ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը աւելի քան մէկ դար է կարողացաւ քայլ պահել հայոց ազգի բազմաթիւ եւ բազմատեսակ փուլերու տեղի ունեցած զարգացումներուն հետ եւ յաջողեցաւ ազգին գոյատեւման, նաեւ բարգաւաճման մէջ դրական ազդեցութիւն ունենալ, նոյնիսկ պատմութեան ամէնէն վատ ժամանակաշրջանին:
Դաշնակցութիւնը ժողովուրդէն ծնած, ժողովուրդին համար գոյատեւած է, անոր ծառայած է առանց նախապայմանի, հայութեան իրաւունքներուն տէր կանգնած է աշխարհի տարածքին անխտիր: Բայց եւ այնպէս, այսօր Դաշնակցութեան եւ հայութեան դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները պատմութեան ծանրագոյններէն կը թուին ըլլալ: Մեր գոյութիւնը` իբրեւ ազգ, վտանգուած է: Թշնամին յաջողած է թունաւոր սերմեր ցանել շատ մը հայրենակիցներու հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ, եւ անոնք, իրենց կարգին, առիթ տուած են, որ հայութեան բարեբեր հողին վրայ տեղ-տեղ թունաւոր սերմերը արմատ նետեն ու հասակ առնեն, այդպիսով ալ փուշերու նման պատճառ դառնան մշտադալար ցեղի մը կործանման:
Իրականութիւնը ցոյց տուաւ, որ ներքին թշնամին աւելի վտանգաւոր է, քան արտաքինը: Արցախի վերաբերող ռազմաքաղաքական ձախող ծրագիրով եւ բազմահազար զոհերով ներկայ իշխանութիւնը մեզ դժոխային իրականութեան դէմ յանդիման դրաւ: Իրենք զիրենք ազգայնասէր սեպող եւ այդպէս ներկայացող այսօրուան ղեկավարները տակաւին կը ձգտին Սիւնիքը զիջիլ թշնամիին, ըստ իրենց, այդպիսով նաեւ սահմանները բանալով առիթ տուած կ՛ըլլան Հայաստանի բարգաւաճման: Բայց եւ այնպէս գոյութիւն չունի տնտեսական եւ մասնագիտական որեւէ տուեալ այն մասին, որ այս քայլը կրնայ նպաստել Հայաստանին եւ անոր բարգաւաճման: Արդարեւ, առանց երկարամեայ սերտուած ծրագիրի երկիր մը չի կրնար գոյատեւել, այս առնչութեամբ մշակուած իրական հեռանկարի մը բացակայութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ անիկա ժխտական ազդեցութիւն ունենայ եւ վտանգէ ամբողջ Հայաստանը:
131 տարիէ ի վեր Դաշնակցութիւնը գոյատեւած է, որովհետեւ կառչած մնացած է իր ազգանպաստ կանոնագիրին ու ծրագիրին, որոնց հիման վրայ գործած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ` միշտ վառ պահելով հայու ինքնութիւնն ու ազգային գաղափարաբանութիւնը աշխարհով մէկ` հոն, ուր հայ կայ: Ազգին շահերը միշտ առաջնահերթ նկատելով` պայքարած է յանուն հայրենիքի գոյատեւման: Այս իրականութեան բոլորը կը գիտակցին, ամէն մարդ լաւապէս գիտէ, որ Դաշնակցութեան գոյութիւնը ոչ կը նպաստէ արտաքին թշնամիին եւ ոչ ալ ներքին ազգադաւներուն: Դաշնակցական յեղափոխականը ամէնէն վատ ժամանակաշրջանին իսկ չէ յանձնուած եւ մինչեւ վերջին շունչ պայքարած է եւ պիտի պայքարի` բարձր պահելով ազգանպաստ գաղափարականը եւ ազգին գերագոյն շահերը:
Այսօր Հայաստանի Ազգային ժողովին անդամ դաշնակցականները կը ներկայացնեն յեղափոխականի այն օրինակելի անձնաւորութիւնները, որոնք մնայուն կերպով կը պայքարին ազգին իրաւունքներուն եւ հայրենիքի բարձրագոյն շահերուն համար` մոռնալով ամէն մանրուք: Իբրեւ յեղափոխական կուսակցութիւն` զէնքին կողքին գրիչին ու բահին ալ կառչած կը մնանք մեր դատին եւ գերագոյն արժէքներուն, որովհետեւ պատմութեան ամէն մէկ ժամանակաշրջանի համապատասխան տարբեր տեսակ յեղափոխական միջոց պէտք է որդեգրել հասնելու համար մեր նպատակին: Հոգ չէ, որ այսօր Ազգային ժողովին մէջ մեր ներկայացուցիչները փոքրամասնութիւն կը կազմեն, բայց եւ այնպէս միշտ յոյսով ենք, որ օրը կու գայ, երբ ճշմարտութիւնը աւելի տեսանելի կը դառնայ ժողովուրդին, եւ առիթ կու տան մեր արդար պատգամաւորներուն, որ հայութեան իրաւունքներուն տէր կանգնին եւ կարենան դէմ դնել մեծամասնութեան, որ զերծ է ազգային արժէքներէ ու սկզբունքներէ, ուստի մեր պատգամաւորներն են, որ կը պայքարին ներքին եւ արտաքին ճակատի վրայ, որպէսզի չոտնակոխուին ազգին ու հայրենիքին շահերը: Երբ մեր պատգամաւորները կարենան յաջողութեան հասնիլ, այն ատեն միայն պիտի կարենանք վտանգը հեռացնել հայոց աշխարհէն: Կը հաւատանք, որ ատիկա կարելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ 131 տարի անընդմէջ պայքար մղած Դաշնակցութիւնը նոյն կորովով, հաւատքով եւ սկզբունքայնութեամբ կը շարունակէ իր երթը, գիտենք, որ անոր ընտրեալ անդամները իրենց գործունէութեամբ նորանոր նուաճումներ պիտի արձանագրեն հայոց պատմութեան էջերուն մէջ, որովհետեւ անոնց համար անձնական շահեր չկան, այլ կան ազգային գերագոյն շահեր, որովհետեւ Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականն է, որ գիտեն ամէն գնով քալել փշոտ, բայց սուրբ եւ դէպի ազգին լուսաւոր ապագան տանող ուղիէն:
131 տարեկան Դաշնակցութիւնը տակաւին երկար պիտի ապրի ու գործէ` նորանոր լուսաւոր էջեր աւելցնելով հայոց եւ իր պատմութեան գիրքին մէջ: