Սթրազպուրկի մէջ ընդունուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մարդկային հետեւանքներու վերաբերեալ ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը: Դիմատետրի իր էջի գրառումով այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը:
«Ի հեճուկս վերջին շրջանի Ազրպէյճանի փորձերուն` դուրս ձգել Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը միջազգային փաստաթուղթերէն (Ազրպէյճանի նախագահը երկու օր առաջ այդպիսի կոչ ուղղած էր ՄԱԿ-ի ամպիոնէն), յաջողեցանք փոխել բանաձեւի վերնագիրը եւ բանաձեւի բնագիրը` անոր մէջ ընդգրկելով «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն» բառակապակցութիւնը, ինչ որ շատ կարեւոր է:
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնները դէմ քուէարկեցին բանաձեւին:
Բանաձեւի` մեզի համար կարեւոր արձանագրումները հետեւեալներն են.
– Վեհաժողովը կը նշէ, որ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ազրպէյճանը 2001 թուականի յունուարին Եւրոպական խորհուրդին անդամակցելով պարտաւորուած են հակամարտութիւնը կարգաւորել բացառապէս խաղաղ միջոցներով: Հետեւաբար 2020-ի վեցշաբաթեայ պատերազմը կը հանդիսանայ այդ պարտաւորութիւններու խախտում եւ պէտք է պատշաճ արձագանգ ստանայ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ:
– Վեհաժողովը, այնուամենայնիւ, կը նշէ Նախարարներու կոմիտէի 16 մարտ 2021-ի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի փոխանցած մտահոգութիւնները` կապուած Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած 188 հայերու հետ (որոնցմէ քանի մը հատը վերադարձուած են Հայաստան): Այս կապակցութեամբ վեհաժողովը.
– կը գտնէ, որ եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ յօդուածի յստակ նպատակը բոլոր կալանաւորուած անձերու փոխանակումն է` անկախ կողմերէն մէկուն կամ միւսին կողմէ վերագրուող կարգավիճակի տարբերութեան,
– խորապէս մտահոգուած է շուրջ 30 հայերու ճակատագիրով, որոնց ենթադրաբար տեսած, նկարահանած կամ լուսանկարած են գերութեան մէջ եւ անոնց ներկայիս գտնուելու վայրի մասին որեւէ տեղեկատուութեան բացակայութեամբ: Վեհաժողովը անհանգստացած է այն պնդումներէն, որ այս անձերը ենթարկուած են հարկադիր անհետացման եւ, հաւանական է, սպաննուած են,
– կոչ կ՛ուղղուի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն արագացնելու հետաքննութիւնը այս հարցին շուրջ եւ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրելու Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանին եւ Հայաստանին,
– կը շարունակէ մտահոգուիլ եռակողմ յայտարարութենէն ետք գերեվարուած շուրջ 45 հայերու կալանաւորման պայմաններուն կապակցութեամբ, որոնք դեռ գերութեան մէջ են, որոնցմէ շատերը ենթարկուած են կամ կ՛ենթարկուին արագացուած քրէական դատավարութիւններու, ինչ որ վեր կը հանէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտի արդար դատավարութեան անհրաժեշտութեան խնդիրները,
– կոչ կը կատարէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ազատ արձակելու մնացած բոլոր գերիները եւ առանց յետաձգման վերադարձնելու զանոնք Հայաստան,
– կը խրախուսէ Խոշտանգումներու կանխարգիլման եւրոպական կոմիտէն (ECRI, ԽԿԿ) կատարելու արտահերթ այցելութիւն` թէեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն ունի կանոնաւոր մուտքի իրաւունք,
– կը վկայակոչէ մտահոգիչ ապացոյցները այն մասին, որ Ազրպէյճանը, Թուրքիոյ օգնութեամբ, օգտագործած է սուրիացի վարձկաններ,
Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանէն անոնց, որոնք մնացած կամ վերադարձած են, վեհաժողովը.
– խորապէս կ՛ափսոսայ տարածաշրջանէն միջազգային հանրութեան բացակայութեան կապակցութեամբ` մուտքի խնդիրի շուրջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ առկայ անհամաձայնութեան պատճառով, այս առումով նկատի ունենալով իր 2240 (2018) բանաձեւը «Անսահմանափակ մուտք դէպի անդամ պետութիւններ, ներառեալ` «գորշ գօտիները», Եւրոպական խորհուրդի եւ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու դիտարկումային մարմիններու կողմէ» եւ կը յիշեցնէ Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւններու իրաւական պարտաւորութիւնները` լիարժէք եւ բարեխղճօրէն համագործակցիլ մարդու իրաւունքներու դիտարկումի միջազգային մեքանիզմներու հետ, ներառեալ Եւրոպական խորհուրդի եւ ՄԱԿ-ի մեքանիզմները,
– կը յիշեցնէ, որ Եւրոպական խորհուրդի տարածքին մէջ գտնուող բոլոր անձերը, այդ կարգին` հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ բնակող, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտով ունին լիարժէք պաշտպանութեան հաւասար իրաւունք, այդ կարգին` մշտադիտարկումի համապատասխան մեքանիզմներու միջոցով,
– կը կիսէ անոնց լքուածութեան զգացումը եւ կ՛ընդգծէ անոնց մտահոգութիւնը սահմանային դէպքերու, ազրպէյճանական զօրքերու մօտ գտնուելու եւ կրակոցներու կանոնաւոր հնչելու կապակցութեամբ,
– կը նշէ այն դժուարութիւնները, պատերազմի հետեւանքով հասցուած վնասի վերականգնման եւ վերացման, նոր բնակարաններու տրամադրման, ինչպէս նաեւ մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով,
– կոչ կ՛ուղղէ ներգրաւուած բոլոր պետութիւններուն ապահովելու միջազգային անկախ մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն անարգել մուտքը Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջան:
Վեհաժողովը լրջօրէն մտահոգուած է մայիս 2021-էն սահմանի տարբեր կէտերու վրայ դէպքերու թիւի բարձրացումով: Եղած են սպաննուածներ եւ վիրաւորներ, գերի վերցուած են հայ զինուորներ:
– կը դատապարտէ վերջին 30 տարիներու ընթացքին Ազրպէյճանի մէջ, մասնաւորապէս` Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ կը դատապարտէ վեցշաբաթեայ պատերազմի ժամանակ մշակութային ժառանգութեան միտումնաւոր հասցուած վնասը, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ, Շուշի մէջ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ կանխամտածուած գնդակոծութիւնը, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան ընթացքին եւ անկէ ետք այլ եկեղեցիներու եւ գերեզմաններու աւերումը կամ վնասումը,
– նախկին աւերածութիւններու լոյսին տակ` կը շարունակէ մտահոգուիլ բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներու, վանքերու ապագային շուրջ` այդ կարգին Խութավանքի/Դադիվանքի, խաչքարերու եւ մշակութային ժառանգութեան այլ տեսակներու մասին, որոնք վերադարձած են Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ,
– իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ Ազրպէյճանի մէջ զարգացող «Կովկաս-ալպանական» ժառանգութիւնը քարոզող յօրինուածքի վերաբերեալ` փոխարինելու համար այն, ինչ որ կը նկատուի «հայկական» մշակութային ժառանգութիւն,
– կ՛առաջարկէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին ուսումնասիրել զարգացող յօրինուածքը, որ կը քարոզէ «Կովկասեան ալպանացիներու» ժառանգութիւնը, համոզուելու համար, որ անիկա չի շահարկուիր կողմերէն մէկուն կողմէ,
Ատելութեան խօսքը վաղեմի խնդիր է երկու երկիրներուն մէջ, ինչպէս կը նշէ Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի Եւրոպական յանձնաժողովը իր զեկուցումներուն մէջ, մասնաւորապէս Ազրպէյճանի վերաբերեալ, որ քննադատութեան ենթարկուած է նաեւ Ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շրջանակային ուխտի հարցերով Խորհրդատուական կոմիտէին կողմէ,
– Ազրպէյճանի մէջ ամէնէն բարձր մակարդակով կը կատարուին յայտարարութիւններ, որոնք կը շարունակեն անընդունելի ձեւով ներկայացնել հայերը: Այսպէս կոչուած, «Ռազմաւարի պուրակը» Պաքուի մէջ լուրջ անհանգստութիւն կը յարուցէ, եւ վեհաժողովը կը նկատէ, որ ծաղրանկարուած եւ կարծրատիպային արձաններու օգտագործումը կը սաստկացնէ անհանդուրժողականութեան մակարդակը եւ տեղ պէտք չէ ունենայ հասարակութեան կամ թանգարանին մէջ,
– Վեհաժողովը կը շարունակէ մնալ անհանգստացած եւ ազդուած շրջան միջազգային կազմակերպութիւններու Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու շարունակական խափանումով եւ կոչ կ՛ուղղէ երկու կողմերուն նպաստել անոնց մուտք գործելուն,
– Ուստի, վեհաժողովը Նախարարներու կոմիտէին կ՛առաջարկէ հետեւիլ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի 16 մարտ 2021-ի Նախարարներու կոմիտէին կատարած ծանուցումին` հայ գերիներու վերաբերեալ եւ նպաստել այս ընթացիկ հարցի լուծման», նշուած է գրառումին մէջ: