Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ իր երկիրը նոյեմբեր 2020-էն ի վեր Հայաստանին յանձնած է 2020 թուականի արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած շուրջ 1700 զինուորի աճիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս Ազրպէյճան» լրատու գործակալութիւնը:
«Ներկայ պահուն յայտնաբերուած է եւ հակառակ կողմին յանձնուած է շուրջ 1700 հայ զինուորի մարմին: Մարմիններու փոխանակումը կատարած ենք իբրեւ մարդասիրական արարք` միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն համապատասխան», ըսած է Պայրամով: