Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիտական Նորութիւններ

Հոկտեմբեր 5, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter
– Բժշկական Առասպելներ (Myths) Գերզգայունութեան Մասին
– Չօգտագործուած Դեղերէ Ձերբազատիլը.  Այն, Ինչ Պէտք Է Գիտնաք
– Բժիշկները Պէտք Է Խուսափին «Իվերմեքթին» Տալու Ճնշման Ենթարկուելէ

Պատրաստեց`ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Բժշկական Առասպելներ (Myths)
Գերզգայունութեան Մասին

Գերզգայունութիւնը (ալերժի) անսովոր կամ չափազանցուած դիմադրականութեան հակազդեցութիւն (immune response) է` որոշակի նիւթի մը դրդութեամբ: Ախտանիշները կը ներառեն` աչքերու քերուըտուք, հզզոց(1) (wheeze), փռնգտոց: Շատերու համար գերզգայունութիւնը անյարմար եւ տհաճ է, բայց ուրիշներու համար` կեանքի սպառնալիք:

Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) գնահատումներուն, աշխարհի մէջ մարդոց 20 տոկոսը գերզգայունութիւն ունի:

Ամէնէն տարածուած գերզգայունութիւններէն մէկը` խարի տենդը(2) (hay fever), 2018-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ ախտորոշուած է մօտ 19,2 միլիոն մարդու մօտ, եւ այս թիւը ամենայն հաւանականութեամբ կ՛աճի:

Նկատի առնելով անոնց տարածուածութիւնը` գերզգայունութեան հետ կապուած առասպելներու ըմբռնումը եւ մերժումը կարեւոր խնդիր է: Այստեղ մենք կ՛անդրադառնանք 11 առասպելներու.

  1. Գերզգայնութիւնը կը զարգանայ միայն երեխաներու մօտ

Տարածուած առասպելը կ՛ըսէ. «Երբ հասուն տարիքի հասնիս, այլեւս գերզգայունութիւն ունենալու վտանգէն ազատած կ՛ըլլաս»: Այս մէկը չի համապատասխաներ իրականութեան:

Վստահուած աղբիւրներէն մէկը, օրինակ, ուսումնասիրեց Միացեալ Նահանգներու մէջ 40.443 մեծահասակներու սննդային գերզգայունութեան տարածուածութիւնը: Հետազօտութեան պահուն մասնակիցներու 10,8 տոկոսը սննդային գերզգայունութիւն ունէր:

Հեղինակները պարզած են, որ սննդային գերզգայունութիւն ունեցող այս մարդոց մօտ կէսին սննդային գերզգայունութիւններէն առնուազն մէկը զարգացած է իրենց հասուն տարիքին:

  1. Գերզգայունութեան բուժման (treatment) միջոցներ չկան

Ընդհանրապէս գերզգայունութեան հակահարուածը նուազագոյնի հասցնելու լաւագոյն միջոցը դրդիչներէն խուսափիլն է` ըլլայ այդ մէկը սննդամթերք կամ կենդանիի տեսակ: Գերզգայունութեան ապաքինումներ (2) (cure) չկան:

Այնուամենայնիւ, որոշ բուժումներ կրնան արդիւնաւէտ ձեւով նուազեցնել ախտանիշները: Օրինակ, հակաարիւնեզողները (decongestants) կրնան թեթեւցնել գերզգայունութեան քիթի ախտանիշները, հակահիսթամինները եւ քիթի սթերոիտային սրսկիչները նոյնպէս կրնան արդիւնաւէտ ըլլալ:

Առաւել եւս, դիմադրական բուժումը (immunotherapy) կրնայ օգնել նուազեցնելու գերզգայունութիւնը:

  1. Սննդային գերզգայունութիւնը եւ սննդային անհանդուրժողականութիւնը (intolerance) նոյնն են

Այս մէկը ճիշդ չէ. սննդային գերզգայունութիւնը եւ սննդային անհանդուրժողականութիւնը տարբեր բաներ են: Երբ մէկը սննդային գերզգայունութենէ կ՛անցնի, այդ մէկը կը ղեկավարուի իր դիմադրականութեան համակարգի կողմէ` ի մասնաւորի Immunoglobulin E (IgE) -ի ներկայութեան:

IgE-ի միջնորդութեամբ դիմադրականութեան պատասխանի ժամանակ IgE-ն կը կապուի որոշակի բջիջներու ընկալիչներու (receptors) հետ, այդ բջիջներէն են նաեւ մասթ բջիջները (mast cells) եւ պազոֆիլները: Այս բջիջները իրենց կարգին կ՛արտադրեն հիսթամին (գերզգայնութեան ախտանիշներ յառաջացնող հիմնական նիւթը) եւ այլ նիւթեր, որոնց պատճառով ախտանիշները շատ արագ ձեւով կը պարզուին:

Մինչ անհանդուրժողականութիւնը դիմադրականութեամբ չի միջնորդուիր եւ ախտանիշներու յայտնուիլը աւելի երկար կը տեւէ: Անհանդուրժողականութիւնը կեանքը վտանգի չ՛ենթարկեր, սակայն սննդային գերզգայունութիւնը որոշ պարագաներու`թերեւս:

  1. Գերզգայունութիւնը ցմահ է

Բարեբախտաբար, այս մէկը առասպել է: Հակառակ անոր որ կարգ մը գերզգայունութիւններ ցմահ կը մնան, որոշ գերզգայունութիւններ կրնան անհետանալ տարիներու ընթացքին:

Գերզգայունութեան նուազումը ժամանակի ընթացքին կախում ունի ալերժենէն(4): Սննդային գերզգայունութեան պարագային երեխաներու մեծ մասը կրնայ ձերբազատիլ կաթի, հաւկիթի եւ ցորենի գերզգայունութիւններէն, բայց գետնանուշի (peanut), ձուկերու եւ խեցեմորթերու (shellfish) նկատմամբ գերզգայունութիւնները յաճախ ցմահ են:

  1. Գետնանուշի գերզգայունութիւնը ամէնէն լուրջն է

Հակառակ անոր որ գետնանուշի գերզգայունութիւնը ամէնէն տարածուածն է, Միացեալ Նահանգներու մէջ ան կ՛ազդէ մօտաւորապէս 6,1 միլիոն մարդու վրայ,- եւ կրնայ վտանգաւոր ըլլալ, սակայն գերզգայունութիւնը դասակարգելու միջոց չկայ: Կարգ մը մարդոց մօտ կրնայ մեղմ հակազդեցութիւն յառաջացնել, իսկ ուրիշներու մօտ թերեւս Anaphylaxis(5) պատճառէ:

Հակազդեցութեան ծանրութիւնը կախում ունի անհատի դիմադրականութեան համակարգէն:

  1. Մրսածութիւնն (Common cold) ու գերզգայունութիւնը նոյնն են

Հակառակ անոր որ մրսածութիւնն ու գերզգայունութիւնը կրնան որոշակի նոյնանման ախտանիշներ ունենալ, ներառեալ փակուած քիթը եւ աչքերու հոսքը, սակայն անոնք տարբեր են: Մրսածութեան ախտանիշները կը յառաջանան ժահրերու նկատմամբ դիմադրականութեան պատասխանէ, մինչդեռ գերզգայունութեանը` ալերժենի նկատմամբ:

Տարբերութիւն մը եւս կայ. մրսածութիւնը մօտ 1-2 շաբաթ կը տեւէ, մինչդեռ գերզգայունութիւնը, որոշ պարագաներու, կրնայ տեւել ամբողջ կեանքի ընթացքին:

  1. Կարճ մազերով կատուներն ու շուները գերզգայունութիւն չեն յառաջացներ

Սա ճիշդ չէ. որոշ մարդոց համար կենդանիներու կարգ մը ցեղատեսակներ աւելի քիչ հաւանական է, որ գերզգայունութիւն դրդեն, բայց չկան խիստ կանոններ: Գերզգայունութիւնը չի յառաջանար կենդանիի մազէն, այլ անոնց մաշկի մահացած բջիջներու, թուքի եւ մէզի պատճառով:

Բացի անկէ, կենդանիներու մազերը կամ բուրդը կրնայ հաւաքել բեղմիկ եւ բացօթեայ այլ ալերժեններ:

  1. Նուազ գերզգայունութիւն յառաջացնող ցեղատեսակներ

Շատերը կը կարծեն, թէ կատուի եւ շան որոշ ցեղատեսակներ աւելի նուազ կարելիութիւն ունին գերզգայունութիւն յառաջացնելու, սակայն,  այնուամենայնիւ, այս մէկն ալ առասպել է:

  1. Մնայուն կենդանիներու ենթարկուիլը կը նուազեցնէ գերզգայունութիւնը

Կայ տարածուած տեսութիւն մը, որ եթէ կենդանիներու նկատմամբ գերզգայունութիւն ունեցող անձը ժամանակ անցընէ այդ տեսակի կենդանիներու հետ, ապա գերզգայունութիւնը կամաց-կամաց կը բարելաւուի: Բայց այդ մէկը ճիշդ չէ: Փաստօրէն, որոշ կենդանիներու տէրեր ժամանակի ընթացքին աստիճանաբար կրնան գերզգայունութիւն ունենալ իրենց կենդանիներուն հանդէպ:

Բժիշկ Մեհտիզատէ MNT-ին բացատրեց.

«Ճիշդ այն ատեն, երբ դիմադրականութեան համակարգը կը նախապատրաստուի կամ զգայուն կը դառնայ ալերժենի, օրինակ` ընտանի կենդանիին պարագային, անհատը կը դառնայ անոր գերզգայունակ` եթէ ենթարկուի անոր մազերուն կամ թեփին: Դիմադրականութեան բուժումը տեղի կ՛ունենայ միայն մասնագէտի ղեկավարութեամբ, անհատը ենթարկելով ալերժենի պզտիկ եւ աստիճանաբար աճող չափաբաժիններուն»:

Կենդանիներու նկատմամբ գերզգայունութեան վերաբերեալ յօդուածներու հեղինակները կը նշեն, թէ «ընտանի կենդանիներու վաղահաս տան ծանօթացումը կրնայ նուազեցնել գերզգայունութեան զարգացման հաւանականութիւնը»: Այսինքն, եթէ ընտանի կենդանիները տուն բերուին, երբ երեխաները տակաւին փոքր են, անոնք աւելի քիչ հաւանական է, որ գերզգայունութիւն ունենան այս կենդանիներուն նկատմամբ, երբ չափահաս դառնան:

  1. Գերզգայունութիւնը լուրջ պարագայ չէ

Բարեբախտաբար, շատ մարդոց համար գերզգայունութիւնը անյարմար եւ նեղացուցիչ է, բայց ոչ վտանգաւոր: Այնուամենայնիւ, որոշ անհատներու համար գերզգայունական հակազդեցութիւնը կրնայ աւարտիլ Anaphylaxis-ով: Այս իրադարձութեան ընթացքին մարմնին մէջ մեծ չափաբաժիններով հիսթամին կ՛արտադրուի` յառաջացնելով բորբոքային պատասխան: Ախտանիշները կը ներառեն շնչառութեան դժուարութիւն, հզզիւն (wheeze), ստամոքսի ցաւ եւ պռկումներ, անձկութիւն (anxiety), անհանգստութիւն, ոտքերու, ձեռքերու, շրթունքներու, աչքերու, երբեմն նաեւ սեռական օրկաններու ուռեցք եւ գիտակցութեան կորուստ:

Նոյնիսկ այն գերզգայունութիւնները, որոնք կրնան համեմատաբար աննշան սեպուիլ, որոնցմէ է եղանակային գերզգայունութիւնը, կրնան լուրջ խնդիրներ յառաջացնել: Խարի տենդը կրնայ վնասել որակեալ քունին, որուն պատճառով կրնայ դժուարանալ աշխատանքի վրայ կենդրոնացումը` մեծցնելով բացակայութեան կամ աշխատավայրին մէջ դժբախտ պատահարներու վտանգը:

2012 թուականին վստահուած աղբիւրներէն մէկը ուսումնասիրած է խարի տենդի ազդեցութիւնը 616 մասնակիցներու «առողջութեան հետ կապուած կեանքի որակի» վրայ: Անոնք եզրակացուցին, որ խարի տենդը «աւելի մեծ չափով կը վնասէ աշխատանքի արտադրողականութեան», քան բարձր արեան գերճնշումը եւ 2-րդ տեսակ շաքարախտը:

Մէկ այլ վստահուած կողմ մը 2009-ին ուսումնասիրած է եղանակային գերզգայունութեան հետեւանքները` եզրակացնելով, որ խարի տենդը «զգալի բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ սեռական գործառնութեան վրայ եւ կրնայ քունի խանգարում ու յոգնածութիւն պատճառել»:

  1. Ծաղիկները խարի տենդ կը յառաջացնեն

Թերեւս զարմանալի է, որ այս մէկը առասպել է: Խարի տենդը կը յառաջանայ օդային փոշիէն: Ծաղիկները հակում ունին արտադրելու մեծ եւ կպչուն բեղմիկ, որ դիւրութեամբ չի թռչիր օդին մէջ:

Խարի տենդի հիմնական պատճառներն են խոտերու եւ ծառերու թեթեւ փոշին:

Ամփոփում

Գերզգայունութիւնները զարմանալիօրէն տարածուած են եւ անոնք կը տարբերին համեմատաբար փոքր վնաս հասցնողէն մինչեւ կեանքի սպառնացողը: Հաւանաբար այս տարածուածութեան եւ բազմազանութեան պատճառով է, որ այդքան առասպելներ կան անոնց մասին:

Հակառակ անոր որ գերզգայունութիւններու դէմ դեռ ապաքինում չկայ, գիտնականները կը շարունակեն իրենց յայտնագործութիւններու ճանապարհորդութիւնը: Անշուշտ, անոնք օր մը պիտի գտնեն միջոցը աշխարհի բնակչութեան վրայ իրենց ազդեցութիւնը թեթեւցնելու:

1հզզոց– այն կծկող սուլոցը կամ կոշտ թրթռոցը, որ կը լսուի շնչուղիները մասամբ փակ ըլլալու պարագային:

2խարի տենդ-բեղմիկի (pollen) գերզգայունութեան հակահարուած (allergic reaction), երբ ան կը հպի բերնին, քիթին, աչքերուն կամ կոկորդին:

3Բուժում եւ ապաքինում– բուժումը կը բարելաւէ հիւանդին կարգավիճակը եւ կեանքի որակը, մինչդեռ ապաքինումը հիւանդութիւնը ամբողջութեամբ կը հեռացնէ հիւանդէն:

4Ալերժեն– Գերզգայունութիւն դրդող նիւթը:

5Anaphylaxis– Ծանր, կեանքի սպառնացող գերզգայունական հակազդեցութիւն է: Ան կրնայ յառաջանալ վայրկեաններու կամ երկվայրկեաններուն ընթացքին` բաւական ենթարկուելու այն բանին, որուն հանդէպ գերզգայունութիւն ունիք, օրինակ` գետնանուշը կամ մեղուի խայթոցը:

Աղբիւր` «Մետիքըլ Նիուզ Թուտէյ»

Չօգտագործուած Դեղերէ Ձերբազատիլը.
Այն, Ինչ Պէտք Է Գիտնաք

(Գիտցէք, Թէ Ինչպէ՛ս Պէտք Է Ազատիլ
Չօգտագործուած Կամ Ժամկէտանց Դեղերէն)

Արդեօք ձեր դեղատունը լի չէ՞ ժամկէտանց դեղերով, զորս այլեւս չէք օգտագործեր:

Ձեր դեղերը ձեզի համար են: Այն, ինչ ձեզի համար անվտանգ է, կրնայ վնասակար ըլլալ ուրիշին համար: Ժամկէտանց, անցանկալի կամ չօգտագործուած դեղերէն ազատելու լաւագոյն միջոցը դեղերու վերադարձման ծրագիրներն են, կամ դուք այդ մէկը տունը կրնաք ընել:

Ինչպէ՞ս տան մէջ ձերբազատիլ դեղամիջոցներէ

Երբ վերադարձնելու տարբերակը մատչելի չէ, կայ դեղերէ ձերբազատելու երկու ձեւ, որուն ընտրութիւնը կախեալ է դեղատեսակէն.

1.- Արտաքնոցի մէջ թափել.- Որովհետեւ որոշ դեղեր կրնան վնասակար ըլլալ ուրիշներու, անոնք ունին յատուկ ձեւեր` զանոնք անյապաղ թափելու լուացարանի կամ զուգարանի մէջ, երբ անոնք այլեւս անհրաժեշտ չեն, եւ վերադարձնելու տարբերակը մատչելի չէ:

Ինչպէ՞ս պիտի գիտնաք: Ձեր դեղորայքի տուփին մէջ ստուգեցէք պիտակը կամ տեղեկատուական թերթիկը, կամ Սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութեան (FDA) արտաքնոցի մէջ թափուող դեղերու ցուցակը, որ խորհուրդ կու տայ դեղերը հեռացնել` արտաքնոցի մէջ թափելով, երբ վերադարձնելու տարբերակը մատչելի չէ: Յիշեցէ՛ք, պէտք չէ թափել այն դեղերը, որոնք չեն յիշուած ցանկին մէջ: Այս դեղերէն յիշենք` Fentanyl-ը, Morphin-ը, Buprenorphine-ը, Methylphenidate-ը, Meperidine-ը, Diazepam-ը, Hydromorphone-ը, Methadone-ը, Hydrocodone-ը, Tapentadol-ը, Oxymorphone-ը, Oxycodone-ը եւ Sodium Oxybate-ը:

2.- Աղբանոցի մէջ թափել.- Եթէ վերադարձնելու ծրագիրը հասանելի չէ, գրեթէ բոլոր դեղերը, բացի FDA-ի` արտաքնոցի մէջ թափուելիք դեղերէն, կարելի է նետել ձեր տան աղբին մէջ: Ասոնցմէ են դեղագիրով եւ առանց դեղագիրի (OTC) դեղամիջոցները` դեղահատերը, հեղուկները, կաթիլները, կպչուկներն ու օծանելիքները:

Հետեւեցէք այս քայլերուն.

1- Դեղերը հանեցէք իրենց տուփերէն եւ խառնեցէք անցանկալի բանի մը հետ, ինչպիսիք են` օգտագործուած սուրճի դիրտը, աղտը կամ կատուի կեղտը: Այս մէկը դեղը աւելի քիչ գրաւիչ կը դարձնէ երեխաներու եւ ընտանի կենդանիներու համար եւ անճանաչելի է այն մարդոց համար, որոնք կրնան դիտաւորեալ ձեւով խառնել աղբը` այնտեղ թմրանիւթեր գտնելու նպատակով:

2-Խառնուրդը դրէք փակելի պահածոյի մը մէջ` դեղը դուրս չթափելու (եթէ կարծր է) կամ անոր արտահոսքը կանխելու համար (եթէ հեղուկ է):

3- Պահածոն նետեցէք աղբի մէջ:

4-Ինքնութեան պաշտպանութեան ու գաղտնապահութեան համար սրբեցէք ձեր բոլոր անձնական տուեալները դեղերու պարապ փաթեթաւորումներուն վրայ եւ նետեցէք զանոնք աղբին մէջ:

Եթէ ձեր դեղերուն վերաբերեալ հարցումներ ունիք, հարցուցէք ձեր առողջապահական ծառայութիւններ հայթայթողին կամ դեղագործին:

Ֆենթանիլի կպչուկներէ (Patch) ձերբազատիլը

Ֆենթանիլի կպչուկները դեղի այն տեսակներէն են, որոնք կը պարունակեն ուժեղ օփիոտի դեղատեսակ, որ կրնայ վտանգաւոր ըլլալ այն մարդոց համար, որոնց համար դեղը նախատեսուած չէ: Այս կպչուկը մաշկի միջոցով ուժեղ ցաւազերկող մըն է:

Նոյնիսկ կպչուկն օգտագործելէ յետոյ տակաւին դեղանիւթ կը մնայ անոր մէջ: Այդ պատճառով դեղին հետ միասին կու գայ արտաքնոցի մէջ անոնցմէ ձերբազատելու ցուցմունք:

Ներշնչակներէ (inhaler) ձերբազատիլը

Բնապահպանական խնդիրներէն մէկը ներշնչակներն են, որոնք կ՛օգտագործուին այն մարդոց կողմէ, որոնք ազմա կամ շնչառութեան այլ խնդիրներ ունին, ինչպիսիք են թոքերու երկարատեւ խանգարիչ հիւանդութիւնը (COPD):

Այս ապրանքները կրնան վտանգաւոր ըլլալ, եթէ ծակին կամ նետուին կրակի կամ փուռի մէջ: Այս ապրանքներու ճշգրիտ տնօրինման համար, տեղական կանոնակարգերուն եւ օրէնքներուն հետեւելու համար դիմեցէք ձեր աղբի եւ վերամշակման հաստատութեան:

Արտաքնոցի մէջ ձերբազատելիք դեղեր եւ ջրամատակարարում

Ոմանք կը հարցադրեն, թէ արդեօք լա՞ւ է որոշ դեղեր արտաքնոցի մէջ թափել, երբ  վերադարձնելու տարբերակը մատչելի չէ: Մտահոգութիւններ կան թմրանիւթերու այն փոքր չափաքանակներուն նկատմամբ, որոնք կրնան յայտնաբերուիլ մակերեւութային ջուրերուն մէջ, ինչպիսիք են գետերն ու լիճերը եւ խմելու ջուրի պաշարները:

«Թմրամիջոցներու մնացորդները ջուրի համակարգեր մտնելու հիմնական միջոցը մարդոց ճամբով կ՛ըլլայ, երբ անոնք կը գործածեն զանոնք ու բնականաբար կը փոխանցեն բնութեան` իրենց մարմնին միջոցով», կ՛ըսէ Ռաանան Պլում` FDA-ի բնապահպանական գնահատման փորձագէտ: «Շատ դեղեր ամբողջութեամբ չեն ներծծուիր կամ նիւթափոխանակուիր (metabolize) մարմնին կողմէ եւ կրնան բնութեան անցնիլ կոյուղիներու մաքրման կայաններէն անցնելէն ետք»:

FDA-ը եւ Միացեալ Նահանգներու բնապահպանութեան գործակալութիւնը լրջօրէն կը հետեւին որոշ դեղեր արտաքնոցի մէջ թափելու մտահոգութիւններուն: Այնուամենայնիւ, շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան որեւէ նշան չէ եղած յիշեալ ցանկի դեղերը արտաքնոցներու մէջ թափելով: Փաստօրէն, FDA-ը հրապարակեց փաստաթուղթ մը` գնահատելու համար այս մտահոգութիւնը եւ գտնելու շրջակայ միջավայրի հետեւանքներու նոյնիսկ աննշան վտանգը, որ կրնայ յառաջանալ դեղերու ձերբազատման այս ձեւէն:

Աղբիւր` FDA

Բժիշկները Պէտք Է Խուսափին
«
Իվերմեքթին» Տալու Ճնշման Ենթարկուելէ

Նիւ Եորք համալսարանի Լանկոնի բժշկական կեդրոնի եւ բժշկական-բարոյագիտական բաժնի տնօրէն Արթ Քափլան տեսերիզով մը ելոյթ ունեցաւ` յայտնելով իր մտահոգութիւնը «Իվերմեքթին» դեղատեսակը «Քորոնա» ժահրի բուժման դեղագրելու մասին: Ստորեւ կ՛արտագրենք անոր խօսքը.

Ողջո՜յն, ես Արթ Քափլանն եմ` Նիւ Եորք համալսարանի Կրոսման բժշկական դպրոցի բժշկական-բարոյագիտական բաժինէն: Ես որոշ զարմանքով, զայրոյթով եւ վրդովմունքով կը հետեւէի Merck-ի կողմէ արտադրուած «Իվերմեքթին»-ի,-որ հակաորդային դեղատեսակ մըն է, դեղագրումին` իբրեւ «Քորոնա»-ի բուժում:

Վերջերս Շիքակոյի կից «Ամիթա հելթ ռեզըրվէյշըն» բժշկական կենդրոնին մէջ կար հիւանդ մը, որ հակապատուաստական էր: Ան վարակուեցաւ «Քորոնա»-ով եւ կը գտնուէր վերակենդանացման բաժանմունքը (ICU). ան կ՛ուզէր, որ հիւանդանոցը իրեն «Իվերմեքթին» տայ, սակայն անոնք չէին տար: Ան գտաւ բժիշկ մը, որ կը դեղագրէր զայն, բայց հիւանդանոցը այնուամենայնիւ մերժեց զայն տալ:

Եղած են այլ դէպքեր, երբ դատարանները հրահանգած են «Իվերմեքթին»-ը հարազատներու խնդրանքով տալ վերակենդանացման բաժանմունքերու մէջ գտնուող հիւանդ մարդոց: «Իվերմեքթին»-ի պատմութիւնը զիս կը յիշեցնէ այն օրերը, երբ մենք բոլորս մտահոգ էինք հայտրոքսիքլորոքինով, այն չապացուցուած միջամտութիւնը, որ նախագահ Թրամփ եւ շատ այլ մարդիկ կը յայտարարէին զայն որպէս «Քորոնա»-ի բուժում, որուն համար չկային տուեալներ, չկային ապացոյցներ, ե` ոչ մէկ փորձարկութիւն (trial):

Ցաւ ի սիրտ, նոյնը կը վերաբերի «Իվերմեքթին»-ին: Յայտնուեցաւ պզտիկ տեղեկատուութիւն մը, որ կ՛ըսէր, թէ ան կրնայ կանխարգելիչ ըլլալ` «Քորոնա»-ի վարակէ խուսափելու առումով, բայց այդ ուսումնասիրութիւնները թոյլ էին եւ լաւ վերահսկուած չէին, եւ անոնցմէ շատեր ետ քաշուեցան` տուեալներու կեղծման մեղադրանքով:

Եթէ դուք փնտռէք ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ «Իվերմեքթին»-ը կ՛օգնէ, որ վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ եղող հիւանդները լաւանան, ոչինչ կը գտնէք: Այս դեղատեսակը գոյութիւն ունի տասնամեակներ շարունակ եւ կ՛օգտագործուի մարդոց կողմէ որպէս հակաորդ, մասնաւորապէս Ափրիկէի մէջ (Կինիայի որդը), եւ այն կենդանիներու կողմէ, որոնք ունին որդային հիւանդութիւններ: Դժուար է պատկերացնել, որ վարակազերծող դեղ մը, որ կը սպաննէ մակաբոյծերը (parasites), արդիւնաւէտ է նաեւ ժահրերու դէմ:

Ամենախօսունն այն է, որ CDC-ն, FDA-ը, AMA-ը, WHO-ն, Merck-ը եւ բազմաթիւ տեղամասերու մէջ, ներառեալ Շիքակոյի մէջ առողջապահութեան բազմաթիւ յանձնակատարներ ըսած են. «Մի՛ օգտագործէք այս դեղը»: Ան կրնայ գործածուիլ որդերու դէմ մարդոց գործածութեան համար, կրնայ գտնուիլ անասնաբուժի բուժարանէն ներս` ոչխարներու համար, բայց ան նախատեսուած չէ «Քորոնա»-ի համար: Մի՛ օգտագործէք զայն:

Հրաժարեցէ՛ք ասկէ: Դուք պէտք չէ ոեւէ մէկուն վտանգաւոր ու չապացուցուած դեղեր տաք: Դատարանը կրնայ հիւանդին զայն առնելու դիւրութիւններ տալ, բայց անձնապէս կը դիմադրեմ: Ես կասկած չունիմ, որ դուք կը յաղթէք, քանի որ այս բոլոր հիմնական խումբերը հանդէս կու գան ու կ՛ըսեն. «Սա խնամքի չափանիշ չէ: Մի՛ օգտագործէք զայն»:

Ինծի կը թուի, թէ մենք չենք ուզեր բժշկութիւն մը, որ կը գործէ այսպէս. «Համացանցի վրայ գրութիւն մը տեսայ. Ճերմկցնող նիւթեր (bleach), ճինսենկ, սխտոր, «Իվերմեքթին». ես կ՛ուզեմ այս մէկը: Կը գտնեմ բժիշկ մը, որ պատրաստ է զայն դեղագրել: Յետոյ կ՛առնեմ»: Այդպէս չ՛ընթանար բժշկութիւնը:

Ինչպէ՞ս բժշկութիւնը կ՛ընթանայ. փորձառու մարդիկ իրենց հաստատութիւններուն մէջ կը սահմանեն խնամքի չափանիշ: Անոնք չեն ենթարկուիր բռնութեան` անիմաստ, վտանգաւոր, անօգուտ եւ կողմնակի մարդոց կողմէ պարտադրուած բաներ ընելով: Երբ ցուցարարներ դէմ կը դնեն բժիշկներուն, որովհետեւ անոնք ճիշդ կը վարուին եւ «Իվերմեքթին»-ի նման բան չեն դեղագրեր. անոնց հիւանդանոցները եւ բժշկական ընկերութիւնները պէտք է պաշտպանեն զիրենք եւ դատապարտեն «Քորոնա» ժահրի բուժման այս անիմաստութիւնը:

Բոլոր անոնք, որոնք «Իվերմեքթին» կը փնտռեն վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, պատուաստուած չեն: Կը կարծեմ, թէ այդ մէկը մեզ կը յուշէ, թէ ի՛նչ է ճիշդ պատասխանը «Քորոնա» ժահրին:

Ես Արթ Քափլանն եմ` Նիւ Եորք համալսարանի Կրոսման բժշկական դպրոցէն: Շնորհակալութի՛ւն:

Աղբիւր` Medscape

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 4 Հոկտեմբեր 2021)

Յաջորդը

Ձեզ Քարտ Պլանշ Չենք Տուել

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Օգոստոս 9, 2022
Գետ-Գիտութեան. Որո՞նք Են Էկզեմայի Տարբեր Տեսակները
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Որո՞նք Են Էկզեմայի Տարբեր Տեսակները

Օգոստոս 2, 2022
Գետ-Գիտութեան. Մահուան Մտահոգութիւն.  Այն Վախը, Որ Կ՛ուղղորդէ Մեզ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Մահուան Մտահոգութիւն. Այն Վախը, Որ Կ՛ուղղորդէ Մեզ

Յուլիս 5, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In