Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներ Կոչ Կ՛ուղղեն Վերսկսելու Արցախի Ապագայ Կարգավիճակին Շուրջ Բանակցութիւններուն

Նոյեմբեր 18, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտ, Հայաստանի հարցով զեկուցող Անտրէ Քովաչով եւ Ազրպէյճանի հարցով զեկուցող Ժելիանա Ժիւքօ միացեալ յայտարարութեամբ անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանի կացութեան սրումին եւ Արցախի տագնապին:

«Մենք լրջօրէն մտահոգ ենք երէկուան ծանր մարտերով, որոնք յաջորդած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանային լարուածութեան վերջերս արձանագրուած աճին: Ազրպէյճանի նախաձեռնած զինուորական գործողութիւնները` ի պատասխան ենթադրեալ սադրանքներուն, անցեալ տարուան 9 նոյեմբերի զինադադարի համաձայնագիրի կոպտագոյն խախտումներ են, որոնք տեղի ունեցած են մինչեւ օրս` յանգեցնելով տակաւին չհաստատուած քանակով զոհերու ու վիրաւորներու: Անոնք նաեւ պատճառ դարձած են զինուորներու գերեվարման:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք կացութեան լարուածութեան շուտափոյթ մեղմացման եւ կ՛ողջունենք Եւրոպական խորհուրդի նախագահի մասնակցութիւնը եւ ռուսական կողմի ջանքերով հաստատուած զինադադարը: Կը վերահաստատենք, որ սահմանին վերաբերեալ իւրաքանչիւր հաւանական տարակարծութիւն պէտք է լուծուի սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթի շուրջ բանակցութիւններու միջոցով, ոչ թէ ուժի կիրարկման եւ միակողմանի գործողութիւններու միջոցով: Կը դատապարտենք «սահմանախախտման» որեւէ փորձ, ինչպէս նկատուած է 12 մայիսին, երբ ազրպէյճանական զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի տարածք:

«Մենք կ՛աջակցինք փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու բացման կոչին, ինչպէս կը նախատեսուի 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի համաձայնագիրով, ինչ որ մեծապէս շահաւէտ պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանին համար:  Ատիկա կը ներառէ կապ Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի միջեւ: Յաջողութեան հասնելու համար կողմերը պէտք է հետեւին համաձայնագիրի կէտերուն եւ խուսափին չափազանց ծաւալուն մեկնաբանութենէն: Աւելի՛ն, մտահոգուած ենք Հայաստանի քաղաքները եւ գիւղերը իրար կապող` ազրպէյճանական տարածքէն անցնող ճամբաներուն վրայ ստեղծուած երթեւեկի խոչընդոտներով եւ կը կարծենք, որ նման վարքագիծը կը հակասէ համաձայնագիրի տրամաբանութեան եւ կը բարդացնէ տեղւոյն քաղաքացիներուն կեանքը:

«Մենք կը ցաւինք նաեւ, որ հակառակ միջազգային ընտանիքի բազմաթիւ կոչերուն, ներառեալ` Եւրոպական խորհրդարանի 20 մայիս 2021-ի բանաձեւին, բազմաթիւ հայ կալանաւորուած անձեր, որոնք ձերբակալուած են տագնապին առնչուած կացութեան մէջ, տակաւին ազատ չեն արձակուած, եւ այս հարցով կրկին կը դիմենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն: Նաեւ կը վերահաստատենք մեր կոչը փոխանակելու ականապատուած տարածքներու բոլոր քարտէսները, ինչ որ քաղաքացիներուն պիտի արտօնէ վերադառնալ տագնապի նախկին շրջաններ:

«Անգամ մը եւս կ՛ընդգծենք Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը` աջակցելու վստահութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն եւ որեւէ հարց բանակցութիւններու սեղանի շուրջ արծարծելուն, մասնաւորաբար` Լեռնային Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակի եւ տագնապի երկարատեւ լուծման շուրջ քննարկումներու վերականգնման` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ»:

 

Նախորդը

Ռուտենքօ Եւ Քլաար Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Կացութեան Սրումը

Յաջորդը

Քոնկրեսականներ Կ՛արձագանգեն

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?