Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Սփինիզ Պէյրութ Մարաթոն»-ը` 29 Նոյեմբերին

October 20, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Պէյրութ մարաթոն միութեան կազմակերպած «Սփինիզ Պէյրութ մարաթոն»-ը, որ անգամ մը եւս իրար մօտ պիտի բերէ մօտ հազար աթլեթ արտասահմանէն, բան մը, որ բնականաբար կը նպաստէ շարժելու պանդոկներու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան վայրերու այցելութիւնները: Անոր Լիբանանէն պիտի մասնակցին 20 հազար աթլեթներ, որոնք միասնաբար պիտի վազեն Պէյրութի համար: Մրցումի մթնոլորտը պիտի սկսի օր մը առաջ` շաբաթ, 28 նոյեմբերին, մինչ արձանագրութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ 20 նոյեմբեր beirutmarathon.org կայքին վրայ:

Բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին «Նահար» օրաթերթի շէնքին առջեւէն եւ պիտի աւարտին Նահատակաց հրապարակին վրայ, Կեդրոնական Պէյրութ, անցնելու մայրաքաղաքի գեղեցիկ եւ տեսարժան վայրերէն, ծովային գիծէն, Այն Մրէյսէէն, Զէյթունա Պէյէն, հասնելով մինչեւ Էշրեֆիէ, Տըպպայէ, Պատարօ եւ այլ շրջաններ: Նիւթական նուէրներն ալ պիտի հասնին 36 հազար ամ. տոլարի, որ պիտի բաժնուի տարբեր մրցումներու առաջին դիրքերը գրաւող մարզիկներուն:

6 տարբեր մրցումներ տեղի պիտի ունենան, ուր հաշմանդամներու մրցումը պիտի սկսի առաւօտեան 5:45-ին եւ պիտի երկարի 21,1 քիլոմեթրի վրայ, անկէ ետք` ժամը 6:30-ին պիտի սկսի 42,195 քմ հիմնական մարաթոնը:

Դարձեալ ժամը 6:30-ին պիտի սկսի նաեւ կէս մարաթոնը (21,1 քմ): Ժամը 7:45-ին պիտի սկսի 10 քմ մրցումը (16 տարեկանէն սկսեալ): Ժամը 9:30ին պատանիներու մրցումը (2 քմ) պիտի սկսի 8-էն 15 տարեկաններու համար:

Ժամը 10:15-ին կը սկսի բարեսիրական մրցումը, որուն կրնան մասնակցիլ բոլորը: Ասիկա 6 քիլոմեթրի վրայ երկարող աւելի քաջալերական եւ հասութաբեր մրցում մըն է, որուն կը մասնակցին ծանօթ դէմքեր (քաղաքական եւ ընկերային):

Ժամը 10:30-ին տեղի կ՛ունենայ մրցանակներու եւ ախոյեաններու մետալներու յանձնման հանդիսութիւնը:

6 քմ բարեսիրական մրցումը քայլ մը պիտի ըլլայ որոշ բարեսիրական միութիւններու օգնելու, ուր Պէյրութ մարաթոնի միութիւնը 7 ամ. տոլար նուիրատուութիւն պիտի կատարէ այդ մասնակիցին ընտրած միութեան (մրցումէն առաջ):

Մասնակցող մեծ թիւով բարեսիրական միութիւններ կան, ինչպէս` Աժիալունա, «Պրէյվ Հարթ», Մանուկներու քաղցկեղի կեդրոն, Սեզոպել եւ այլ միութիւններ:

Ինչպէս միշտ, աւելի քան 40 շտապ օգնութեան ինքնաշարժներ ներկայ պիտի ըլլան Լիբանանեան Կարմիր խաչին կողմէ, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ 80-է աւելի մասնագէտ բժիշկներ եւ 20 բժշկական մոթորսիքլեթներ, մինչ աւելի քան 1500 կամաւորներ, գլխաւորութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին, ապահովութեան համար պիտի փակեն ճամբաները եւ հսկեն աթլեթներու անվտանգութիւնը:

Նախորդը

«Էմ. Էմ. Էյ.» Դաւիթ Մգոյեան Յաղթական

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Դաւիթ Մգոյեան Յաղթական
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Դաւիթ Մգոյեան Յաղթական

October 20, 2026
Մարմնամարզութիւն.  4 Հայ Մարզիկներ Հասան Աշխարհի  Աւարտական Մրցաշարք
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. 4 Հայ Մարզիկներ Հասան Աշխարհի Աւարտական Մրցաշարք

October 20, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Էմմա Պօղոսեան` Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Էմմա Պօղոսեան` Եւրոպայի Ախոյեան

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.