Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Կողմնակից Ենք Սահմանազատման Յանձնախումբի Շուտափոյթ Ստեղծման, Եւ Այդ Հարցով Հայաստանի Առաջարկները Պիտի Յանձնենք Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Լաւրով

January 15, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական դիւանագիտութեան արդիւնքներուն նուիրուած ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան կողմնակից է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման շուտափոյթ մեկնարկին: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Այդ հարցը չի վերաբերիր Լեռնային Ղարաբաղին եւ շրջանի խնդիրներուն, ատիկա երկկողմանի հարց է, որ մենք արդէն մէկ տարի է կ՛առաջարկենք մշակելու սկսիլ», ըսած է Լաւրով:

Անոր համաձայն, Ռուսիան Ազրպէյճանին պիտի յանձնէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման հարցով յանձնախումբ ստեղծելու մասին Հայաստանի առաջարկները:

«Երէկ ես կը խօսէի հայ պաշտօնակիցիս հետ, որ նոր առաջարկներ ունի. մենք զանոնք պիտի յանձնենք Պաքուին: Պիտի տեսնենք` ինչպէս ընել, որ յանձնախումբը գործարկուի կարելի եղածին չափ շուտ», աւելցուցած է դիւանագէտը:

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Սահմանազատման Հարցով Յանձնախումբ Ստեղծելու Շուրջ Բանաւոր Համաձայնութի՞Ւն Գոյացած Է

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցով յանձնախումբ ստեղծելու մասին բանաւոր համաձայնութիւն գոյացած է: «Թերթ» կը նշէ, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի Միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծութեան կեդրոնի նախագահ Ֆարիտ Շաֆիեւ:

«Կը կարծեմ, որ պէտք է փաստաթուղթ ստորագրուի սահմանազատման մասին: Կ՛ենթադրեմ, որ այս տարի մենք պիտի չկրնանք հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի առնչուած ընդհանուր փաստաթուղթի ստորագրման: Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը քուէարկած է Նիկոլ Փաշինեանի օգտին: Սակայն ամէն երրորդը դէմ է անոր: Ատիկա պէտք է հաշուի առնել: Հայաստանի մէջ որոշ կառոյցներ չեն աջակցիր Փաշինեանի քաղաքականութեան», ընդգծած է ան:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Խորհուրդներ Տուած Է Հայաստանին

Յաջորդը

Հայաստանի Տաճիկիստանի Եւ Խըրխըզիստանի Խաղաղապահ Ուժերը Կը Վերադառնան Իրենց Երկիրները

RelatedPosts

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Անհետ Կորսուած Ազրպէյճանցիներու Ճակատագիրի, Զանգուածային Ու Անհատական Թաղման Վայրերու Վերաբերեալ Ամբողջական Տեղեկութիւն Տրամադրէ»

October 8, 2026
Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.