«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիական բանակը ծանր հրետանիով ռմբակոծած է Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի եւ զինեալներու կեդրոնները:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ ռմբակոծումին թիրախ դարձած են Սաֆուհա, Քաֆար Ուէյտ եւ Ֆթէյրա գիւղերը, որոնք կը գտնուին Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանի Ժապալ Զաուիայի մէջ:
Նշենք, որ ռուսական եւ սուրիական օդուժը շաբաթ օր իրերայաջորդ կերպով հարուածած էր Հայըաթ Թահրիր Շամի կեդրոններն ու զինապահեստանոցները, որոնք կը գտնուէին Ժապալ Զաուիայի Պարիհա, Քանասֆարա եւ Իպլին գիւղերու ժայռոտ բլուրներուն վրայ:



