Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Անգարան Մոսկուայի հետ աշխուժօրէն կը քննարկէ հրատապ հարցերը, ներառեալ Ղարաբաղի կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թուրքիոյ նորութիւնները» թելեկրամեան էջը:
Նախարարին համաձայն, Թուրքիան ու Ռուսիան կողմնակից են կառուցողական երկխօսութեան` հաշուի առնելով ազգային շահերը:
Չաւուշօղլու նաեւ նշած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ փոփոխութիւններու եւ վերափոխման յոյս յառաջացած է, եւ Անգարան պատրաստ է Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: