Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վերշինին 9 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալի հետ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ տեղի ունեցած է միտքերու լայնածաւալ փոխանակում ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգի արդի հարցերուն շուրջ` շեշտը դնելով շրջանային խնդիրներու վրայ, ներառեալ Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յուսալի լուծման խնդիրները:
 
			


