Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Երեւանի համար կարեւոր է ճիշդ գնահատել յարաբերութիւնները բարելաւելու կարելիութիւնը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է հինգշաբթի օր` Անգարայի նախագահական Չանքայա նստավայրին մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի բռնագրաւած հողերուն ազատագրումէն ետք, Անգարան սկսած է Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: Որպէսզի ձեռնարկուած քայլերը յանգին ակնկալուող արդիւնքներուն, կարեւոր է, որ Հայաստանը ճիշդ գնահատէ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան կարելիութիւնը», ըսած է Էրտողան: