Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքերու Երկրի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է Ազրպէյճանէն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումը Պահանջող Բանաձեւ Մը

October 9, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պասքերու երկրի խորհրդարանը երէկ միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը, որով Ազրպէյճանէն կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել հայ պատերազմական գերիները, յարգել զինադադարը եւ դադրեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կատարած զինուորական ներխուժումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն:

«Ազրպէյճանէն կը պահանջենք շտապօրէն ազատ արձակել տագնապի ընթացքին եւ ատկէ ետք գերեվարուած բոլոր հայ գերիները` առանց նախապայմաններու եւ ինչպէս կը պահանջէ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին եռակողմ յայտարարութիւնը: Ինչպէս նաեւ կը միանանք Եւրոպական խորհրդարանի առաջարկին, որով կը վերահաստատուի Արցախի ապագայ կարգավիճակը բանակցութիւններու միջոցով լուծելը, ուժի գործադրման բացառումը, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը», իր խօսքին մէջ ըսած է Պասքերու երկրի խորհրդարանի ընդդիմադիր անդամ Էիհանա Էչեպերիեթա Լեկրան:

Ան ողջունած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ նախարարներու մակարդակով հաղորդակցութիւններու հանգամանքը` ընդգծելով քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը, սակայն մինչ այդ, անոր համաձայն, իրենք նախ պէտք է իրենց վերաբերմունքը արտայայտեն Հայաստանի եւ Արցախի դէմ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումին նկատմամբ եւ իրենց համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը` հայ ժողովուրդին` իր տարածքային եւ հանրային իրաւունքները պաշտպանելու գործին մէջ:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ` Հետաքննելու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հայաստանի Եւ Արցախի Առնչուած Ձախողութիւնները

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Պիտի Այցելեն Շրջան` Քննարկելու Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հանդիպումին Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.