Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (4 Դեկտեմբեր 2021)

Դեկտեմբեր 4, 2021
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2021 Նոյեմբեր Ամսուան Ամփերի Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած նոյեմբեր ամսուան ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր ամփերի համար ճշդած 6502 լիբ. ոսկի սակին վրայ եւ նշելով, որ անցեալ ամիս իւրաքանչիւր ամփեր 5200 լիբ. ոսկի էր, կը յայտարարենք.

Ա) Պուրճ Համուտի ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերէն կը պահանջուի շրջանի բնակարաններուն եւ վաճառատուներուն համար իրենց հայթայթած 2021 նոյեմբեր ամսուան ելեկտրականութեան մնայուն բաժնեգիներու սակացոյցերը գանձել հետեւեալ ձեւով.

* Իւրաքանչիւր ամփերի սակը` 280 հազար լ. ո. (երկու հարիւր ութսուն հազար լիբ. ոսկի):

* Իւրաքանչիւր երեք ամփերի մնայուն բաժնեգին հաշուել 840 հազար լ. ո. (ութ հարիւր քառասուն հազար լիբ. ոսկի):

* Իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար գանձել 1 միլիոն 400 հազար լ. ո. (մէկ միլիոն չորս հարիւր հազար լիբ. ոսկի): Իսկ 5-էն վեր (6,10..) ամփերի համար նկատի ունենալ 5 ամփերի յատուկ նշեալ մնայուն սակը:

Նկատի ունենալով, որ շարժակներու մասնակցութեան սակը բաւական բարձր է եւ անոր բարձրացումը կարելի եղածին չափ հակակշիռի տակ առնելու նպատակով, ելեկտրածին շարժակներու մատակարարման ժամերը պիտի ընդհատուին 7-8 ժամով` հետեւեալ ձեւով.

Շաբթուան բոլոր օրերը.

– կէս գիշերէն ետք ժամը 1:00-էն մինչեւ առաւօտեան 6:00

– առաւօտեան ժամը 7:30-էն 9:00

Բ) Ելեկտրածին շարժակի իւրաքանչիւր սեփականատէրէ կը պահանջուի այս հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհատման ժամերը լիովին յարգել` քաղաքացիներու շահերուն պահպանման համար: Քաղաքապետութիւնը ներող պիտի չըլլայ եւ համապատասխան օրինական քայլերուն պիտի դիմէ, եթէ ոեւէ սեփականատէր չյարգէ սակերը եւ ճշդուած ժամերէն աւելի երկար ժամեր ընդհատէ ելեկտրականութիւնը, կամ ոեւէ բնակիչի ելեկտրականութիւնը ամբողջովին ընդհատէ` օգտագործելով առկայ տագնապալի վիճակը:

Գ) Քաղաքացիները բաժնեգիները պիտի վճարեն լիբանանեան թղթոսկիով` Ա. կէտով ճշդուած սակերուն հիման վրայ:

Դ) Պուրճ Համուտի բնակիչները պարտին հեռաձայնել քաղաքապետարանի 01-260155 եւ 01-256403 թէժ թիւերուն` ելեկտրածին շարժակներու ոեւէ սեփականատիրոջ կողմէ նշեալ որոշումներու անտեսման պարագային, որպէսզի համապատասխան բողոք ներկայացնեն, իսկ քաղաքապետարանը պիտի հետապնդէ այդ բողոքները եւ համապատասխան քայլերուն պիտի դիմէ որոշումները խախտողներուն հաշուոյն:

Ծանօթ.- Հիմնուելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հաղորդագրութեան վրայ` հաշուիչ մեքենաներ ունեցող բաժանորդներու ամսական մնայուն բաժնեգիներուն համար որոշուեցաւ հետեւեալ սակացոյցը.

5 ամփեր` 30 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփեր` 80 հազար լիբ. ոսկի: 10 ամփերը գերազանցողներու պարագային, իւրաքանչիւր 5 ամփերի համար 50 հազար լիբ. ոսկի պիտի աւելնայ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը ամէն ամիս նմանօրինակ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակէ` յայտարարելով իւրաքանչիւր ամփերի սպառողական սակը:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Բանակէն Չորս Բարձրաստիճան Սպաները

Յաջորդը

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (18 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (17 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (15 Հոկտեմբեր 2025)

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?