Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմութեան Վերակազմութիւն

Մարտ 14, 2019
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Նոյ. 25-ին Պէյրութի մէջ ցուցադրուեցաւ Քատիր Աքընի «Ռետ» (Մերժում) վաւերագրական ժապաւէնը: Մամուլը օրին անդրադարձած էր ձեռնարկին (1): Ժապաւէնը հիմնուած է բեմադրիչին հեղինակած  «Հայ յեղափոխական Փարամազ, Ապտիւլ Համիտէն մինչեւ Իթթիհատ վէ թերաքքի, հայ ընկերվարականները եւ Ցեղասպանութիւն» գրքին վրայ (2015, 324 էջ) (2): Երկու գործերն ալ ուղղուած են Թուրքիոյ  ձախ մտաւորականութեան:

Այս ուշացած յիշեցումը անհրաժեշտ է, որովհետեւ Թուրքիոյ  գլխաւոր ձախ կամ ձախ կոչեցեալ կուսակցութիւնները ազգայնական են: Հիմնական պատճառներէն մէկը թերեւս այն է, որ անոնք կազմուած են, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը կը քայքայուէր եւ քեմալական շարժումը ծանր պայմաններու տակ կը կռուէր օտար ուժերու դէմ: Այդ կոչուեցաւ «Ազատագրական պատերազմ» (Քուրթուլուշ սաւաշը): Թրքական ձախին համար ընկերվարութիւնը կը սկսի  Հիւսէյին Հիլմիով, որ 1907-ին «Ազատ Իզմիր» թերթը հրատարակած է եւ 1910-ին հիմնած` «Օսմանլը սոսյալիստ ֆրքասը»-ն, որ խորքին մէջ ոչ թէ ընկերվարական, այլ ազատական բարենորոգչական կուսակցութիւն մըն էր եւ ոչ մէկ ձեւով կ՛ընդունէր ազգերու ինքնորոշման սկզբունքը: Աքըն կը յիշեցնէ, որ ընկերվարական առաջին կուսակցութիւնները  հիմնուած են ոչ թուրքերու, ի մասնաւորի` հայերու կողմէ:

Հեղինակ-բեմադրիչը հիմնադիր անդամ է Ընկերվար վերակազմեալ կուսակցութեան  (Սոսիալիսթ ենիտէն քուրուլուշ փարթիսի SYKP), որ Կեզիի դէպքերուն ընթացքին գոյացած այլախոհ շարժումներու համադաշնակցութիւն մըն է: Կուսակցութեան զինանշան-աստղի կարմիր գոյնը (ա) կը խորհրդանշէ բանուոր դասակարգը, կանաչը (բ)` բնապահպանումը, իսկ մանիշակագոյնը (գ)` կնոջական պահանջները: Կուսակցութիւնը ծրագիրը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կուսակցութիւնը կը դաւանի միջազգայնականութիւն: Աքըն անդամ է նաեւ Կարօ Փայլանի պատկանած Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP), որ կը գործակցի Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու հետ:

Ծանօթ է, որ նախքան 2016 թուականի «ձախող» յեղաշրջումը` Թուրքիոյ մէջ դրական իրադարձութիւններ տեղի ունեցած էին: Հայկական նիւթերու վերաբերող հարիւրաւոր ակադեմական ուսումնասիրութիւններ լոյս տեսած են: Հայկական նիւթերով հրատարակութիւններ կը ցուցադրուին Պոլսոյ գրատուներու մէջ: Այս իմաստով հրատարակութիւնը եզակի չէ: Ինծի ծանօթ է նաեւ, որ 2015-ին Արիս Նալճըի թարգմանութեամբ հրատարակուած է Երուանդ Չոփուրեանի 1921-ի գրքոյկը` «Փարամազներ- Պէյազիտի 20 կախաղանները» վերնագրով:  Նալճը եւ Չոփուրեան Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտներ են: Թուրքեր այդ գրքոյկին հայերէն բնագիրը վերջերս յանկարծ նշմարած էին Մուսթաֆա Քեմալի անհատական գրադարանին մէջ, որպէս… «գիրք թիւ 20»: Զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ գաղտնագրութիւն:

Աւելի ուշ հրատարակուած «Թրքական ձախէն դիմանկարներ» գիրքը (3) կը սկսի Փարամազով:  Գիրքի շապիկին վրայ Փարամազի դիմանկարը (առնուած` Չոփուրեանի գրքոյկի կողքէն) աւելի մեծադիր է Մուսթաֆա Սուփհիի եւ Իշթիրաքճի Հիլմիի դիմանկարներէն: Վերջին երկուքը առանց դատավարութեան սպաննուած են քեմալականներու կողմէ: Աքըն իր գիրքի պատրաստութեան շրջանին լուր կը ստանայ, որ սպաննուած է քիւրտ ազատամարտիկ Սուփհի Նեճաթը, որ ինքզինք կը կոչէր «Փարամազ քըզըլպաշ» (4):Ինքզինք կոչած է ըմբոստ հայ եւ ալեւի անուններով: Թերեւս բան մը փոխուած է կեցուածքներու մէջ:

Քաղաքական խորապատկեր.- 1908-ին, սահմանադրութեան վերականգումէն ետք, բարեկարգութեան գինով մթնոլորտ կը տիրէր(5): Այս հոգեբանական կուրութիւնը շարունակուեցաւ նոյնիսկ Ատանայի ջարդերէն ետք:

Իշխանութեան տիրանալէ ետք երիտթուրքերու մէջ տեղի ունեցաւ երկփեղկում: Ոչ թուրքեր, գլխաւորաբար Պալքանեան ազգութիւններու պատկանող անձեր, Տամաթ Ֆերիթ փաշայի (6) գլխաւորութեամբ, հիմնեցին Ազատութիւն եւ համերաշխութիւն կուսակցութիւնը  (Հիւրրիէթ վէ իթիլաֆ ֆրքասի): ՍԴՀԿ կը գործակցէր այս ուժերուն հետ: Հնչակեան կուսակցութեան 1910-ի ծրագիրը կ՛առաջադրէր ազգութիւններու համադաշնակցային պետութեան գաղափարը (confederation): Շարժումը քայքայուեցաւ, երբ Պալքաններ եւ արաբական երկիրներ անկախութիւն ձեռք բերին: Իթթիհատ վէ Թերաքքը անմիջապէս հաշուեյարդարի ենթարկեցին իթիլաֆականները: Կը պատմուի, որ Փարամազ խոր եւ երկար զննած է կախաղան բարձրացող իթիլաֆականներուն դէմքերը…

1913-ի  համագումարը (Ռումանիա) թատր կը դառնայ տարակարծութիւններու: Սապահ Կիւլեան կ՛առաջնորդէ այն թեւը, որ կողմ էր զինեալ ինքնապաշտպանութեան: Ոմանք այդ անկարելի կը նկատեն: Կուսակցութիւնը կը հրաժարի համադաշնակցային պետութեան գաղափարէն եւ կը պահանջէ ինքնավար Հայաստան: 1908-ի լաւատեսութիւնը, ցաւօք, կը շարունակէր համակել նոյնինքն Հնչակեան կուսակցութեան մէկ մասը: 1914-ի գարնան Փարամազ  Գահիրէէն (ուր կը մնար Սապահ Կիւլեան) կ՛ուղղուի Պոլիս` այդտեղի ընկերները համոզելու համար, որ աղէտը մօտալուտ է:

Արշաւիր Սահակեան անունով «ընկեր» մը տեղեկացուցած էր իթթիհատականները: Ոստիկանութիւնը երկու օր կը սպասէ, որպէսզի ստուգէ կապերը, ապա կը ձերբակալէ Փարամազը` շուրջ 170 այլ ընկերներու հետ:  Որպէս «ահաբեկչական դաւադրութիւն»`  դատական գործը կը յանձնուի պատերազմական ատեանին: Ուսանելի է, որ դատավարութեան ընթացքին ձերբակալուողներու դէմ կը վկայէ ոչ միայն բացայայտ գործակալ Արշաւիր Սահակեանը, այլեւ` «Կոհակ» թերթի (1909-1913) իրաւատէր Հմայեակ Արամեանը, որ կուսակցութեան համակիր կը համարուէր: Այդ ցուցանիշ մըն էր տիրող քաղաքական խառնաշփոթ իրավիճակին:

Քատիր Աքընը իր տեսակցութիւններուն, ժապաւէնին, առաւել եւս իր գրքին մէջ ՍԴՀԿ-ը կը ներկայացնէ որպէս միջազգայնական մարքսիստ կուսակցութիւն(7): Պարզ է, որ այդ կը կատարէ Թուրքիոյ ձախին մօտ հայերու հանդէպ համակրանք եւ յարգանք յառաջացնելու համար: Հիմնադիր սերունդին մէջ վստահաբար գտնուած են մարքսիստական գաղափարներ կրող անհատներ: Հիմնադիրները ջերմ կապեր ունեցած են ընկերվարական եւ համայնավար ականաւոր անհատներու հետ, ինչպէս` Պլեխանով, Պոլսոյ մէջ թարգմանած են հրատարակած են Համայնավար հռչակագիրը (մանիֆեսթօ): Այսուհանդերձ, Հնչակեան կուսակցութիւնը առաջին հերթին ազգային-ազատագրական է: Իրապաշտօրէն չէր կրնար այլ բնոյթ ունենալ, որովհետեւ խիստ անբաւարար էին ընկերվարական վարչակարգ գոյացնելու հիմքերը: Նոյնինքն Սապահ-Գիւլեան կը յորդորէ  չհետապնդել «նեղ դասակարգային շահեր»(8):

Քատիր Աքըն նոյն մտահոգութիւններէ մեկնած, կը մեղմէ քրտական գործօնը: «Բացառապէս սիւննի աշիրեթներէ կազմուած» Համիտիէ  գունդերը կը համարէ հայ-քիւրտ բարեկամութիւնը ճեղքել փորձող սեպ: Մօտեցումը ըլլար շատ աւելի քննադատական: Բարեկամութիւնը պէտք չէ հիմնել անցուկ-մոռցուկի վրայ:

Փարամազ առաջին հերթին եղած է խանդավառող շրջուն քարոզիչ մը: Այս ուղղութեամբ նոյնիսկ հեղինակած է դաստիարակչական բնոյթի թատրերգութիւններ: 1897-ի Վանի դատավարութենէն մինչեւ իր հերոսական մահը, Փարամազի ասքը ունեցած է քաղաքական պայմաններէ թելադրուած հոլովոյթ (9,10): Ազգայնական-մարքսիստ գաղափարներու անհամատեղելիութիւնը հակասութիւններու տուն տուած է ՍԴՀԿ հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ(11): Կան պատմական բազմաթիւ այլ օրինակներ, բայց այդ առանձին մեծ նիւթ մըն է:

Գեղարուեստական.- Ողջունելի է, որ բեմադրիչը չէ անտեսած գեղագիտական կողմը: Այս մեծապէս կ՛օգնէ ժապաւէնի դրական ընկալման, մանաւանդ Արեւմուտքի մէջ:

Որմազդին մէջ կը տեսնենք ճայ մը (ազատութիւն), որ կը թռչի դէպի Պոլիսը խորհրդանշող Կալաթայի հսկողութեան աշտարակը: Խորապատկերը արնագոյն եւ սեւ է: Մինչդեռ ակադեմականները կը տեսնենք պայծառ գրասենեակներու մէջ եւ կամ` մեծածաւալ գորշ արխիւներու կողքին:

Բացման տեսարանին մէջ կը տեսնենք խաղաղ բնութիւն եւ կը լսենք Կոմիտասի լարային քառեակ: Երաժշտութիւնը տակաւ կ՛այլափոխուի, հանդիսատեսին վրայ կը խուժէ Պոլսոյ դժխեմ սեւ ու սպիտակ համայնապատկերը: Մեր վրայ կը գրոհէ մութ պատմութիւնը:

Կան բազմաթիւ այլ խորհրդանշական պատկերներ:

Փարամազի բանտի պատուհանի ճաղերէն անդին` կը տեսնենք մթին տատասկ:

Կը տեսնենք ջրամոյն եղած հայկական խաչքար:

Կարելի պիտի ըլլար աւելի հանգամանօրէն անդրադառնալ, եթէ առիթ ունենայի ժապաւէնը կրկին դիտելու:

Թուրքիոյ ձախը մեծ մասամբ իսկապէս որ տակաւին վարակուած է քեմալիզմով, կ՛անտեսէ ոչ թուրք ազգութիւններու գոյութիւնը: Թուրքիոյ ձախը մեծ մասամբ տակաւին կը դժկամի դիմագրաւել իր երկրի սեւ պատմութիւնը: Այս իմաստով Քատիր Աքընին աշխատանքը ողջունելի եւ քաջալերելի է: Հարկ է գիտակցիլ սակայն, որ բարեկամութեան հրաւիրուող երկու կողմերը իրերանման  չեն: Հայ կողմը ջարդուած, իրաւազրկուած եւ տարագրուած է: «Թռչնոց բոյն»-ի մուտքի սրահի ճակտին գտնուող որբերու խմբական նկարին մէջ կը տեսնուի հարազատ մայրս…

———————

(1) Տե՛ս Նոր սերունդ մշակութային միութիւն. Քատիր Աքընի «Ռետ» (Մերժում) վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն,  «Ազդակ», 26 յունուար 2019

(2) Kadir Akin, Ermeni Devrimci Paramaz (Abdülhamid’den Ittihat Terakki’ye Ermeni Sosyalistleri ve Soykirim) ISBN 978 605 487  8338

(3) E. A. Türkmen եւ Ü. Özger, «Türkiye Solundan Portreler»,  2016,  558 էջ , ISBN  978 605 487  8604

(4)  Քըզըլպաշները 15-րդ դարու ըմբոստ ալեւիներն էին

(5) «Թուրքիոյ մէջ իսլամական հայեցակարգի պատմականը Ապտիւլ Համիտ Բ.էն մինչեւ Էրտողան» «Ազդակ» բացառիկ, ապրիլ 2015

(6) Փաշան արքայական ընտանիքի փեսայ (տամաթ) էր: Ի դէպ քեմալականներ զինք կը համարեն «հայու ծնունդ» դաւաճան, որովհետեւ մաս կազմած է Սեւրի դաշնագիրը ստորագրող թրքական կազմին:

(7) Քատիր Աքըն, «Ազգային ձախութիւնը ընկերվարութիւնը կեղտոտեց» (Milli solculuk sosyalizmi kirletti), Siyasi Haber, 13 յունիս 2018

(8) Ս. Սապահ-Գիւլեան  պատասխանատուները Անի Կեդրոն 2017, էջ 71

(9) Հ. Մ. Պօղոսեան, «Փարամազ» 1992, Երեւան

(10) Փարամազի պաշտպանական ճառը կարելի է համարել ՍԴՀԿ հռչակագիր:

(11) Louise Nalbandian, The Armenian Revolutionary Movement, 1963:

 

 

Նախորդը

Մարտիրոսի Ծոռներ` Քեմալ Եւ Խաչիկ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը

Օգոստոս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?