Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան Պաքուին Կոչ Ուղղած Է` Դիւրացնելու Իրանեան Բեռնակառքերու Ազրպէյճանի Սահմանամերձ Տարածքներէն Անցումը

October 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ազրպէյճանցի իր գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք ըսած է, որ Թեհրան-Պաքու յարաբերութիւնները կը զարգանան փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանեան դիւանագիտութեան պետը հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Մենք գործընկերոջս` Ճէյհուն Պայրամովի հետ անկեղծ, ջերմ եւ կառուցողական զրոյց ունեցանք լիարժէք յարաբերութիւններու ճամբու քարտէսի վերաբերեալ»:

Յիշեցնենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ հինգշաբթի օր յայտարարած էր, որ Ազրպէյճան ազատ արձակած է Սիւնիքի Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ իր ձերբակալած իրանցի երկու վարորդները:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կ՛աւելցնէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է, որ Թեհրան վճռական է Պաքուի հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները ընդլայնելու եւ խորացնելու հարցին մէջ: Ապտոլլահեան բարձր գնահատած է կալանաւորուած երկու իրանցի վարորդներուն ազատ արձակումը եւ զայն որակած իբրեւ կառուցողական քայլ, որ կրնայ անհրաժեշտ հիմք ստեղծել թիւրիմացութիւնները լուծելու համար:

Ան կոչ ուղղած է աւելի շատ դրական քայլեր ընելու եւ դիւրացնելու իրանեան բեռնակառքերու Ազրպէյճանի սահմանամերձ տարածքներէն անցումը: Շեշտելով երկու պետութիւններուն կողմէ դրական եւ հեռանկարային մօտեցումի որդեգրման անհրաժեշտութիւնը` ան ընդգծած է երկու երկիրներուն միջեւ միացեալ տնտեսական յանձնախումբի գործունէութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ սկսելու անհրաժեշտութիւնը:

Պայրամով իր կարգին ողջունած է երկու պետութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած դրական քայլերը` թիւրիմացութիւնները լուծելու համար, երկու իրանցի վարորդներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ սահմանային տարանցման վերաբերեալ իրանեան համապատասխան հաստատութիւններու կողմէ տրուած վերջին հրահանգը` իբրեւ երկու կողմերէն թիւրիմացութիւնները լուծելու ազդանշան:

 

Նախորդը

«Յունաստանի Եւ Ֆրանսայի Միջեւ Զինուորական Համաձայնութիւնը ՕԹԱՆ-ի Մէջ Վստահութիւնը Կ՛ականահարէ» Կ՛ըսէ Աքար

Յաջորդը

Էրտողան Կը Հրամայէ 10 Դեսպաններ «Անբաղձալի Անձեր» Յայտարարել

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.