«Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը,
ով որ հաւատայ ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնի, պիտի ապրի»
(Յովհաննէս 11,25)
ՄԱՀԱԶԴ
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր
ՏԷՐ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը
Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսաց եւ եպիսկոպոսաց դասը
Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը
եւ Պաթագեան ընտանիքը
սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն
ԱՐՀԻ. ՄԱՆՈՒԷԼ ԵՊՍ. ՊԱԹԱԳԵԱՆԻ
Վաստակաւոր առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի
Անդամ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան
վախճանումը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2021-ի, առաւօտուն, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:
Թաղման կարգը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2021-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Զմմառու վանքի մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին` նախագահութեամբ կաթողիկոս պատրիարքին:
Ապա, սրբազան հօր մարմինը պիտի ամփոփուի մայրավանքին միաբանական դամբարանին մէջ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յուղարկաւորութենէն ետք, ինչպէս նաեւ կէսօրէ ետք ժամը 16:00-էն 19:00, Զմմառու մայրավանքի դահլիճին մէջ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
—————————————
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի վարչութեան անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ:
Ծանօթ: Ներկաները մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:30-ին:
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀՄԸՄ-Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազիրեան» ակումբին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Ներկաներուն թիւը մեծամասնութիւն պիտի նկատուի երեկոյեան ժամը 8:45-ին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
—————————————
Հայկազեան Համալսարան Հայագիտական Ամպիոն
ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԽԱ (41-րդ) հատորին
Հիւր բանախօս`
ԴՈԿՏ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՇԱԿԵԱՆ
(Տնօրէն` Հայաստանի Ազգային Արխիւի)
Ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2021, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
ՍԻՐԱԼԻՐ ՀՐԱՒԷՐ ԲՈԼՈՐԻՆ