SAD-ի բուժման համար:
Ձեր բժիշկը կրնայ խորհուրդ տալ սկսելու հակաընկճուածութեան բուժումը նախքան ձեր ախտանիշները սկսիլը: Ան կրնայ նաեւ խորհուրդ տալ, որ դուք շարունակէք սպառել դեղը, երբ ձեր ախտանիշները կ՛անհետանան:
Դեղերու լիարժէք օգուտները ստանալը ժամանակի կը կարօտի (թերեւս` քանի մը շաբաթ):
Կենսակերպ եւ տնային միջոցներ
Ի յաւելումն այս բոլորին, կարելի է դիմել հետեւեալ քայլերուն.
- Ձեր միջավայրը աւելի արեւոտ ու լուսաւոր դարձնել,
- Աւելի յաճախ դուրս գալ տունէն,
- Մարզանքը ձեր առօրեային մէկ բաժինը դարձնել,
- Քունի ժամերը դասաւորել,
- Կառչած մնալ ձեր բուժման ծրագրին,
- Վայելել ընկերային միջավայրը,
- Պտոյտ մը կատարել:
(1) Լուսային բուժում.- բժշկական բուժում մը, երբ բնական կամ արհեստական լոյսը կ՛օգտագործուի առողջական վիճակը բարելաւելու համար: Բուժումը կրնայ ներառել ծորնական (fluorescent) եւ աղածին (halogen) լամբեր, արեւի լոյս կամ լուսարձակող տիոտներ (LED):
Աղբիւր` Mayo Clinic
Աքիլլէսը Եւ Աքիլլէսի Ձգանը
(Achilles And Achilles Tendon)
Մարտիկ Աքիլլէսը յունական դիցաբանութեան մեծագոյն հերոսներէն է: Ըստ առասպելին, Աքիլլէսը անսովոր ուժեղ էր, խիզախ եւ հաւատարիմ, բայց ան ունէր մէկ խոցելի կէտ` իր «աքիլլէսեան կրունկը» կամ «ձգանը»: Հոմերոսի «Իլիական» վէպը կը պատմէ անոր արկածներուն մասին Տրովադայի պատերազմի (Trojan War) վերջին տարուան ընթացքին:
Աքիլլէս. կանուխ ժամանակներու կեանքը
Ինչպէս դիցաբանական հերոսներուն մեծ մասը, Աքիլլէսը ունէր բարդ տոհմածառ: Անոր հայրը Փէլէոսն էր` միրմիտոններուն մահկանացու թագաւորը. ժողովուրդ մը, որ, ըստ առասպելին, արտասովոր ձեւով անվախ եւ հմուտ զինուորներէ կազմուած էր: Աքիլլէսի մայրը Թեթիսն էր` նիրեւուհի(1) մը (Nereid):
Ըստ առասպելներուն եւ աւանդութիւններուն, որոնք կազմուած են «Իլիական»-էն երկար ժամանակ անց, Թեթիսը անսովոր մտահոգուած էր իր որդիին մահացութեամբ: Ան կ՛ընէր ամէն ինչ, որպէսզի ան անմահանայ: Ամէն գիշեր կ՛այրէր զայն կրակի վրայ, ապա անոր վէրքերուն ամպրոսիայի օծանելիք(2) կը քսէր: Կը սուզէր զայն Ստիքս գետին մէջ, որուն ջուրերը, ինչպէս կ՛ըսէին, աստուածներու անխոցելիութիւն կը պարգեւէին: Այնուամենայնիւ, երբ ան թաթխեց զայն գետին մէջ, ան ամուր բռնած էր անոր ոտքէն. այնքան ամուր, որ ջուրը երբեք չդպաւ անոր կրունկին: Որպէս արդիւնք` Աքիլլէսը այնտեղէն միայն մնաց խոցելի:
Երբ ան 9 տարեկան էր, բախտագուշակը կանխագուշակեց, որ Աքիլլէսը հերոսաբար պիտի մահանայ տրովադացիներու դէմ ճակատամարտի ժամանակ: Երբ Թեթիս լսեց այս մասին, ծպտեց Աքիլլէսը աղջկան կերպարանքով եւ ուղարկեց զայն ապրելու Եգէական ծովի Սքիրոս կղզիին մէջ: Այնուամենայնիւ, Աքիլլէսի ճակատագիրը մեծ ռազմիկ ըլլալն էր, եւ ան շուտով ձգեց Սքիրոսը եւ միացաւ յունական բանակին:
Սակայն, երբ Հոմերոս գրեց «Իլիականը» ՔԱ մօտ 720 թուականին, ընթերցողները եւ ունկնդիրները տեղեակ չէին այս բոլորէն: Անոնք միայն գիտէին, որ Աքիլլէսը մեծ հերոս էր, որ` ան գերմարդկային ուժ ու քաջութիւն ունէր, եւ որ` ան անսահման գեղեցիկ էր: Հոմերոս նկարագրեց աւելի նրբերանգ պատկեր մը. բացի այս յատկութիւններէն` անոր Աքիլլէսը վրիժառու էր, արագ կը զայրանար եւ դիւրաբորբոք էր, երբ չհասնէր իր նպատակին: Ան նաեւ խորապէս հաւատարիմ էր եւ ամէն ինչ կը զոհաբերէր իր ընկերներուն եւ ընտանիքին համար:
Աքիլլէս. Տրովադայի պատերազմը (The Trojan War)
Ըստ առասպելին, Տրովադայի պատերազմը սկսաւ, երբ չաստուած-արքայ Զեւսը որոշեց նուազեցնել Երկրի մահկանացու բնակչութեան թիւը` պատերազմ կազմակերպելով յոյներուն (Հոմերոս զանոնք կ՛անուանէ աքայացիներ (Achaeans) եւ տրովադացիներուն միջեւ: Ան այդ մէկը ըրաւ` խառնուելով անոնց քաղաքական եւ զգացական գործերուն: Աքիլլէսի ծնողներուն հարսանեկան խնճոյքի ժամանակ Զեւս հրաւիրեց Տրովադայի արքայազնը` Պարիս անունով երիտասարդ մը, որպէս դատախազ` Հերա, Աթենաս եւ Աֆրոտիթ չաստուածուհիներու գեղեցկութեան մրցոյթին: Չաստուածուհիներէն իւրաքանչիւրը սիրաշահելու համար կաշառք կ՛առաջարկէր Պարիսին: Աֆրոտիթը ամենագրաւիչն էր, ան խոստացաւ երիտասարդ արքայազնին տալ աշխարհի ամենագեղեցիկ կինը: Ցաւօք, խնդրոյ առարկայ կինը` Հելենը` Զեւսի դուստրը, արդէն ամուսնացած էր ուրիշի մը հետ` Սպարտայի թագաւոր Մենելաւոսի հետ: Աֆրոտիթի յորդորով Պարիս գնաց Սպարտա, գրաւեց Հելենի սիրտը եւ զայն, Մենելաւոսի ամբողջ հարստութեան հետ միասին, տարաւ Տրովադա:
Մենելաւոսը երդում ըրաւ վրէժ լուծել: Ան հաւաքեց Յունաստանի մեծագոյն ռազմիկներու բանակը, ներառեալ` Աքիլլէսը եւ անոր միրմիտոնները(3), եւ ուղղուեցաւ նուաճելու Տրովադան եւ վերադարձնելու իր կնոջը: Ըստ Հոմերոսի, այս պատերազմը տեւեց 10 արիւնալի տարիներ:
Աքիլլէս. Իլիականը
Աքիլլէսը` վէպին գլխաւոր հերոսը, երբեմն ղեկավարած է ճակատամարտերը: Ան մեծ յաջողութիւններու հասած է:
Ան անպարտելի էր մարտի դաշտին մէջ, սակայն պատերազմը ինքնին փակուղի էր:
Հոմերոսի պատմութիւնը, սակայն, կը կեդրոնանայ մէկ այլ հակամարտութեան վրայ` ներքին վէճը հերոսին եւ արքայական զօրքերու առաջնորդ Ակամեմնոնի` Մենելաւոսի եղբօր միջեւ: Ճակատամարտի մը մէջ, որ տեղի ունեցաւ վէպին սկիզբը աւելի առաջ Ակամեմնոնը հարճ(4) առած էր երիտասարդ տրովադացի կին մը` Քրիսէիս անունով: Քրիսէիսի հայրը` Ափոլլօ չաստուածի քահանան, փորձեց գնել իր դստեր ազատութիւնը, սակայն Ակամեմնոն ծաղրեց անոր աղաչանքները եւ հրաժարեցաւ աղջիկը ազատ արձակելէ:
Զայրացած Ափոլլոն պատժեց յունական զօրքերը` ժանտախտ ուղարկելով զինուորներուն` զանոնք հերթով սպաննելու համար: Որովհետեւ զօրքին շարքերը կը նօսրանային, Ակամեմնոն վերջապէս թոյլ տուաւ Քրիսէիսին վերադառնալու իր հօր մօտ: Այնուամենայնիւ, ան փոխարինող հարճ պահանջեց Աքիլլէսի հարճը` տրովադացի արքայադուստր Պրեսէիսը:
Աքիլլէսը ըրաւ այնպէս, ինչպէս խնդրեց իր հրամանատարը եւ հրաժարեցաւ իր հարճէն: Այնուհետեւ ան յայտարարեց, որ այլեւս պիտի չկռուի Ակամեմնոնի կողքին: Ան հաւաքեց իր ունեցուածքը եւ հրաժարեցաւ վրանէն դուրս գալէ:
Երբ յոյներու ամենամեծ ռազմիկը դուրս եկած էր մարտի դաշտէն, ալիքը սկսաւ շրջուիլ յօգուտ տրովադացիներու: Յոյները իրարու ետեւէ սկսան պարտութիւններ կրել: Ի վերջոյ Աքիլլէսի լաւագոյն ընկերը` զինուոր Փաթրոքլէսը, կրցաւ փոխզիջման մը գալ. Աքիլլէսը պիտի չկռուէր, բայց թոյլ պիտի տար Փաթրոքլէսին օգտագործելու իր զէնքերու զրահը` քողարկուած ձեւով: Այդպէս, տրովադացիները կը կարծեն, որ Աքիլլէսը վերադարձած է ռազմաճակատ եւ վախէն կը սկսին նահանջել:
Այս մարտավարութիւնը տեւեց ու օգնեց մինչեւ այն ժամանակ, երբ Ափոլոն, որ դեռ կ՛եռար Քրիսէիսի եւ անոր հօր հանդէպ Ակամեմնոնի վերաբերմունքին պատճառով, միջամտեց տրովադացիներու անունով: Ան օգնեց տրովադացի արքայազն Հեկտորին` գտնելու եւ սպաննելու Փաթրոքլէսը:
Աքիլլէսը երդում ըրաւ վրէժ լուծել: Թեթիսը աստուածային դարբին Հեփեսթոսէն խնդրեց պատրաստել սուր եւ վահան, զորս ապահով կը պահէին զայն: Աքիլլէս հալածեց Հեկտորը դէպի Տրովադա` ամբողջ ճանապարհին կոտորելով տրովադացիները: Երբ անոնք հասան քաղաքի պարիսպներուն, Հեկտոր փորձեց հաշտուիլ ու բանակցիլ զինք հետապնդողին հետ, սակայն այդ բոլորը Աքիլլէսը չէին հետաքրքրեր: Ան սուրով հարուածեց Հեքթորի կոկորդին` սպաննելով զայն:
Հեկտոր աղաչած էր, որ պատուաւոր ձեւով թաղեն զինք Տրովադայի մէջ, բայց Աքիլլէս վճռած էր նուաստացնել իր թշնամին նոյնիսկ թաղման կարգով: Ան Հեկտորին մարմինը քաշել տուաւ իր կառքի ետեւէն մինչեւ աքայացիներու վրանները եւ նետեց զայն աղբակոյտի վրայ: Այնուամենայնիւ, վէպի վերջին հատուածին մէջ Աքիլլէս վերջապէս կը զիջի. ան Հեկտորին մարմինը կը վերադարձնէ հօրը` պատշաճ թաղման համար:
Աքիլլէսի ճակատագիրը
«Իլիական»-ին մէջ Հոմերոս չի խօսիր Աքիլլէսի վախճանին մասին: Ըստ աւելի ուշ առասպելներու (եւ Հոմերոսի «Ոդիսական»-ի պատառիկներու), Հեկտորի յուղարկաւորութենէն ետք ռազմիկը վերադարձած է Տրովադա` Փաթրոքլէսի մահուան հետագայ վրէժը լուծելու համար: Այնուամենայնիւ, վրէժխնդիր Ափոլլոն ըսաւ Հեկտորի եղբօր` Պարիսին, որ Աքիլլէսը կու գայ: Իսկ Պարիսը, որ քաջ մարտիկ չէր, դարանակալեց Աքիլլէսը, երբ ան կը մտնէր Տրովադա: Ան իր նետը արձակեց իր թշնամիին այնպիսի տեղ մը, ուր Ափոլլոն պատուիրած էր իրեն` գիտնալով, որ այնտեղ խոցելի կէտ մըն էր Աքիլլէսին համար. Աքիլլէսի կրունկին, ուր մօր ձեռքերը այնտեղ ըլլալով, արգելք կը դառնային Սթիքսի ջուրերուն այնտեղ դպնալուն. Աքիլլէսը մահացաւ տեղւոյն` մարտի դաշտին մէջ անպարտելի մնալով:
***
Աքիլլէսեան կրունկը (ձգանը)
մարդկային անդամազննութեան մէջ
Աքիլլէսի ձգանը (tendon) թելքաւոր հիւսուածքի (tissue) բաժին մըն է, որ ձկնամկանը (calf) կը կապէ կրունկոսկրին (calcaneus): Աքիլլէսի ձգանը նաեւ կը կոչուի կրունկոսկրի ձգան:
Gastrocnemius եւ soleus մկանները (սրունքի մկանները) կը միաւորուին հիւսուածքի մէկ շերտի մէջ, որ կը դառնայ աքիլլէսեան ձգանը: Աքիլլէսի ձգանը այնուհետեւ կը կապուի կրնկոսկրին հետ: Հեղուկով լեցուն փոքր պարկեր, որոնք կը կոչուին bursae, կը ծածկեն ու կը պաշտպանեն աքիլլէսեան ձգանին ծայրամասը:
Աքիլլէսի ձգանը մարմնի ամենամեծ եւ ամենաուժեղ ձգանն է: Երբ սրունքի մկանները ծալուին (flex), Աքիլլէսի ձգանը կը քաշէ կրունկը: Այս շարժումը թոյլ կու տայ մեզի` կենալ մատներու վրայ, քալել, վազել եւ ցատկել: Հակառակ իր ուժին, Աքիլլէսի ձգանը նոյնպէս խոցելի է վնասուածքներու համար` արեան սահմանափակ մատակարարման եւ անոր վրայ դրուած բարձր ճնշումին պատճառով:
Գիտէ՞ք, թէ
Այսօր մենք կ՛օգտագործենք «աքիլլէսեան կրունկը» արտայայտութիւնը` հզօր մարդու ճակատագրական տկարութիւնը նկարագրելու համար:
(1) Նիրեւուհի.– Յունական դիցաբանութեան մէջ նիրեւուհիները ծովային չաստուածուհիներ են` «Ծովային ծերուկի»` Ներոսի, եւ Ովկիանոսեան Տորիսի 50 դուստրերը, իրենց եղբօր` Ներիթէսի քոյրերը: Անոնք յաճախ կ՛ուղեկցին Պոսիտոնին` ծովերու չաստուածին, եւ կրնան ընկերասէր ըլլալու, օգտակար դառնալ նաւաստիներուն:
(2) Ամպրոսիայի օծանելիք.- Հին յունական առասպելներուն մէջ ամպրոսիան յունական չաստուածներու կերակուրն է կամ ըմպելիքը, որ յաճախ պատկերուած է երկարակեցութիւն կամ անմահութիւն պարգեւող նիւթ: Զայն չաստուածներու մօտ կը բերէին Ողիմպոսի մէջ աղաւնիները:
(3) Միրմիտոն.- Յունական դիցաբանութեան մէջ միրմիտոնները հին յունական ցեղ մըն էին: Հոմերոսի «Իլիական» վէպին մէջ անոնք Աքիլլէսի հրամանատարութեան տակ կռուող զինուորներն էին: Իսկ ներկայ իմաստով միրմիտոնը հզօր մարդու հետեւորդ կամ ենթակայ կը նշանակէ: Սովորաբար անբարեխիղճ անձ մը, որ պատուէրները անառարկելի ձեւով կը կատարէ:
(4) Հարճ.- Բազմակին մարդու երկրորդական կին, ոչ օրինաւոր կին:
Աղբիւր`
– History.com
– WebMd