Սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, որ իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 20 կրան շլեմի տիտղոսներու, նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ իր արհեստավարժ ասպարէզին 89-րդ տիտղոսին:
Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը աւարտականին, 35 տարեկան Նատալ 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկացի Մաքսիմ Քրեսիի դէմ:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 1 ժամ 43 վայրկեան:
Նշենք, որ «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.»-ի մրցաշարքերուն գծով Նատալ յաջորդաբար 19-րդ տարեշրջանն ըլլալով կը տիրանայ նուազագոյնը տիտղոսի մը` սկսած 2004-ի, Սոփոթի մրցաշարքէն: