Ազրպէյճանը վճռական է վերակառուցելու աւելի քան 9 կործանուած քաղաքները: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հաղորդումով` այս մասին յայտարարած է երկրի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ` 44-օրեայ պատերազմին նուիրուած խորհրդաժողովի ընթացքին:
Անոր համաձայն, «Ղարաբաղի հարցը այլեւս արտաքին քաղաքականութեան նիւթ չէ»:
«Ատիկա արդէն մեր ներքին գործն է: Հայաստանը պէտք է փոխէ իր վերաբերմունքը, հրաժարի Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներէն», աւելցուցած է Հաճիեւ: