Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ մեր գործընկեր Ռոպէր Աթթարեան արժանացած է սրբազան քահանայապետի Վատիկանի քահանայապետական «Սան Սիլվեսթրօ Պապ» (San Silvestro Papa) շքանշանին՝ մամլոյ մարզին մէջ իր ունեցած դերակատարութեան եւ վաստակին համար։
Ռոպէր Աթթարեան 2011-ին նշանակուած է «Ռատիօ Վատիկան»ի «Վատիկան Նիուզ»-ի հայկական բաժանմունքին պատասխանատու եւ ձեռնհասութեամբ կը վարէ այդ պաշտօնը մինչեւ օրս։
Ռոպէր Աթթարեան՝ իբրեւ «Ռատիօ Վատիկան»ի «Վատիկան Նիուզ»-ի հայկական բաժանմունքին պատասխանատու՝ սերտօրէն կը շարունակէ համագործակցիլ «Ազդակ»-ի հետ։ Ան նաեւ հայկական լրատուադաշտի տարբեր խնդիրներուն մասին զեկուցած է Լրագրողներու համահայկական համաժողովներուն։
«Ազդակ»-ի խմբագրական կազմը կը շնորհաւորէ Ռոպէր Աթթարեանը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթէ անոր ասպարէզային գործունէութեան։





