Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

Դեկտեմբեր 7, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սեռային Բռնութիւն Եւ Ցեղասպանութիւն
Հնարաւո՞ր Է Պատմել

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Սիւզան Խարտալեան

«Վերադարձ դէպի Արարատ» ֆիլմով, որ արտադրուեցաւ 1988-ին, փորձեցի նկարագրել պատմութեան արագացման դիմաց մեր հաւաքականութեան  հանդիպումը, աւելի ճիշդ` բախումը: Իբրեւ հայեր` մենք արագ քայլերով  կը  հեռանայինք  մեր անցեալէն: Մենք այլեւս այդ անցեալին հետ չէինք ապրիր. անցեալի հետ կը շփուէինք  միայն մասունքներու, աւերակներու եւ խորհրդաւոր հետքերու միջոցով, որոնք դարձեր էին եւ դեռ  կը մնան մեր «ինքնութեան» բանալին.  անոնք կը վկայեն, թէ ո՛վ ենք մենք: Մենք կտրուած էինք` հողէն, մայրենի լեզուէն, բնութենէն, հայկական ձայնէն եւ տեղավայրերէն, մեր ինքնութեան բանալիներէն:

«Պատմութեան արագացումը» երկու ազդեցութիւն ունեցաւ մեր յիշողութեան վրայ: Մենք սկսանք կուտակել, հաւաքել: Կորուստի այս զգացողութեան մէջ ինկած` մենք սկսանք հիմնել յիշողութեան առնչուող հաստատութիւններ եւ գործիքներ` թանգարաններ, արխիւներ, գրադարաններ եւ թուայնացուած հաւաքածոներ: Այսուհանդերձ, մենք կը մնայինք  խաւարի մէջ` բռնուած  մշուշապատ անցեալի եւ անկանխատեսելի ապագայի միջեւ: Ներկան մնացած էր մեր կեանքը հասկնալու միակ կատեգորին: «Վերադարձ դէպի Արարատ»-ը անդրադարձ էր այն բանին,  որ մեր անցեալը այլեւս չ՛երաշխաւորեր մեր ապագան: Հիմնականին մէջ այս հողի վրայ է, որ յիշողութիւնը` որպէս գործիք, սկսաւ  կենսական  դեր խաղալ մեր համայնքներուն մէջ:

Յիշողութեան մէջ ներդրումներ կատարելը երաշխիք էր, շարունակականութեան խոստում էր: 2005 թուականին դուրս եկաւ այս թեմայով «Ես կ՛ատեմ շուները» ֆիլմը: Այստեղ, ի տարբերութիւն ընդհանուր պատմութեան, որ միշտ գրուած է հզօրին կողմէ, կամ` մասնագիտացած խումբերու ձեռքով, այս անգամ փորձած եմ յիշողութիւնը տալ պարզ մարդու աչքերով, անոր շնորհել հզօրին  վերապահուած  արտօնութիւններն ու հեղինակութիւնը: Այստեղ կը գտնենք  տկարին  կամ տուժող կողմին  վրէժը` պատմութենէն: Իմ ֆիլմս կը պատմէ պատմութիւնը մարդու մը, որ զրկուած էր պատմութիւն գրելու իրաւունքէն:

«Տատիկին դաջուածքները»,  2012-ին, կրկին կ՛անդրադառնար յիշողութեան: Այս անգամ իմ նպատակս էր արտացոլացնել այն տրամադրութիւնը, որ յիշողութիւնը նոյնպէս կրնայ ըլլալ հաւաքական` ե՛ւ ազատագրական, ե՛ւ սուրբ: Առաջ  յիշողութիւն ունէին միայն անհատները, իսկ հաւաքականութիւնները` պատմութիւն: Այն գաղափարը, որ հաւաքականութիւնները նոյնպէս յիշողութիւն ունին,  կը խօսի հասարակութեան մէջ անհատներու կարգավիճակի եւ ընդհանուր համայնքի հետ անոնց յարաբերութիւններուն մասին: Այս վաւերագրական ֆիլմին մէջ տատիկը դառնայ մենք, մենք` տատիկ. պատճառաբանականութիւն, որ կ՛արտացոլացնէ մեր ինքնութեան  ըմբռնման փոփոխութիւնը: Այստեղ կու գան կինը եւ իր պատմութիւնը լրացնելու համար մեր պատմութեան պակսող էջերը. այստեղ կը քննուին խնդիրներ, որոնք եղած են թապու` հայ կնոջ ֆիզիքական մարմինը եւ  անոր  դէմ գործուած ոճիրները, բռնաբարութիւնը,  համատարած սեռային բռնութիւնը  եւ այս բոլորին հետ կապուած անխօսելիութեան հարցը: Յիշողութիւնը այս անգամ հակադրուած` մոռացութեան, հաւաքական ամնեզիային: Հայ կինը` որպէս կրկնակի զոհ, սա է  տատիկիս պատմութիւնը.

1980-ականներուն, բաղդատած 2012-ին, ինքնութեան եւ յիշողութեան  հայեցակարգը իմաստային շրջադարձ կը կրէ: Այն անհատական եւ ենթակայական հասկացողութենէն կրկին կը վերադառնայ  հաւաքականին, սակայն այս անգամ կիսադասական է եւ առարկայական: Ինքնութեան արտայայտութիւնը կրկին խմբային է, այս անգամ նաեւ` մեզի դուրսէն սահմանելու միջոց: Ֆեմինիզմի նորագոյն մոտելները կ՛ողողեն մեզ. եւ ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ յիշողութիւնը կը դառնան պարտք վերադարձնելու ձեւ:  Հասարակութիւնը պարտական է կնոջ, Սիմոն տը Պովուարըի բառերով` «մարդը կին չի ծնիր»,  «մարդը կին կը դառնայ»:

Այս բանավէճի մթնոլորտին մէջ է, որ կը զարգանայ թեզը, թէ` ոչ ոք պատմութեան մենաշնորհ ունի:

Ինչպէս նշեցի վերը, վերապրածներու թրոմաթիք յիշողութիւնները ժամանակի եւ յիշողութեան խանգարումներ էին: Որոշ յիշողութիւններ ուժեղացան, միւսները ճնշուելով` հեռացուեցան, դարձան թապու: Սա խաթարեց մեր ինքնութեան էութիւնը: «Տատիկին դաջուածքները» վերնայարկի դուռը բանալու  եւ մոռացութեան պատերը քանդելու մասին էր: Թերեւս այս է  պատճառը, որ «Տատիկին դաջուածքները» այդքան հակազդեցութեանց տեղիք տուաւ:

«Տատիկին դաջուածքները» ինծի համար ամէնէն դժուար ֆիլմն էր: Մենք հազուադէպօրէն կը քննարկենք սեռային  խնդիրներ, իսկ լռութեան պատը շատ աւելի հաստ է, մանաւանդ երբ խօսքը  կը վերաբերի սեռին եւ ցեղասպանութեան: Յատկանշական է, որ պատերազմի ժամանակ կիներու ճակատագիրին մասին այդքան քիչ գրուած է: Այո՛,  նշուած է, սակայն հայ կնոջ պատմութիւնը չէ գրուած: Միայն հիմա սկսած ենք  առերեսուիլ մենք մեզի հետ եւ տալ այն հարցումները, որոնք երբեք նախատեսուած չէին:

Սովորաբար ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ նկարելը  կը դիտուի որպէս վատ գաղափար, քանի որ այնտեղ  տնտեսական ոչ մէկ շահ կայ: Այնուամենայնիւ, ես պայքարեցայ, եւ յամառութիւնս տուաւ իր արդիւնքը: Այսպէս ծնան «Վերադարձ դէպի Արարատ» եւ «Ես շուները կ՛ատեմ» ֆիլմերը:  Բայց այս անգամ դիմադրութիւնը անհասկնալի էր, անտրամաբանական: Արդէն, ի սկզբանէ, նիւթը ուսումնասիրելու պահուն մարդիկ կը ծիծաղէին. «Կիներու ճակատագի՞ր. սեռային բռնութի՞ւն, բռնաբարութի՞ւն, սա ցեղասպանութեան թեմային  մօտենալու տարօրինակ միջոց է», կ՛ըսէին: Ֆիլմի յանձնակատարը կրնար, օրինակ, իրեն թոյլ տալ ըսելու. «Բայց ի՞նչ մեծ բան է  որ բռնաբարութիւնը…»: Բռնաբարութիւնը բնական երեւոյթ էր այս մարդոց համար,  իսկ բռնաբարութիւնը` իբրեւ ցեղասպանութեան գործիք, անհասկնալի կը մնար: Սեռական բռնութիւնը համարեա կ՛ընկալուէր իբրեւ սովորական բան: Բայց զարմանալի բան չկայ: Ի վերջոյ պատմութիւնը կը գրեն տղամարդիկ. այդպէս է նաեւ ցեղասպանութեան  պատմութեան պարագային: Միայն վերջերս միջազգային հասարակութիւնը կիներուն դեմ  սեռական բռնութիւնը սկսած է տեսնել որպէս հաւաքականութեան սպառնացող անվտանգութեան խնդիր.

«Տատիկին դաջուածքները»-ի կապուած այլ մարտահրաւէր մըն ալ կար. ինչպէ՞ս կարելի էր պատմել հազարաւոր զոհերու պատմութիւնը` միաժամանակ դարձնելով զայն հետաքրքրական, յուզիչ եւ հասկնալի: Զոհերը` հայ կիները, վաղուց մահացած էին:

«Այնտեղ, Խապուրի ջուրերուն մէջ, տատիկս կորսնցուց իր անունը:

Տատիկս եւ ես

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ  աւանդոյթներուն համաձայն, երեխան պէտք է մկրտել, երբ դառնայ քառասուն օրական: Գարնանային  ապրիլեան կիրակի մը ծնողներս զիս կը տանին հայկական եկեղեցի: Ներսը օդը լի էր խունկի քաղցր բուրմունքով: Մեծ հայրս, մեծ մայրս` տատիկս, կնքահայրս եւ կնքամայրս, քահանան ու  ազգականներ, ծնողքիս ընկերները,  բոլորը այնտեղ էին` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Քահանան կ՛երգէ եւ կը խօսի, կ՛աղօթէ, պահ մը ետք ան զիս` երկու ամսուան երեխան,  կ՛իջեցնէ սառը ջուրին մէջ` շարունակելով երգել ու աղօթել.  վերջաւորութեան ճակատս, ափերս, ականջներուս ետեւը միւռոնով կը խաչակնքէ.  մայրս է, որ  կը պատմէ` ի հարկէ. մայրս նաեւ կը պատմէ, որ ես մէկ ձայնով կը սկսիմ լալ, անկարելի կ՛ըլլայ զիս հանգստացնել: Հաւանաբար  սառը ջուրին գործն էր: Այն ատեն տատիկս զիս կը գրկէ`  առաջին անգամ ըլլալով. զիս կ՛առնէ  մօրս ձեռքէն եւ դուրս կը տանի` եկեղեցւոյ բակ: Մամաս կասկածելի հայեացքով կը հետեւի մեծ մօրս, քանի որ ան առաջին անգամ ըլլալով է, որ զիս կը գրկէր: Իմ կարճ կեանքիս առաջին քառասուն օրերուն տատիկս ինծի հետ չէր խօսած, ոչ ալ գրկած` քանի դեռ  ես անաստուած էի, Տիրոջ օրհնութիւնը չէի ստացած:

Դուրսը` բոլորին աչքէն հեռու, երբ հիւրերը զբաղած էին երիտասարդ զոյգը` ծնողներս, շնորհաւորելով եւ մոռցեր էին լացող մանկան մասին, տատիկս տխուր եւ անհասկնալի  հեքիաթ մը կը սկսի շշնջալ իմ ականջիս. ուրեմն, «Կար ու չկար, կար աղջիկ մը, որ Եփրատի թեւերէն Խապուրի ջուրը անցնելու պահուն կը կորսնցնէ իր անունը»: Տատիկիս շրթունքները կը քսուին իմ ականջին, եւ տակաւին դատարկ իմ  հոգիս ան կը լեցնէ իր ճշմարտութեամբ:

Ասիկա արդէն իմ երեւակայութիւնս է. միայն գիտեմ, որ,  ըստ մօրս, տատիկս գլուխը  շատ մօտեցուցած իմ գլխուս, երկար կը  խօսի. թերեւս կ՛երգէ կամ հեքիաթ կը պատմէ, ո՞վ գիտէ:

Հիմա կը մտածեմ, որ արդեօք անոր մտքէն  երբեք չանցա՞ւ, թէ որքա՛ն տարօրինակ կամ, առնուազն, անհեթեթ էր իր ըրածը. արդեօք կը հաւատար, որ ես` քառասուն օրական նորածինը, կը հասկնայի իր ճշմարտութիւնը, Ցեղասպանութեան մասին հեքիաթը, ամօթը, իրեն դէմ գործուած սեռային բռնութեան ինչ ըլլալը եւ անոր ճակտին դաջուած խարանը:

Վստահ եմ, որ ան պատմեց  բոլոր մանրամասնութիւնները, թէ ինչպէ՛ս թուրք դրացին բռնաբարեց 12 տարեկան աղջնակը, այն ալ` բիբլիական Եփրատ գետին վրայ: Երբեմն կը պատկերացնեմ, կամ թերեւս  կը յիշե՞մ տատիկին բառերը, օրինակ, ինչպէս սկսաւ.  «Օ՜հ, Սիւզան … (նայելով իմ փոքրիկ գլխուն) կը հասկնա՞ս, նախ տղամարդիկը տարին, յետոյ ես ու մայրս առանձին  մնացինք… թուրքին դիմաց»: Եւ այսպէս, տատիկս  կը պատմէ իր` փոքրիկ աղջնակի պատմութիւնը:  Կը պատկերացնեմ, որ ան աչքերուս մէջ կը նայի, սակայն  իր աչքերը, ձկան աչքերու նման, դատարկ են: Երբ կը սկսի պատմել Խապուրի մասին, լուռ կ՛արտասուէ:

«Այնտեղ ես կորսնցուցի իմ անունը», կը փսփսայ. փոքրիկ իր ձեռքով ան  կլոր-կլոր շարժումներով կը շփէ մէջքս, փորս (հաւանաբար այնպէս, ինչպէս իր մայրը շոյած էր իր փորիկը  ժամանակին), եւ, այո՛, կ՛աղերսէ գտնել իր կորսնցուցած անունը.

«Օգնէ՛,  անունս գտիր»,  կը շշնջայ ան:

Տատիկիս անունը թրքական էր` Խանում:

Միայն այսօր երկար փնտռտուքէ ետք գտայ իր իսկական անունը` Արուսեակ:

Մեծ մայրս երբեք չպատմեց իր պատմութիւնը, ոչ մէկ բառ խօսեցաւ. բայց ձեւով մը ըրաւ  այնպէս, որ ես զայն երբեք չմոռնամ: Ան իր սեփական փորձով  գիտէր, որ այն, ինչ որ կը դրուի մանուկի  հոգւոյն մէջ`  սէր, վախ, թէ ճշմարտութիւն, երբեք չի կորսուիր:

Ան գիտէր, որ  օր մը  իր պատմութիւնը դուրս կու գայ իմ ներսէն եւ կը տանջէ զիս` արթուն  ըլլամ կամ  քնացած:  Շարունակ երազիս կը տեսնեմ արիւնոտ լաթ, աղտոտ գետ, մօր անյոյս աչքեր… անդադար կը տեսնեմ մօր ձեռքէն խլուող աղջնակի պատկերներ… ու կը հասկնամ, որ մինչեւ որ կեանք չտամ իմ տատիկիս պատմութեան, մինչեւ չբացայայտեմ անոր դաջուած ձեռքերու գաղտնիքը, ես հանգիստ չունիմ:

Ֆիլմի աշխատանքներուն ընթացքին թերեւս մեծագոյն մարտահրաւէրը, իմ իսկ  կուրութեան դէմ պայքարն էր, պայքար` այն համոզմունքիս դէմ, որ Ցեղասպանութեան մասին ա՛լ ըսելու բան չկայ, որ ես ամէն ինչ գիտեմ, որ տեսած եմ բոլոր լուսանկարները եւ կարդացած` բոլոր գիրքերը: Ես  հասուն տարիքիս իմացայ տատիկիս պատմութիւնը, ցնցուած էի. մայրս զգուշաւոր բառերով հասկցուց, որ իմ տատիկս զոհ էր սեռային բռնութեան: Եւ ես ցնցուած էի խնդրին հետ կապուած ընտանիքիս կատարած ընտրութենէն`  փաստօրէն մենք եւս ընտրած էինք ամնեզիան:

Երեք տարուան  հետազօտական աշխատանքէ  ետք «Տատիկիս դաջուածքները» ֆիլմին ունեցած ընդունելութիւնը անսպասելիօրէն դրական էր: Մենք բոլորս կը բացայայտէինք մենք մեզ: Յատկապէս կիները մեծ յուզմունք կ՛ապրէին ֆիլմը տեսնելէ ետք: Տղամարդիկ զայրացած էին. բայց գիտեմ նաեւ` զայրոյթը միայն ցասումի արտայայտութիւն էր:

Կիներուն ճակատագիրները հազուադէպօրէն իրենց տեղը կը գտնեն պատմութեան գիրքերուն մէջ, հակառակ անոր որ կիներուն կը վիճակուին ամէնէն դաժան փորձութիւնները: Անոնց ճակատագիրը մահէն աւելի վատ է: Կիները ստիպուած կ՛ըլլան  իրենց մնացած ամբողջ կեանքը ապրիլ բռնաբարութեան եւ սեռական բռնութեան այլ տեսակներու ծանր բեռի հետ: Վիշտն ու ստորացումը սպասուող դժոխքի միայն մէկ մասն են: Բազմաթիւ կիներ ստիպուած են հաշտուիլ զիրենք բռնաբարած տղամարդոց երեխաները  լոյս աշխարհ բերելու մտքին հետ: Ի՞նչ ընել այդ ոչ ցանկալի երեխաներուն հետ` լքե՞լ, սպաննե՞լ զանոնք, թէ՞ պահել: Ըսեմ նաեւ, որ ասիկա նոյն խնդիրն է, որ եզիտիները կը դիմագրաւեն այսօր. հազարաւոր աղջիկներ գերեվարուեցան եւ բռնաբարուեցան ՏԱՀԵՇ-ին կողմէ:

«Տատիկին դաջուածքները» ֆիլմը լուսարձակի տակ կը բերէ այս բոլոր խրթին հարցերը: Միաժամանակ փորձած եմ  պահպանել ջերմութեան եւ մտերմութեան մթնոլորտը: Ֆիլմը երկու բան ցոյց  կու տայ: Առաջինը, ինքնին, կը բաժնուի երկու մասի, այն երկակի հակասութիւն է` մէկ կողմէ երեւակայութեան/երազանքի, միւս կողմէ` իրականութեան: Երկրորդ տարրը ժամանակն է: Պատմութիւնը ներկայացուած է ուրուականի, հանելուկի տեսքով: Առանցքային նկարները կը գտնուին թէ՛ իմ երեւակայութեանս եւ թէ՛ տատիկիս մասին իմ յիշողութիւններուս մէջ: Անոնք` դաջուած  հայ կիներու, երէկուան  եւ այսօրուան  Պէյրութի, դէպի Եփրատ գետ ճանապարհորդութեան եւ լռութեամբ համակուած անապատի նկարներն են: Այդ անապատը կը լռէ ճիշդ այնպէս, ինչպէս` այն կիներն ու երեխաները, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին ճիշդ այս նոյն տեղը:

«Տատիկին դաջուածքները» հեռարձակուեցաւ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի անգլերէն բաժինէն, որ հասանելի էր 300 միլիոն  հանդիսատեսի: Ֆիլմին բացումը տեղի ունեցաւ Ամսթերտամի վաւերագրական ֆիլմերու հեղինակաւոր միջազգային փառատօնին: Սակայն թրքական կողմին արձագանգը եղաւ միայն այն ժամանակ, երբ ֆիլմը պիտի հեռարձակուէր շուէտական առաջին ալիքի հեռուստատեսութեամբ` SVT-ով. թրքական կազմակերպութիւնները եւ շուէտաբնակ թուրքերը նամակներով ռմբակոծեցին SVT-ն` պահանջելով չցուցադրել ֆիլմը: Փոխարէնը` կը պահանջէին ցուցադրել «Սարը կելին» թրքական ֆիլմը: Քանի մը շաբաթ տեւեց  հակաքարոզարշաւը, սակայն «Տատիկին դաջուածքները» հեռարձակուեցաւ  ըստ նախատեսուածին:

Ֆիլմը նաեւ ընտրուած էր Պոլսոյ FILMMOR ֆիլմերու փառատօնին կողմէ: Այս անգամ ազրպէյճանցիները  սպառնալիքներով  փառատօնէն պահանջեցին ֆիլմը հեռացնել ծրագիրէն: Փառատօնի յանձնաժողովը կրցաւ զայն ցուցադրել միայն  երեք անգամ:

Ֆիլմի աւարտին կին մը հեռաձայնեց Պոլիսէն եւ ըսաւ, որ նոր դիտած է տատիկին ֆիլմը… «Հիմա` դէպի տուն ճամբուն վրայ, երկինքէն աստղ ինկաւ. վստահ եմ, որ ան ձեր տատիկն էր…»:

Գիտեմ, որ տատիկս էր…

(Շար. 2 եւ վերջ)

Նախորդը

Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան Արուեստի Ֆոնտ Միջդպրոցական Գծագրական Մրցանք

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մեր Յոյսը` Դաշնակցութիւնը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?