ՄԱՆՈՒԷԼ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆ
Թերեւս առաջին գաղափարը, որ մեր միտքը կու գայ այս վերնագիրը կարդալէն ետք, Վարդանանց ճակատամարտն է, կամ որեւէ ազատագրական շարժում կամ պայքար, սակայն այս «մահ»-ը եւ «ազատութիւն»-ը այլ բան կ՛ակնարկեն, թէպէտ իրօք պայքարի մը եւ մահուան հարց մը կայ, սակայն` ուրիշ ձեւի տակ…
21 փետրուար 2020. տարօրինակ վլվլուկ, հիւանդատարի շչակ, անընդհատ լուրեր, թերթեր, ծանուցումներ… «Քորոնա»…
Շուրջ 2 տարի` նոյն պատկերը…
Հիւանդանոցներու իրարանցում, սակաւ անկողիններ, ամէնօրեայ հազարաւոր վարակուածներ, անհասանելի վիճակներ, թթուածին, շտապ օգնութիւն եւ մահ…
Շուրջ 2 տարի անցաւ, եւ տակաւին բան չէ փոխուած. զարթնումի հազարաւոր շարժումներ, անթիւ լրատուական պայքարներ, հանդիպումներ, ժողովներ, եւ տակաւին կայ մեծ զանգուած մը, որ կը հաւատայ դաւադրական տեսութիւններու, անտրամաբանական համոզումներու եւ համաշխարհային մեքենայութեան մը:
Սիրելի՛ բարեկամ, եթէ քեզ կը մտահոգեն «գաղտնի ուժեր»-ը, հաւատա՛, կան շատ աւելի «մեծ ծրագիրներ», որոնք զիրենք կը հետաքրքրեն, քան` իմ եւ քու կեանքդ: Եթէ քեզ կը մտահոգէ քեզ հետապնդելն ու բոլոր տեղեկութիւններուդ տիրանալը, արդէն դուն այդ բոլորը կը տարածես ընկերային ցանցերու վրայ` ամէն վայրկեան բան մը բաժնեկցելով:
Սիրելի՛ բարեկամ, ա՛լ հերիք է այս մտածելակերպը:
Պատուաստուողներու թիւը մինչեւ 27 յունուար 2022 թուական կը կրէր հետեւեալ պատկերը. 2.576.963 (Ա. ներարկում) եւ 2.126.804 (Բ. ներարկում), այսինքն` 47,3 տոկոս եւ 39 տոկոս: Երկու պարագաներն ալ Լիբանանի բնակչութեան կէսն իսկ չեն ամբողջացներ. լա՛ւ, ինչո՞ւ այս աղքատիկ պատկերը, երբ պատուաստը առատօրէն եւ անվճար տրամադրուած է: Ինչո՞ւ այս ուշացումը, երբ գրեթէ ամէն օր պատուաստուելու դրութիւնը կայ, պատասխանը` «Ես ազատ եմ», «Իմ ազատութեանս կաշկանդում է այս մէկը» եւ վերջապէս` «Իմ իրաւունքս է»: Իրաւունք `«ոչ» ըսելու պատուաստին եւ «ոչ» ըսելու համաշխարհային ժահրի մը փարատման…
Բարեկա՛մ, համամիտ եմ ըսածիդ, համաձայն եմ գաղափարիդ, սակայն պէտք է մէկ բանի անդրադառնաս, այն օրը, որ քու ազատութիւնդ կը սկսի բախիլ իմ ազատութեանս հետ եւ վտանգի մատնել իմ առողջութիւնս կամ, աւելի՛ն, խլէ իմ ապրելու իրաւունքս, հոն քու ազատութիւնդ կը դադրի եւ կը սկսի ամփոփուելու…
Մենք բոլորս իրարու հետ կը կազմենք մէկ հսկայ հաւաքականութիւն մը եւ չենք կրնար այդ հաւաքականութիւնը քանդել կամ վտանգի ենթարկել. այնպէս չէ, որ իւրաքանչիւրս կ՛ապրինք մինակ անապատներու մէջ եւ կամ կղզիներու վրայ, հետեւաբար պէտք է քաջ գիտնանք, որ այս ազատութեան հարց չէ, այլ` ուղղակի կեանքի կամ մահուան…
Իմ իրաւունքս է ապրիլ, ինչպէս նաեւ` քու, իմ իրաւունքս է ծնողքիս ներկայութիւնը վայելել, որքան որ կրնամ: Մեր զաւակներուն իրաւունքն է մեծնալ հայրով ու մայրով, ինչպէս` նաեւ քու:
Ի վերջոյ մեր բոլորին իրաւունքն է ապրի՛լ եւ առողջ կեանք մը ունենալ:
Հետեւաբար ինչո՞ւ այս զառանցումը, ինչո՞ւ այս հակաճառութիւնը, ինչո՞ւ այս մտահոգիչ իրավիճակը: Գուցէ պիտի չուզէի՞ր, որ ամէն ինչ վերադառնայ իր բնականոն ընթացքին, պիտի չուզէի՞ր դարձեալ հանգիստ ամէնուրեք շրջիլ, պիտի չփափաքէի՞ր, որ ա՛լ այդ մտավախութիւնը չապրիլ ամէն անգամ, երբ պարզ հարբուխ մը ունենայիր. ուրեմն ինչո՞ւ յետաձգել այդ երազը, ինչո՞ւ խաթարել այդ տեսլականը:
«Քորոնա»-ն կատակ չէ՛:
Անգամ մը եւս կը գրենք եւ դարձեալ նոյն նիւթը արծարծելով` կը խնդրենք: Ակնթարթի մը համար վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր մօտեցումն ու գաղափարախօսութիւնը եւ պիտի տեսնէք, որ շատ բան անտեսեր էք…
Կատակ չէ «Քորոնա»-ն, երբ տեսնէք հազարաւոր մարդիկ հիւանդանոցներու դուռը ինկած` ազատ սենեակի մը կը սպասեն, կատակ չէ «Քորոնա»-ն, երբ ուրիշներ հիւանդանոցի անկողիններուն յանձնուած` կենաց-մահու պայքարը կը մղեն, կատակ չէ «Քորոնա»-ն, երբ հազարաւոր անհատներ իրենց սիրելիներուն հրաժեշտ կու տան, որովհետեւ չկրցան գումարը ապահովել` զանոնք հիւանդանոց տանելու կամ ալ տունը բուժելու:
Այն ատեն պիտի տեսնէք, որ արդէն իսկ շատ ուշ ենք, արդէն պիտի զգանք, որ մեր շրջապատին շատ բան զլացեր ենք, շատեր հաւանական վտանգի ենթարկելով, իսկ ուրիշներ հողին յանձնելով` այն ատեն պիտի անդրադառնանք, որ փոխանակ կանխարգիլելու այս պատուհասը` մենք նախաձեռնեցի՛նք անոր «գալուստին»:
Ի՞նչ ազատութիւն է այս, երբ մահը անդին կեցած` կը սպասէ, որ «յարմար» առիթը գայ եւ մեզ «ձերբակալէ»: Ի՞նչ իրաւունք է այս, որ նոյն ատեն իրաւունք կու տայ մահուան, որ ցանկացած ատեն յարձակի եւ «ահաբեկէ» մեզ: Վերջապէս, ինչպիսի՞ կեանք է աս, երբ մահը որեւէ ատեն կրնայ ներս խուժել եւ «յափշտակել» մեզ:
Լաւ մտածենք եւ պատասխանատու քաղաքացի, ընկեր եւ ընտանիքի անդամ ըլլանք: Արդէն Լիբանան կը տառապի եւ իրեն հետ կը տառապեցնէ շատերս, բոլորս, սակայն` տակաւին ի՞նչ: Արդեօք մեր անձնական, ընտանեկան, տնտեսական, հոգեկան եւ ընկերային հարցերը բաւարար չե՞ն, մեր ամէնօրեայ մարտահրաւէրները մեր կարողութենէն արդէն իսկ վեր չե՞ն. լա՛ւ, ինչո՞ւ անոնց վրայ այս ալ աւելցնել, ինչո՞ւ բազմապատկել արդէն իսկ բազմապատկուած խնդիրները:
Մտածե՛նք: Ա՛լ բաւ է, դանակը ոսկորին հասեր է, երկիրը հոգեվարքի պահեր կ՛ապրի, դեռ` ի՞նչ: Եկէք` գէթ մէկ խնդիր մը լուծենք, որովհետեւ այդ մեր ձեռքն է, եւ կրնանք լուծել, եկէք` այսօր որոշենք, որ մե՛նք պիտի բերենք փոփոխութիւնը եւ քաջալերենք պատուաստուիլը, խօսինք մեր ազգականներուն, դրացիներուն, բարեկամներուն, առիթներ գտնենք պարզելու այս շատ պարզ, դիւրին եւ ձրի լուծումը` պատուաստումը:
Մնացէք ապահով, եղէք զգուշ եւ մնացէք դիմակներով: Բարի՛ ապաքինում:


