Ի Խնդիր Մերձաւոր-Միջինարեւելեան, Այժմէական
Եւ Գործօն Հայագիտութեան Մը
Իսլամը Հայ Գրական Մշակոյթին Մէջ.
Բնագիրներ, Հիմնավայրեր, Ուժընթացք
Islam In Armenian Literary Culture. Texts,
Contexts, Dynamics (Louvain: Peeters, 2021)
IV. Իսլամը Հայ Գրական Մշակոյթին մէջ-Բնագիրներ, Հիմնավայրեր, Ուժընթացք
Islam in Armenian Literary Culture. Texts, Contexts, Dynamics (Louvain: Peeters, 2021)
Առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդներէն մէկը` հայերը 640 թուականէն ետք, արդէն կը գտնուէին իսլամական անուղղակի կամ ուղղակի իշխանութեանց տակ` իրենց հողին, նա՛եւ բնակավայրին մէջ: Նոյնիսկ հայ թագաւորութեանց ժամանակներուն (բացառութեամբ` Կիլիկիոյ եւ արդի հանրապետութեանց) չէ եղած բացարձակ ինքնիշխանութիւն: Այսպէս, եօթներորդ դարէն ի վեր հայ պատմական փորձառութիւնը եղած է տարբե՛ր եւ յաճախ իրարու թշնամի իսլամական աշխարհներու ու ընկերութեանց մէջ եւ իշխանութեանց տակ` արաբական, թրքական, մոնկոլ-թաթարական եւ պարսկական: Սակայն, ինչպէս նշեցի, քաղաքական եւ մշակութային իսլամի իրենց հասկացողութեան ու հակազդեցութեան կերպերը, գրականութեան մէջ առնուազն, կը մնան հազուադէպ եւ կամ անուղղակի կերպով սերտուած նիւթեր:
Այս է աշխատութեան առաջին «պատճառը» եւ խնդրահարցը: Մօտեցումով, նիւթերով, բովանդակութեամբ, աղբիւրագիտական եւ տասնչորս դարերու վրայ տարածքայնութեամբ, անիկա առաջինն է հայագիտական եւ արեւելագիտական ուսմանց մէջ:
Ընդհանրապէս, մարգարէին եւ իսլամի մասին առաջին ոչ արաբական եւ կարեւորագոյն վկայութիւններէն մէկը Սեբէոսինն է, 660-ականներուն, մարգարէին մահէն (632) հազիւ երեք տասնամեակ ետք: Ութերորդ դարէն սկսեալ եւ մինչեւ տասնհինգերորդը, տասնհինգ հայ հեղինակներ անդրադարձած են մարգարէին, իր «Օրէնքին» (կամ իսլամի) եւ իսլամներու: Վերածնունդի եւ արդի պատմութեան մէջ եւս կան կարեւոր թիւով բնագիրներ, Ղուրանի թարգմանութիւններ, հայ-իսլամական «ուխտեր», դաշինքներ եւ համաձայնութիւններ:
Բնագիրները (texts) նկատելով ուղղակի եւ հիմնական աղբիւրները կամ «շինաքարերը» (building blocks)` առաջին գործս էր գտնել, հաւաքել, դասաւորել, եւ յաճախ` իմ թարգմանութեամբս, կատարել ամբողջական հաւաքածոյ մը իսլամի եւ իսլամներու վերաբերող գոյութիւն ունեցող ամբողջ գրականութեան, ներառեալ` ցարդ անյայտ ձեռագիրները: Բնագիրները միշտ ներկայացուած` ըստ իրենց պատմական հիմնավայրերուն (context) եւ ուժընթացքին (dynamics) եւ իբրեւ մասեր անոնց: Նաեւ խիստ կերպով պահուած է ժամանակագրական հիմնայատակը եւ շարունականութիւնը:
Հատորին ոչ ուղղակի, սակայն հիմնական նիւթերէն մէկն է հայ քրիստոնէութեան եւ եկեղեցիին իւրայատուկ պատմութիւնը Մերձաւոր-Միջին Արեւելքի իսլամական ընկերութեանց եւ հաստատութեանց մէջ: Միջկրօնական գիտութիւնները հազիւ թէ կէս դարու պատմութիւն ունին եւ, տակաւին, համագումարներու եւ ակադեմական հրատարակութեանց մէջ իսլամական աշխարհներու մէջ հայոց եւ հայ քրիստոնէութեան դարաւոր փորձառութիւնը պատահականօրէն միայն կը յայտնուի: Յաճախ կը հանդիպիմ հիմնական անգիտութեան եւ թերի կարծիքներու` հայոց մասին: Ճիշդ է, որ օտար գիտնականներ կատարած են կարեւոր թարգմանութիւններ հայ հին մատենագրութենէն, սակայն կատարուածը ոչ միայն անբաւարար է, այլ` մասնակի եւ զուտ բանասիրական, առանց պատմագրական վերլուծումի, ըստ հայ-իսլամական փորձառութեանց եւ յարաբերութեանց պայմաններուն:
Նկատի առած նիւթերու, գրականութեան, հեղինակներու եւ խնդրահարցերու մեծ թիւը` հատորը կազմակերպուած է «տեսական եռոտանիի» (theoretical tripod) մը, կամ երեք գլխաւոր նիւթերու շուրջ. «Հայ Մահմեդը» (The Armenian Mahmet), այսինքն մարգարէին եւ իր հաւատքին հասկացողութիւնը` ըստ հայ աղբիւրներուն, «Հայ Ղուրանները» (The Armenian Ghurans), այսինքն` Գուրանին մասին հայ հեղինակներու տեղեկութիւնը, կարծիքը եւ թարգմանութիւնները եւ, վերջապէս, «Հայ-իսլամական խաղաղութեան դաշինքը» (The Armenian Pax Islamica):
Հատորը սկսած եմ «Հայ Մահմետով» (առաջին եւ երկրորդ մասեր)` ներկայացնելու այն վիճարկումը, թէ հեռաւոր կերպով միայն առնչուած Մուհամմետ մարգարէին կամ «Մահմեդին» (ամէնէն ընդհանրացած տառադարձումը) պատմական անհատականութեան` եօթներորդ դարէն մինչեւ տասնչորրորդ դար հեղինակէ հեղինակ շարունակուող եւ լայնցող իր «պատմութիւնը» կամ, ինչպէս կը կոչեմ, «Հայ Մահմեդը» եւ իր «Օրէնքը» (ինչպէս կը կոչէին իսլամը), ընդունուած էին իբրեւ ճշգրիտ եւ բաւարար տեղեկութիւններ, առնուազն` գրական մշակոյթին մէջ: Իսկապէս, արդի հայերէնի մէջ մտած է ոչ թէ «Մուհամմէտը»` այլ «Մահմեդը», իսլամը կը կոչենք «մահմետականութիւն»:
Միջին դարերու վերջաւորութեան, մոնկոլ եւ թիւրքմեն ժամանակներուն, «Հայ Մահմեդին» քիչ մը կոպիտ եւ առասպելական կերպարը կ՛ամփոփէր հայոց ամբողջ հասկացողութիւնն ու գիտութիւնը իսլամի եւ իր հիմնադիրին մասին: Ոչ մէկ փաստ կամ գրական բեկոր ցոյց կու տայ, թէ գոնէ մինչեւ 1680` Գուրանի առաջին թարգմանութիւնը (ոչ թէ արաբերէնէ, այլ` տասներկրորդ դարու լատիներէն եւ ոչ հարազատ թարգմանութենէն) Էջմիածին, Ստեփանոս վրդ. Լեհացիի կողմէ, ոեւէ հայ հեղինակ կարդացած էր Գուրանը կամ Հատիսը (կրօնական աւանդութիւն), կամ` ոեւէ այլ դասական իսլամ հեղինակ կամ աստուածաբանական-կրօնական գրութիւն:
Հատորին երրորդ եւ ամէնէն ընդարձակ մասը կը վերաբերի հայ-իսլամական «խաղաղութեան դաշինքին» (the Armenian Pax Islamica), այսինքն` այն պայմաններուն, որոնց մէջ հայեր կը հասկնային եւ կը սահմանէին իրենց դիրքը, իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները իսլամ ընկերութեանց մէջ եւ իշխանութեանց ներքեւ:
Սեբէոսի պատմութեան մէջ առաջին անգամ յիշատակուած Մուաուիյայի (661-ին` ումայական առաջին խալիֆան) «Խաղաղութեան ուխտէն» (652) մինչեւ օսմանեան պետութեան, այսպէս կոչուած, «Էօմէրի ուխտ»-ին «վերահաստատումը» 1811-ին, ստորագրուած եւ կամ վերագրուած ուխտերը, կամ դաշինքները, դաշնագիրները, տարբեր յորջորջումներով, հաւաքած եմ իմ թարգմանութեամբ:
Այս նիւթին շուրջ առաջին վիճարկութիւնս հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ այս ուղղութեամբ ամբո՛ղջ գրականութեան աղբիւրը, այսպէս կոչուած, «Մարգարէին ուխտն» է հայոց տրուած` իբր թէ իր կեանքին ընթացքին: Հայ մատենագիրներու, նոյնիսկ շատ աւելի ուշ արդի պատմաբաններուն համոզումով այս պատմական «իրողութեան» վրայ հիմնուած է բոլոր համաձայնութեանց վաւերականութիւնը եւ քաղաքական մեծ նշանակութիւնը: Այսպէս, բոլոր հետագայ ուխտերը եւ իսլամ իշխանութեանց կողմէ կատարուած դաշինքները կը նկատուին այդ սկզբնական «մարգարէական» ուխտին վերանորոգումները եւ վերահաստատումները:
Պատմականօրէն անհեթեթ այս կարծիքը, սակայն, ունի որոշ հիմք «Սալահէտտինի ուխտին» մէջ, 1187-ին խաչակիրներէն Երուսաղէմը գրաւումին առիթով: Սուրբ Քաղաքին քրիստոնեաներուն եւ մասնաւորաբար հայոց տրուած այս «Թուղթ»-ը ընդունուած եւ վաւերական փաստաթուղթ է, հրատարակուած` ամէնուր եւ բազմաթիւ անգամներ: Սակայն միջնադարեան եւ նոյնիսկ 18-րդ եւ 19-րդ դարերու հեղինակները անտեսած են զայն կամ անտեղեակ են, հակառակ անոր որ իր դրականութեամբ օգտակար էր իրենց դատին:
«Խաղաղութեան դաշինքին» ընդհանրապէս իսլամ-քրիստոնեայ կամ իսլամ-հրեայ դաշինքին հիմնական խարիսխը պարզ համաձայնութիւն մըն է. քրիստոնեաներուն (կամ հրեաներուն, իրենց կարգին «Գիրքի» կամ աստուածային յայտնութեան արժանացած ժողովուրդ) իրենց պաշտպանութեան եւ հաւատքի պայմանաւոր ազատութեան փոխարէն` իսլամական հաստատութիւնը կը պահանջէ բացարձակ հաւատարմութիւն եւ որոշ տուրքեր: Ուրեմն, ըստ այս աւանդութեանց եւ գրութեանց, որոնց հեղինակները ընդհանրապէս քրիստոնեաներ էին, մարգարէին անհատականութիւնը կը դառնայ դրական, իբրեւ լայնմիտ եւ վեհանձն աստուածային պատգամաւոր: Անարդարութիւնները կը պատահին իր հետեւորդներո՛ւն օրինազանցութեամբ եւ ուխտադրժութեամբ:
Այս թեքսթերը ունին անուղղակի, բայց շատ կարեւոր պատմական նշանակութիւն: Հայ գրականութեան մէջ գտնուած բազմաթիւ բնագիրներուն ու տարբերակներուն մէջ արծարծուած հարցերը նաեւ կը յայտնեն հայոց կացութիւնը իսլամական աշխարհներու եւ ընկերութեանց մէջ, ինչպէս` քիւրտերու: Կան նաեւ սիւննի եւ շիի օրէնքներու եւ իշխանութեանց տարբերութիւնները եւ համապատասխան պարտադրանքներն ու անդրադարձները: Երկար մասեր յատկացուած են Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»-ին եւ Գրիգոր Տաթեւացիի ընդդիմախօսութեանց (polemics) յարաբերութեան իսլամի այս երկու ուղղութեանց հետ:
Հատորին չորրորդ մասին նիւթը առաջին ամբողջական ուսումնասիրութիւնն է «Հայ Ղուրաններու» (ինչպէս կը տառադարձէին), առաջինը 1680-ին (լատիներէնէ) եւ վերջինը` 2014/5-ին (թրքերէնէ) դաւանափոխի մը կողմէ, Մեծ եղեռնի հարիւրամեակին առիթով: Տասնմէկ թարգմանութիւններ են եղած երեք խումբերով կամ հանգրուաններով. առաջին հինգ «Ղուրանները» կու գան տասնեօթներորդ եւ տասնութերորդ դարերէն: Երկուքը թարգմանութիւն են, առաջինը լատիներէնէ, երկրորդը` արաբերէնէ, որ անյայտ է, սակայն ունի երեք ընդօրինակութիւններ, ինչպէս ստուգեցի: Երկրորդ խումբը կատարուած է 1910-1912-ին, երկուքը արաբերէնէ եւ մէկը` ֆրանսերէնէ, Եղեռնի նախօրեակին: Վերջին խումբին առաջին երկուքը հատուածներ են Գուրանէն, կատարուած` 1991-1995-ին, ռուսերէն թարգմանութենէ մը: Կան երեք ամբողջական թարգմանութիւններ, կատարուած` 2003-2014/5-ին, արաբերէնէ, պարսկերէնէ եւ թրքերէնէ յաջորդաբար:
«Հայ Ղուրաններու» նիւթին ամէնէն նոր ու հետաքրքրական կողմը ան է, որ գրեթէ բոլորը, եւ սկիզբէն եղած են առիթներ ընդդիմախօսական յաւելուածներու, դաշնագիրներու օրինակներու, լուսանցքային գրութեանց եւ արդի ժամանակներուն` մարգարէին կենսագրութեանց:
Հատորին հինգերորդ մասը վերջին դարու գրականութիւնն է իսլամի, մարգարէին եւ յարակից նիւթերու մասին:
30 սեպտեմբեր 2021
(Շար. 3)