ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ
ԱՅՆՃԱՐ Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեանբ կը յայտնենք, թէ այս կիրակի, 28 նոյեմբեր 2021-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, տեղի պիտի ունենայ սրբապատկերներու օծում :
Պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ սրբապատկերներու օծումը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ`
Լուսարարաապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան
Սկիզբ պատարագի` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Սիրով հրաւիրուած է հաւատացեալ մեր ժողովուրդը:
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ
ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանի Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 4 դեկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ֆարաճեան լսարանին մէջ:
ՕՐԱԿԱՐԳ
– Ընթացաւարտ վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական գործունէութեան քննարկում:
– Նոր վարչութեան ընտրութիւն:
ԾԱՆՕԹ
Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 6:30-ին:
Պէյրութ, Լիբանան
23 նոյեմբեր, 2021
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԿԻՐԱԿԻ, 26 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2021