Հայաստանի մարզական մարմնամարզութեան հաւաքականը յաջող ելոյթ ունեցաւ Ռոթերտամի (Նետերլանտներ) մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Հայաստանի 4 ներկայացուցիչներն ալ նուաճեցին առանձին վարժութիւններու եզրափակիչներու ուղեգիր, մինչ Համլեթ Մանուկեան նժոյգ թափերու վարժութեան ձեռք ձգեց լաւագոյն արդիւնքը:
Իւրաքանչիւր վարժութեան որոշուեցան աւարտական մրցաշարքի մասնակից 8 մարզիկները:
Արթուր Դաւթեան յաջողութեամբ յաղթահարեց յենացատկի զտումի փուլը 14.633 կէտեր ձեռք ձգելով եւ գրաւելով 2-րդ դիրքը: Ան հաւասար կէտեր ձեռք ձգեց առաջին դիրքը գրաւող բրիտանացի Ճէյք Ճարմանի հետ, բայց լրացուցիչ ցուցանիշներով առաջին դիրքը զիջեցաւ անոր:
Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Քարլոս Եուլօ (Ֆիլիփեան կղզիներ), 14.266 կէտ ձեռք ձգեց եւ 6-րդ դիրքը գրաւեց` իր կարգին հասնելով աւարտական մրցաշարք:
Համլեթ Մանուկեան 14.933 կէտ ձեռք ձգեց նժոյգ թափերու վարժութեան` գրաւելով առաջին դիրքը եւ ինքզինք հաստատելով իբրեւ մետալներու գլխաւոր թեկնածուներէն մէկը: Նոյն վարժութեան, Մամիկոն Խաչատրեան 14.733 կէտ ձեռք ձգեց եւ գրաւելէ ետք 4-րդ դիրքը ապահովեց իր դիրքը` աւարտական հանգրուանին:
Հայաստանի հաւաքականին համար աւարտականի 4-րդ տոմսը շահեցաւ Արթուր Աւետիսեան: Օղակներու վարժութեան մրցումին, ան 14.233 կէտ ձեռք ձգեց` զտումի փուլը աւարտելով 4-րդ դիրքին վրայ: Այս վարժութեան լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց Չինաստանի ներկայացուցիչ Լան Սինիոյ, որ ձեռք ձգեց 14.733 կէտ:
Այս ձեւով Հայաստանի հաւաքականի 4 անդամներն ալ կրցան հասնիլ մարզական մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ռոթերտամի մէջ (Նետերլատներ), 17-էն 25 հոկտեմբերին:


