Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողովը որոշ փուլի անհրաժեշտ պիտի ըլլայ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ երէկ լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Անկասկած, որոշ փուլի նման հաղորդակցութիւնները անհրաժեշտ պիտի ըլլան, սակայն որպէսզի անոնք կարելի ըլլան, ատոր համար անհրաժեշտ է երեք կողմերուն համաձայնութիւնն ու պատրաստակամութիւնը», ըսած է Փեսքով: