Գերմանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակին տարածման հերթական ալիքին պատճառով մտադիր են պարտադիր դարձնել արհեստավարժ մարզիկներու պատուաստումը, այլապէս անոնց մարզադաշտ մուտք գործելը պիտի արգիլուի:
Երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը, հանդիպում-ժողով մը ունենալէ ետք Գերմանիոյ իշխանութեան տարբեր ներկայացուցիչներուն հետ, այն եզրակացութեան եկաւ, որ ինչպէս համակիրները առանց պատուաստ ստանալու դաշտ մուտք չեն կրնար գործել, նոյնպէս ալ պատուաստումը պէտք է պարտադրուի ֆութպոլիստներուն:
Նշենք, որ Գերմանիոյ մէջ հանրային վայրեր կրնան այցելել միայն պատուաստուած կամ վերջին կէս տարուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով հիւանդացած եւ առողջացած քաղաքացիները:
Նշենք, որ ասիկա կը վերաբերի նաեւ մարզական միջոցառումներուն: