Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Պաշտպանեն Թայուանը, Եթէ Չինաստան Յարձակում Գործէ» Կ՛ըսէ Պայտըն

Հոկտեմբեր 23, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի պաշտպանէ Թայուանը, եթէ Չինաստանը յարձակում գործէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

«Այո՛, ատիկա կատարելու յանձնառութիւն ունինք», ըսած է ան` ժողովրդային լսարանի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ Թայուանը պիտի պաշտպանե՞ն:

Սակայն Սպիտակ տան բանբեր մը աւելի ուշ կարգ մը ամերիկեան լրատուամիջոցներու յայտնած է, որ անոր խօսքերը քաղաքականութեան փոփոխութիւն չեն նշանակեր:

Միացեալ Նահանգներ Թայուանը պաշտպանելու խնդրայարոյց հարցին վերաբերեալ միշտ ալ «ռազմավարական անորոշութիւն» կիրարկած են: Ատիկա կը նշանակէր, որ Միացեալ Նահանգներ դիտաւորեալ կերպով անորոշութիւն կը պահէր, թէ ի՛նչ պիտի ընէ, եթէ Չինաստան կղզիին վրայ յարձակում գործէ:

Չինաստան Թայուանը կը նկատէ անջատողական նահանգ մը, որուն օր մը անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ ուժի կիրարկումով վերատիրանալ, իսկ Թայուան կը յայտարարէ, թէ ինք գերիշխան պետութիւն է:

Միացեալ Նահանգներ Թայուանի հետ պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին, սակայն կղզիին զէնք կը ծախեն «Թայուանի յարաբերութիւններու հռչակագիր»-ի ծիրին մէջ, որ կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է կղզիին ինքզինք պաշտպանելու օգնէ:

Թայուանի նախագահի գրասենեակը, մեկնաբանելով Պայտընի յայտարարութիւնը, ըսաւ, որ ո՛չ ճնշումի առջեւ պիտի ընկրկի, ո՛չ ալ «անմտաբար յառաջ ընթանայ», երբ աջակցութիւն ստանայ: «Թայուան ինքզինք պաշտպանելու հաստատ վճռականութիւն պիտի ցուցաբերէ», ըսաւ նախագահի բանբեր Խավիեր Չենք, որ գոհունակութիւն յայտնեց Պայտընի վարչակազմին Թայուանի նկատմամբ «հաստատ» աջակցութեան նկատմամբ:

Վերջին շաբաթներուն Չինաստանի եւ Թայուանի միջեւ լարուածութիւնը մագլցում արձանագրեց, երբ չինական տասնեակներով պատերազմական օդանաւեր մուտք գործեցին Թայուանի օդային պաշտպանութեան գօտի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պայտըն աւելցուց, որ մտահոգ չէ Չինաստանի հետ միջազգային տագնապով, եւ ըսաւ, որ «պէտք չկայ մտահոգուելու, որ անոնք աւելի հզօր պիտի դառնան», որովհետեւ «Չինաստանը, Ռուսիան եւ մնացեալ աշխարհը գիտեն, որ մենք աշխարհի պատմութեան մէջ ամէնէն հզօր բանակն ենք»:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պայտըն «Սի.Էն.Էն.»-ի պատկերասփիւռի կայանէն ընտրողներու հետ հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է. «Ես (Չինաստանի նախագահ) Սի Ծինփինի հետ աւելի շատ խօսած եմ, քան համաշխարհային ղեկավարներէն ոեւէ մէկուն հետ: Դուք կրնաք լսել. «Պայտընը Չինաստանի հետ «պաղ պատերազմ» սկսած է»: Ես Չինաստանի հետ «պաղ պատերազմ» չեմ ուզեր»:

Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի չնահանջեն իրենց դիրքերէն եւ պիտի չփոխեն իրենց որեւէ տեսակէտը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանելով Պայտընին յայտարարեց. «Մեր շահերէն պիտի չզիջինք, եւ Ամերիկան կը յորդորենք Թայուանի հարցով զգուշութեամբ գործելու»:

Նախորդը

Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութիւնը Իրանի Մէջ Իւրանիոմի Գաղտնի Հարստացման Վերաբերեալ Տուեալներ Չունի

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կը Փորձեն «3+3» Ձեւաչափի Գործարկումը Ձախողեցնել» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?