Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները Ռուսիոյ տեղեկացուցած են առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի սկսելու պատրաստակամութեան մասին: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան:
«Շարք մը միջազգային գործընկերներ, ներառեալ` մեր դաշնակից Ռուսիան, յայտարարած են, որ պատրաստ են աջակցելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: Եւ մեր ռուս գործընկերներուն հետ քննարկումներու ընթացքին մենք տեղեկացուցած ենք, որ պատրաստ ենք յարաբերութիւններու կարգաւորման` առանց նախապայմաններու: Եթէ եւ երբ հոլովոյթը սկսի, մենք հանրութիւնը պիտի տեղեկացնենք իրադարձութիւններու զարգացման մասին», ըսած է բանբերը:
Յունանեանի համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրին մէջ արձանագրուած է, որ Հայաստանը միշտ պատրաստ եղած է առանց նախապայմաններու կարգաւորելու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: «Նոյն ատեն կ’ուզեմ ընդգծել, որ ներկայ պահուս Թուրքիոյ հետ որեւէ բանակցութիւն չի վարուիր», աւելցուցած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: