Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յունաստանի Եւ Ֆրանսայի Միջեւ Զինուորական Համաձայնութիւնը ՕԹԱՆ-ի Մէջ Վստահութիւնը Կ՛ականահարէ» Կ՛ըսէ Աքար

October 25, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Յունաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ զինուորական համաձայնութիւն գոյացաւ, հակառակ ՕԹԱՆ-ի մեր անդամակցութեան»:

«Կարգ մը դաշինքներու որոնումը վնաս կը պատճառէ Հիւսիսատլանտեան դաշինքին ու երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ կ՛ականահարէ վստահութիւնը», նշեց Աքար:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանական եւ անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ ստորագրեցին գործընկերութեան համաձայնութիւն մը, որուն հիմամբ Աթէնք 3 ֆրանսական յածանաւեր պիտի գնէ:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը Պրիւքսելի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներէն Թուրքիա «Էֆ-16» օդանաւերու առաքման պատուէրներու ընդունման հոլովոյթը արդէն սկսած է: Ան ընդգծած է, որ Թուրքիոյ մօտ գտնուող «Էֆ-16»-երը արդիականացման կարիք ունին:

«Մենք ուշադիր կը հետեւինք այս հոլովոյթին: «Էֆ-16»-երը արդիականացման կարիք ունին: Մենք Միացեալ Նահանգներէն` իբրեւ զինուորական գործընկեր եւ բարեկամ երկիր, կ՛ակնկալենք ո՛չ միայն 70 «Էֆ-16 Վայփըր»-ներու մատակարարում, այլ նաեւ ներդրում Թուրքիոյ պատերազմական օդանաւերու արդիականացման գործին մէջ: Պէտք չէ մոռնալ, որ Թուրքիոյ հզօրացումը կը նշանակէ ՕԹԱՆ-ի պաշտպանական հզօրութեան աճ: Թուրքիոյ սահմանները նաեւ դաշինքի սահմաններն են», ընդգծած է Աքար:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Կը Յայտարարէ, Որ Պատրաստակամ Է Իրանի Հետ Ուղիղ Բանակցութիւններու Սկսելու

Յաջորդը

Ապտոլլահեան Պաքուին Կոչ Ուղղած Է` Դիւրացնելու Իրանեան Բեռնակառքերու Ազրպէյճանի Սահմանամերձ Տարածքներէն Անցումը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.