Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Կը Փորձեն «3+3» Ձեւաչափի Գործարկումը Ձախողեցնել» Կ՛ըսէ Զախարովա

October 23, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Մոսկուան կ՛ակնկալէ «3+3» ձեւաչափի (Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան + Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) վաղաժամ մեկնարկ, սակայն կը նշէ այս հոլովոյթին Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած արեւմտեան երկիրներու միջամտութեան փորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք կը տեսնենք շարք մը արեւմտեան պետութիւններու, նախ եւ առաջ` Միացեալ Նահանգներու որոշ գործընթացներու միջամտելու, այս նախաձեռնութեան անիւներուն մէջ փայտ դնելու ցանկութիւնը: Մեր կողմէն կ՛առաջնորդուինք շրջանային «3+3» խորհրդատուական մեքանիզմի շուտափոյթ գործարկումով` ի շահ ատոր բոլոր մասնակիցներուն», ըսած է Զախարովա:

Ան նշած է, որ ամերիկեան կողմը, փորձելով կանխարգիլել բանակցային մեքանիզմի գործարկումը, զբաղած է ապատեղեկատուութեամբ` Մոսկուային վերագրելով այդ ձեւաչափի ստեղծման նախաձեռնութիւնը:

Զախարովա յիշեցուցած է, որ նման մեքանիզմ ստեղծելու գաղափարը առաջարկած են Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները:

«Ռուսիան աջակցած է այս նախաձեռնութեան: Մենք կը մեկնինք այն նախադրեալէն, որ բազմակողմանի շրջանային համագործակցութեան զարգացումը ամբողջովին կը համապատասխանէ այս ձեւաչափի բոլոր մասնակիցներու շահերուն: Եւ, մեր կարծիքով, այս մեքանիզմի գործարկումը պիտի նպաստէ միջպետական յարաբերութիւններու նկատմամբ վստահութեան բարձրացման, գոյութիւն ունեցող հակասութիւններու ջնջման եւ շրջանի տնտեսական, փոխադրամիջոցային եւ մարդասիրական ներուժի բացայայտման», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանն ու Վրաստանը տակաւին այս ձեւաչափին կողմնակից չեն. Վրաստանը կը նշէ, որ պիտի չըլլայ ձեւաչափի մը մէջ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ «բռնագրաւող» Ռուսիան:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Պաշտպանեն Թայուանը, Եթէ Չինաստան Յարձակում Գործէ» Կ՛ըսէ Պայտըն

Յաջորդը

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ. Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.