Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուս-հայկական միջշրջանային 8-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն իր ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած է բովանդակալից երկխօսութիւն եւ տարբեր ուղղութիւններով արդիւնաւէտ համագործակցութիւն:
«Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի դարաւոր աւանդութիւններու վրայ, կը կրեն դաշնակցային բնոյթ: Մեր պետութիւններուն միջեւ հաստատուած է բովանդակալից քաղաքական երկխօսութիւն, արդիւնաւէտ համագործակցութիւն տարբեր ուղղութիւններով», «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ նշուած է Քրեմլինի կայքին վրայ հրապարակուած ուղերձին մէջ:
Փութին նաեւ յայտնած է, որ ռուս-հայկական կապերու զարգացման գործին մէջ զգալի դեր կը խաղայ միջշրջանային գործակցութեան, որ կ՛արտօնէ փոխշահաւէտ նախագիծեր իրագործել տնտեսական, ընկերային, ենթակառուցային, մարդասիրական եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու մէջ:
Ռուսիոյ նախագահը կարեւոր նկատած է այն հանգամանքը, որ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ պաշտօնատարները, հասարակական կազմակերպութիւնները, ակադեմական, փորձագիտական եւ գործարար շրջանակները պիտի կարենան փորձառութեան փոխանակում կատարել, քննարկել երկկողմանի օրակարգի հարցերը եւ նախանշել հետագայ միացեալ աշխատանքի ուղիները:
«Կ՛ակնկալեմ, որ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ ստեղծագործական, կառուցողական մթնոլորտի մէջ, պիտի տրուի մեկնարկը նոր նախաձեռնութիւններու, որոնք պիտի նպաստեն ռուս-հայկական արդիւնաւէտ գործընկերութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկումի գործընթացներու յառաջխաղացման», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը` յաջողութիւն մաղթելով խորհրդաժողովի մասնակիցներուն:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Երեւանի մէջ սկսած է Հայ-ռուսական միջշրջանային 8-րդ համախմբումը, որուն կազմակերպիչներն են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութիւնը, Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութիւնը: