Երէկ` երկուշաբթի, 10 յունուարին, Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցան Անդրանիկ Մարգարեանի անուան ճատրակի 12-րդ յուշամրցաշարքի Բ. հանգրուանի հանդիպումները:
Կրանտմասթր Յովիկ Հայրապետեան, որ Ա. հանգրուանին Հայաստանի ներկայացուցիչներէն միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ պարտուեցաւ ռուս կրանտմասթր Նիքիթա Փեթրովէն:
Իրենց կարգին պարտութիւններ կրեցին նաեւ Էմին Օհանեան եւ Արթուր Դաւթեան, մինչ Արմէն Բարսեղեան եւ Վահէ Դանիէլեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին:
Բ. հանգրուանէն ետք, այժմ առաջին դիրքը կը գլխաւորեն ռուսահայ Ռուդիկ Մակարեան եւ Սերկէյ Լոպանով: