Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երկու Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղենք Զսպուածութիւն Դրսեւորելու, Կանխարգիլելու Նոր Միջադէպերը Եւ Բոլոր Վէճերը Լուծելու Բացառապէս Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Միջոցներով» Կ՛ըսէ Զախարովա

Նոյեմբեր 18, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ զսպուածութիւն ցուցաբերելու, չարտօնելու միջադէպերու կրկնութիւնը եւ խնդիրները լուծելու դիւանագիտական ճամբով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութիւն դրսեւորելու, կանխարգիլելու նոր միջադէպերը եւ բոլոր վէճերը լուծելու բացառապէս քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով», ըսած է Զախարովա` երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ան աւելցուցած է, որ Մոսկուան պատրաստ է շարունակելու օգնութիւն ցուցաբերել կողմերուն` շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման շահերէն մեկնելով:

«Վերջին իրադարձութիւնները կը հաստատեն հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի վաղաժամ մեկնարկի եւ սահմանագծման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ համապատասխան յանձնախումբի աշխատանքի մեկնարկը` նախապէս ներկայացուած ռուսական առաջարկներուն հիման վրայ», ըսած է Զախարովա:

Ան նաեւ նշած է, որ ՀԱՊԿ-ն «ուշադրութեամբ կը հետեւի» Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի կացութեան:

«Ռուսիան լրջօրէն կը վերաբերի թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ բազմակողմ պարտաւորութիւններուն, երկկողմանի գծով համապատասխան խորհրդակցութիւններ կը կատարուին… ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ին, ապա, մեր տեղեկութիւններով, անոնք ուշադիր կը հետեւին հայ-ազրպէյճանական սահմանին տիրող կացութեան», ընդգծած է ան:

«Ռուսիան կապի մէջ է թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի հետ` կացութիւնը խաղաղ հուն տեղափոխելու համար», ըսած է Զախարովա:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուցած է, որ երեքշաբթի Ռուսիոյ նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի վարչապետին հետ, իսկ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է հայ եւ ազրպէյճանցի պաշտօնակիցներու հետ:

«Միջնորդական այս ջանքերուն շնորհիւ երէկ երեկոյեան կռիւներն ու բախումները դադրած են: Միացեալ աշխատանքը կը շարունակուի` լարուածութիւնը ջնջելու ուղղութեամբ», ըսած է Զախարովա:

Ան լրագրողի մը խնդրանքով մեկնաբանելով Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակումին լոյսին տակ Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին աջակցութիւն յայտնելու հանգամանքը, ընդգծած է. «Մոսկուան կը կատարէ միջնորդի իր աշխատանքը, որուն նպատակը շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումն է»:

«Մենք գիտենք, որ իւրաքանչիւր երկիր ունի իր շահերը, որոշ շահեր կը հակասեն կացութեան զարգացման վերաբերեալ մեր պատկերացումներուն, ուրիշներ կը համընկնին: Տուեալ պարագային մենք գիտենք, թէ ի՛նչ պէտք էր անմիջական կերպով ձեռնարկել, որպէսզի կացութիւնը չվատթարանար եւ գար այն կէտին, որմէ մագլցումը սկսած էր, որպէսզի անիկա վերադառնար խաղաղ հուն: Մենք կեդրոնացած ենք ատոր վրայ: Կ՛երեւի վերլուծութիւն եւս պիտի կատարուի, սակայն ատիկա երկրորդական է: Առաջնայինը կացութեան հանդարտեցումն է, որով նաեւ կը զբաղին մեր նախարարութիւնները եւ, ի հարկէ, նախ եւ առաջ մեր երկրի նախագահը», ըսած է Զախարովա:

Բացի ատկէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը անդրադարձած է 8 նոյեմբերին Արցախի Շուշի քաղաքի վարի հատուածին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ քաղաքայինի մը (Մարտիկ Երեմեան) սպանութեան եւ երեք ուրիշներու վիրաւորուելու դէպքի լոյսին տակ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու կողմէ զինադադարի դրութեան պահպանման ու տեղւոյն բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման մասին հարցումին: Ան նշած է. «Մոսկուան կ՛աշխատի իւրաքանչիւր կողմի հետ` թէ՛ երկկողմանի խողովակներով, թէ՛ ալ այսպէս կոչուած հաւաքական հանդիպումներու ժամանակ»:

«Կողմերուն զսպուածութեան, դէպքերու նման զարգացումը չարտօնելու կոչեր կ՛ուղղենք: Մենք գնահատականներ կու տանք: Դուք պէտք է հասկնաք, որ ոչ բոլոր գնահատականները հրապարակաւ կը տրուին: Շատ բան, որ կ՛ըսուի, կ՛ըսուի անմիջականօրէն կողմերուն: Կը հիմնուինք անոր վրայ, որ ատիկա արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ այս կամ այն կացութեան մէջ», եզրափակած է Զախարովա:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Փեսքով. «Որոշ Փուլի Ռուսիոյ, Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Վեհաժողովը Անհրաժեշտ Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Վերսկսելու Չլուծուած Հարցերու Համապարփակ Լուծման Համար Բանակցութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?