Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Արցախեան Պատերազմի Առաջին Տարելիցին Առիթով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Յարգանքի Երեկոյ Յունաստանի Մէջ
27 սեպտեմբեր 2020-ի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծուած պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ յունահայութիւնը իր բողոքի արդար ձայնը բարձրացուց ընդդէմ թուրք եւ ազրպէյճանական յարձակողականութեան` բողոքի ցոյց կատարելով Աթէնքի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ եւ յարգանքի հաւաք` Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առջեւ:
Բողոքի Ցոյց Եւ Միջադէպ Աթէնքի Մէջ
27 սեպտեմբերի երեկոյեան, Աթէնքի հայութիւնը` ընդառաջելով ՀՅԴ երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան կոչին, Փսիխիքոյի մէջ գտնուող Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ իր բողոքն ու ընդվզումը բարձրաձայնեց Արցախի վրայ 44-օրեայ պատերազմին եւ մինչեւ այսօր շարունակուող ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն դէմ:
Նշենք, որ չափազանց զգալի էր ներկայութիւնը ոստիկանական զրահաւոր յատուկ ուժերուն, որոնք կանգնած էին շէնքի երկայնքին:
Ցոյցէն առաջ, Ազրպէյճանի դեսպանատունը զայրացնող միտումնաւոր քայլերու դիմած էր, շէնքի ցանկապատին վրայ նախապէս տեղադրած էր պաստառներ` զանազան ընդվզեցուցիչ լոզունգներով, որոնց վրայ յունարէն լեզուով գրուած էին «Ղարաբաղը Ազրպէյճանին կը պատկանի», «Մեր հերոսները կը յիշենք» եւ «Սուգի ու յարգանքի օր Ազրպէյճանի համար» գրութիւնները: Առաւել, մայր դրան վրայ զետեղած էին նկարներ ազերի բանակի ջոկատներէն եւ մարտերու տեսարաններէն: Նաեւ, տեղադրած էին նոյնանման պարունակութեամբ թռուցիկներ յոյն անցորդներուն համար:
Յանկարծ, ցանկապատին ետեւէն, դեսպանատան պաշտօնեաները երկար ձողերով փորձեցին վար առնել հայկական Եռագոյնը, իսկ այլ պաշտօնեայ մը ցուցարարներուն վրայ ջուր սկսաւ թափել:
Հայ ցուցարարները բուռն կերպով հակազդեցին եղած գրգռութիւններուն եւ վար առին ցանկապատին վրայ տեղադրուած ազերիական ստայօդ գրութիւններն ու նկարները: Ոստիկանական ուժերու պատասխանատուները եւս պահանջեցին ազրպէյճանցի պաշտօնեաներէն դադրեցնել իրենց բռնի շարժումները:
ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամները մեծադիր պաստառներով գրաւեցին դեսպանատան առջեւէն անցնող ճամբան, իսկ ՀՅԴ Պատանեկան միութեան անդամները եւ ժողովուրդը Եռագոյն դրօշակները իրենց ձեռին կը բացագանչէին լոզունգներ: Երիտասարդականի Կեդր. վարչութեան անդամները, փոխն ի փոխ բարձրախօսէն ներկայացուցին արցախեան պատերազմի եղելութիւնները` յատուկ շեշտ դնելով ազրպէյճանական անմարդկային ոճիրներուն վրայ, օտար վարձկաններու ներկայութեան, Թուրքիոյ ռազմական մասնակցութեան, Արցախի անզէն բնակչութեան վրայ կատարուած ռմբակոծումներուն, մշակութային կոթողներու ոչնչացման, Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ Արցախի հողերէն պոկուած հազարաւոր գաղթական ժողովուրդին: Ցուցարարները պահանջեցին, որ Ազրպէյճան անյապաղ ազատ արձակէ հայ գերիները, իսկ կոչ ուղղեցին միջազգային ընտանիքին եւ մեծ պետութիւններուն վերականգնելու արդարութիւնը եւ ճանչնալու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը:
Ակներեւ էր հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը, որ վճռակամ եւ պայքարունակ ոգիով սուգի եւ ցասումի օրը վերածեց պայքարի եւ պահանջատիրութեան օրուան` ցոյց տալով, որ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ Արցախի մեր արծուաբոյնին` հակադարձելով ազրպէյճանական ամէն տեսակի ոտնձգութիւններուն:
Բողոքի ցոյցը իր աւարտին հասաւ ուշ երեկոյեան, ժողովուրդին կողմէ միաբերան երգուած հայկական եւ յունական երգերով:
Յարգանքի Եւ Յիշատակի Երեկոյ Թեսաղոնիկէի Մէջ
ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբին կազմակերպութեամբ, նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ յարգանքի հաւաք մը` ի յիշատակ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին քաջաբար ինկած հայ զինուորներուն:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Արտաւազդ վրդ. Շարոյեանի կողմէ: Հոծ բազմութեան առջեւ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ վեր առաւ հայ զինուորներու ու Արցախի ժողովուրդի դիմադրականութեան, հերոսական մարտնչումին եւ անձնազոհութեան ոգին:
Յաջորդաբար, բոլոր ներկաները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ շրջաբակը, ուր պատերուն վրայ զետեղուած էին քաջաբար իրենց կեանքը մատուցած հայ զինուորներու նկարները եւ բոլոր զոհուած հայ զինուորներու անուններու ցանկերը:
Տեղւոյն վրայ գործադրուեցաւ յիշատակի յատուկ յայտագիր, որուն ընթացքին Երիտասարդականի ներկայացուցիչը հակիրճ ներկայացում մը կատարեց անցեալ սեպտեմբերին ծայր առած պատերազմական գործողութիւններուն` միաժամանակ մատնանշելով միջազգային ընտանիքի բացակայութիւնն ու անտարբերութիւնը Ազրպէյճանի գործած ոճիրներուն եւ հայկական մշակութային կոթողներու փճացումին հանդէպ: Խօսքի աւարտին, ան յատուկ նշում կատարեց իրենց կեանքը զոհած հերոսներուն, որոնց յիշատակը յարգուեցաւ այդ երեկոյեան: Մէկ վայրկեանի լռութեամբ, ներկաները խոնարհեցան մեր նահատակ հերոսներու անմոռաց յիշատակին:
Յարգանքի ելոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի վերջին պատերազմին մասնակցած երկու հերոսներ` Հենրիկ Գրիգորեան եւ Արամայիս Յարութիւնեան, որոնց Հ. Գ. Խաչի, Համազգայինի եւ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անունով յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ, պատուելով անոնց հերոսական մասնակցութիւնը Արցախի պաշտպանութեան վսեմ գործին:
Գործադրուեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր: Յուշ երեկոն շարունակուեցաւ լուռ քայլարշաւով մը դէպի քաղաքի կեդրոնը գտնուող խաչքարը, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում եւ մոմավառութիւն: Ելոյթը վերջ գտաւ «Մեր հայրենիք»-ով:
Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման Տօնի Նշում Իրանի Մէջ
Թեհրան
* 19 սեպտեմբերին Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնին առիթով:
Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան նախագահեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:
Ան իր քարոզին մէջ ակնարկեց այն իրողութեան, որ բոլորս կոչուած ենք աղօթելու մեր հայրենիքին համար եւ խնդրելու Աստուծմէ, որ պահպանէ մեր հայրենիքը, նաեւ ժողովուրդը, որ, թէեւ բազմաթիւ անգամներ մահուան շուքին մէջէն անցաւ, բայց երբեք չկործանեցաւ: Ան նկատել տուաւ, թէ ժողովուրդներ իրենց կեանքը կը նուիրաբերեն իրենց արժէքներուն համար, ինչպէս հայ ժողովուրդը, որ դարերու ընթացքին իր կեանքը նուիրաբերած է հայրենիքին, իր գոյութեան եւ լինելութեան ազդակին ու յաւիտենականութեան երաշխիքին համար: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ հայրենիքի անկախութեան, զարգացման, ապահովութեան եւ պայծառութեան համար աղօթելը կը նշանակէ հայցել անոր յաւիտենականութեան:
Ատրպատական
* 19 սեպտեմբերին, Ատրպատականի հայոց թեմի եկեղեցիներուն` Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք` Հայաստանի վերանկախացման 30-ամեակին առիթով:
Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ գոհաբանական մաղթանքին նախագահեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան, որ պատգամին մէջ բացատրեց Աստուծոյ վրայ դրուած վստահութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ մեր ազգի ու հայրենիքի ժամանակակից պատմութեան հոլովոյթին, յաղթանակներու եւ կորուստներու հակասական երեւոյթներուն, որոնք բնական հետեւանքն են Աստուծոյ եւ հայրենիքի հանդէպ մեր ունեցած հաւատարմութեան զօրութեան եւ թուլութեան:
Սրբազանը յատկապէս անդրադարձաւ նահատակութեան գաղափարին եւ գերագոյն նպատակներուն: Ան հաւատքի եւ հայրենիքի համար կատարուած նահատակութիւնը անուանեց գերագոյն զոհաբերութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք նահատակը կ՛անմահանայ եւ սովորական կեանքէն կ՛անցնի յաւերժականին:
Եգիպտոս
Հայաստանի Անկախութեան 30-Ամեակին Առիթով Գահիրէի Աշտարակը Լուսաւորուեցաւ Եռագոյնի Գոյներով
Համագործակցութեամբ Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակին առիթով Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի Գեզիրի աշտարակը լուսաւորուեցաւ Հայաստանի եռագոյն դրօշի` կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներով:
***
Թեհրան
Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին Հանդիպումները
15 սեպտեմբերին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մշակութային կցորդ, դեսպանի խորհրդական Եդուարդ Խաչատուրեանի եւ նորանշանակ առեւտուրի կցորդ Վարդան Կոստանեանի:
Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ շնորհաւորեց Վարդան Կոստանեանը` իր նոր եւ պատասխանատու առաքելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց իր նոր ասպարէզին մէջ:
Կոստանեան յայտնեց, որ ինք` իբրեւ առեւտուրի կցորդ, դեսպանատան իր գործընկերներուն հետ պէտք է աշխատանք տանի Իրան-Հայաստան առեւտրական կապերը եւ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար:
Նոյն օրը սրբազանը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրանի մէջ հաւատարմագրուած Ռուսիոյ դեսպան Լեւոն Ջաղարեանը` իր զաւկին Սիմոն Ջաղարեանի հետ:
Հանդիպումը առիթ եղաւ խօսելու հայ-ռուսական յարաբերութիւններու եւ Իրան-Հայաստան-Ռուսիա բարեկամական կապերու մասին:
Դարձեալ նոյն օրը` 15 սեպտեմբերին սրբազանը ընդունեց հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի` Սերգէյ Շահվերդեանը, Թեհրանի Ազատ համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Սիմոնեանը եւ ամպիոնի հովանաւոր հիմնադրամի ատենապետ Իրեն Ապնուսեանը:
Դոկտ. Սիմոնեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ամպիոնի ուսանողութեան եւ ընդհանուր իրավիճակը: Առաջնորդը գոհունակութեամբ լսեց զեկոյցը եւ գնահատեց իրենց տարած աշխատանքը` յոյս յայտնելով, որ ամպիոնի ուսանողութեան թիւը յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին աւելնայ:
Հիւրերը` որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնի յանձնախումբ, սրբազան հօր ներկայացուցին իրենց պատրաստած երկրորդ տեսերիզը նուիրուած արեւելահայ նշանաւոր բանաստեղծ Վահան Տէրեանի:
Արա Շահվերդեանի Այցելութիւնը «Փարանդ» Կեդրոն
19 սեպտեմբերին Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան այցելեց «Փարանդ» արդիւնաբերական կեդրոնին մէջ գտնուող իրանահայ գործարարներ Ռազմիկ Խուդաբախշեանի եւ Վահիկ Մանսուրեանի «ՄԵՐՍԵԴԷ» եւ «ԼԻԱ» ընկերութիւններու արտադրամաս, որոնք ժամանակաւորապէս տրամադրուած են իբրեւ «Քորոնա» ժահրի պատուաստման կեդրոններ:
Այցելութեան ընթացքին պատգամաւորը բարձր գնահատեց իրանահայ գործարարներու նախաձեռնութիւնը «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին օժանդակելու նպատակով, ապա ծանօթացաւ կեդրոնի պատուաստման ընթացքին:
Կիպրոս
Երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան Պարգեւատրուեցաւ
Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2021-Ին Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան, Հայաստանի Անկախութեան 30-Րդ Տարեդարձին Առիթով Կիպրահայ Համայնքի Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը Պարգեւատրեց «Երախտագիտութեան» Շքանշանով:
26 Սեպտեմբերին Ալ Մահտեսեան Լիմասոլի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Մէջ Ներկայ Եղաւ Ս. Պատարագին, Որուն Աւարտին Տեղի Ունեցաւ Հոգեհանգստեան Կարգ Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն Հոգիներուն Համար: