ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Առօրեայ կարիքները հազիւ հոգացող ընտանիքի մը երէց զաւակն էի: Շատ հայրերու նման` ծանր էր հօրս բեռը: Իր համեստ աշխատավարձով չորս ուսանողի կրթաթոշակ պիտի հայթայթէր եւ ընտանիք պահէր:
Մայիսը ընթացիկ տարուան կրթական պարտաւորութիւններէն ազատելու եւ յաջորդ վերամուտին պատրաստուելու գոհունակութիւն մը կու տար անոր:
Դժուար օրեր էին:
Մենք այս բոլորը բաւական ուշ հասկցանք, որովհետեւ ծնողքս նիւթական հարցեր չէին քննարկեր մեր ներկայութեան: Զոհողութեան եւ անձնուիրութեան խորհրդանիշ պիտի մնան անոնք մեզի համար:
Այսուհանդերձ, հայրս անտարբեր չէր իր շրջապատին հանդէպ: Իր համեստ պայմաններուն մէջ, չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս, միջոց մը կը գտնէր օգնութեան ձեռք մեկնելու հաւասարապէս ծանօթներու եւ անծանօթներու:
Լիբանանի տնտեսական-կենցաղային այս ծանր օրերուն թուղթին պիտի յանձնեմ Ամանորին զուգադիպող դէպք մը: Հետագային միայն իմացայ, որ տարիներու վրայ երկարող աւանդութեան մը ականատեսը դարձած էի պարզապէս:
***
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն տարի մը առաջ էր` 31 դեկտեմբեր 1974: Ամպոտ ու ցուրտ օր մը: Կէսօրուան մօտ էր, հայրս թելադրեց լաւ հագուիլ: Տեղ մը պիտի այցելէր, փափաքեցաւ, որ ընկերակցիմ իրեն: Ինքնաշարժ մը վարձեց: Ճանապարհին վրայ գնումներ կատարեց, զանոնք երեք տոպրակներու մէջ բաժնեց, իւրաքանչիւր տոպրակի մէջ պահարան մըն ալ զետեղեց:
Մօտեցանք Էշրեֆիէի լանջին գտնուող «Սեփեթ տուրմազ» կոչուած շրջանը: Ինքնաշարժով կարելի չէր շարունակել ճամբան: Ամայի շրջան մըն էր: Ցեխոտ թուփերը շրջանցելէ ետք, խորհրդաւոր պուրակ մը յայտնաբերուեցաւ մեր առջեւ: Կիսամերկ երեք ծառերու վրայ նշմարեցի փայտի զանազան տեսակներէ եւ չափերէ «մշակուած», հազիւ մէկ մեթր տրամագիծով թիթեղածածկ երեք տնակներ: Հայրս ծանօթ էր անոնց բնակիչներուն: Վերադարձի ճամբուն վրայ ըսաւ, որ Հաճնոյ աղէտէն վերապրողներ էին` Վարդանը, Աւետիսը եւ Կարապետը:
Անոնք ոչ մէկ հարազատ ունէին այս երկրագունդին վրայ: Բոլորը մնացած էին Կիլիկիա, սուրիական անապատի աւազներուն տակ:
Ինծի հարց էր. իրենց կեանքի մայրամուտը թեւակոխած անօթեւան այս հայորդիները ինչպէ՞ս հասած էին այս ծառերուն վրայ:
Երեք հայորդի, երեք ծառ, սակայն` մէկ սանդուղ: Հայրս բարձրացաւ առաջինին մօտ: Հառաչանքով ձայն մը դուրս եկաւ տնակէն. «Ես ինչո՞ւ կ’ապրիմ…. ես ինչո՞ւ կ’ապրիմ»: Քար լռութիւն` երկրորդէն եւ երրորդէն:
Ես ոչ մէկը տեսայ:
Ո՞վ կը զբաղէր այս մարդոց որպիսութեամբ, ո՞վ լուր ունէր իբրեւ մարդ անոնց գոյութենէն. չեմ գիտեր: Ինչպէ՞ս կ’ապրէին, ինչպէ՞ս կը պատսպարուէին ցուրտէն, տեղատարափէն… Հաւանաբար այս մարդիկ ապրեցան եւ միայն իրենց անունին ներկայութեամբ յանձնուեցան հողին… Կարելի չէր հաշտուիլ տեսարանին հետ: Յիշողութեանս մէջ յաւերժ կը մնայ ծառերու վրայ բնակող երեք հայորդիներուն ոդիսականը:
Իւրաքանչիւր առիթով, երբ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն Պէյրութ կը վերադառնայի, կը հետաքրքրուէի ծառերու վրայ բնակող տարաբախտ հայերուն կացութեամբ: Տարի մը հայրս դառնութեամբ ըսաւ. «Գացին, տղա՛ս, բոլորը մահացան»:
Ինչո՞ւ կը գրեմ այս տողերը, սիրելի՛ ընթերցող: Լիբանան կը բոլորէ տնտեսական, ընկերային, կենցաղային տագնապալի օրեր: Պատիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին, աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքապետներուն, հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն, բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, լիբանանահայութեան առաքելութեան հաւատացող ազգայիններու, քանի որ հրաշագործութեան համազօր հսկայական աշխատանք կը կատարուի` առաւելագոյն չափով մեղմացնելու լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապները: Սակայն դժբախտաբար մեր հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունի զանգուած մը, որ անտարբեր կը մնայ համայնքին ցաւերուն: Խօսքս պիտի ուղղեմ այդպիսիներուն. «Նայեցէք ձեր շուրջ, ձեր անմիջական շրջապատը: Մարգարէ ըլլալու չէ անմիջապէս զգալու, յատկապէս` բժշկական խնամքի, օժանդակութեան, դեղորայքի եւ մարդասիրական առաջնային անհրաժեշտութիւններու կարօտ հայորդիներու լռելեայն տառապանքները»:
Եկէք, գէթ միայն այսօր, այս գիշեր հրաժարինք մեր փարթամ, ոչ ոք զարմացնող, յումպէտս վատնուող, շռայլութիւն բուրող սեղաններէն: Գիտակցինք, որ ծերունի Վարդանին նման բազմաթիւ Վարդաններ, ընտանիքներ մեր համեստ աջակցութեան կը սպասեն այս գիշեր: Մտածենք անոնց ալ բաժին մը հանել մեր ճոխ սեղաններէն, որպէսզի անոնք ալ զգան, որ Նոր տարի է այսօր:
Հեռուները երթալու անհրաժեշտութիւն չկայ կարօտեալ ընտանիքներ փնտռելու համար: Նայեցէք ձեր շուրջ, մեր անմիջական շրջապատին մէջ են անոնք: Ապրինք այնպէս, որպէսզի մարդու զաւակը, հայու զաւակը յուսահատութենէն չպոռթկայ` «ինչո՞ւ կ’ապրիմ ես»:
Խօսքս ձեզի է, մեր հաւաքական ցաւերուն հանդէպ անտարբե՛ր հայեր: Շարժեցէ՛ք, միացէ՛ք համայնքին դժուարութիւնները մեղմացնելու հաւաքական աշխատանքներուն: Կամենալը` կարենալ է, վերջապէս: