Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար ընդունած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի յատուկ ներկայացուցիչ, դեսպան Սերտար Քըլըճը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն` յղում կատարելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին:
Կողմերու զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն յայտնուիր:
«Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, որ դատելով լուսանկարէն, նախարարը եւ դեսպանը հանդիպումին առանձին եղած են, նախարարութեան աշխատակիցներ կամ դեսպանին ուղեկցողներ չեն եղած:
Յայտնենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 14 յունուարին, Մոսկուայի մէջ: