Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսականներ Կ՛արձագանգեն

Նոյեմբեր 18, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ, Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոն մտահոգութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի նախայարձակութեան պատճառով Հայաստանի դէմ բռնութիւններու աճին առնչութեամբ:

«Ազրպէյճանի կողմէ հայկական հողի վրայ բռնութեան սրումը անընդունելի է: Հայաստանի դէմ մահացու բռնութիւններու այս աճը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու միջազգային ընտանիքը չեն ձեռնարկած անյապաղ եւ վճռական դիւանագիտական գործողութիւններու: Պնդումները, թէ երկու կողմերն ալ մեղաւոր են, կ՛անտեսեն այն փաստը, որ ազրպէյճանական զօրքերը կը յարձակին Հայաստանի գերիշխան տարածքին վրայ եւ կ՛ահաբեկեն անմեղ քաղաքացիները: Ասիկա միջազգային օրէնքի նպատակաուղղուած խախտում է, որ աւելի պիտի քաջալերէ Ալիեւը, եթէ ան չկանգնեցուի», «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարած է Ֆրանք Փալոն:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի աւագ անդամ Տէյւիտ Սիսիլին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Հայաստանի արեւելեան սահմանագօտիին վրայ Ազրպէյճանի յարձակումը անցեալ տարուան խաղաղութեան համաձայնագիրի յստակ խախտում է եւ պէտք չէ հանդուրժուի: Անցեալ տարի տեղի ունեցած տագնապին ժամանակ 6000 մարդ մահացած է, յաւելեալ մէկը պէտք չէ զոհուի այս տագնապին պատճառով: Ազրպէյճանը պէտք է ընդունի եւ յարգէ Հայաստանի գերիշխանութիւնը»:

Ներկայացուցիչներու տան հետախուզութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Էտըմ Շիֆ Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Խորապէս մտահոգուած եմ այսօրուան տեղեկութիւններով, ըստ որոնց Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը սահմանին վրայ յարձակած են հայ զինուորներու վրայ, կան տեղեկութիւններ նաեւ զոհերու կամ տասնեակներէ աւելի հայ զինուորներ ապօրինաբար գերեվարելու վերաբերեալ: Շղթայազերծուած այս յարձակումը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ զինադադարի մասին համաձայնութեան ուղղակի խախտում է եւ վառ յիշեցումը այն բանի, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է կարելի ամէն բան ընեն` զսպելու Ազրպէյճանի շարունակուող յարձակումը»:

Ան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ուղղած է անյապաղ գործի լծուելու` օգտագործելու դիւանագիտական իւրաքանչիւր խողովակ ու հաւանական լծակ` կանխարգիլելու զանգուածային յաւելեալ մարդասիրական աղէտ մը եւ ցոյց տալու Միացեալ Նահանգներու անսասան աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին ու անոր գերիշխանութեան:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներ Կոչ Կ՛ուղղեն Վերսկսելու Արցախի Ապագայ Կարգավիճակին Շուրջ Բանակցութիւններուն

Յաջորդը

Քանատան Հայաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Լարուածութեան Մեղմացման Կոչ Կ՛ուղղէ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?