Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Տարուան Կոտտացող Ցաւ

Սեպտեմբեր 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Այսքան չարիքի արժանի ազգ չենք: Նահատակներու յարգանքն անգամ համազգային տարողութեամբ ի վիճակի չենք մատուցելու: Պարտութենէ պարտութիւն առաջնորդուող մեր ներկան այլեւս հայ մարդուն մօտ ստեղծած է անիծուած ըլլալու անբացատրելի հոգեվիճակ, «կը հրաժարիմ հայութենէ» ուրուականը կը փորձէ խեղթել մեր ազգային հպարտանքը, արժանապատուութիւնը եւ խոյանքը: Դժոխային երազի մը մէջ ենք ազգովին, եւ սթափումը տակաւին կ՛ուշանայ:

Պատերազմը 44 օրէն չաւարտեցաւ, եւ փաստօրէն 27 սեպտեմբեր 2020-էն մինչեւ այսօր հայրենիքը շարունակուող անաւարտ պատերազմի եւ բռնազաւթման արհաւիրքի ենթակայ է:

Այս բոլորին դիմաց պէտք է արձանագրել, որ հանդէսային ծիսակատարութիւններով, գունագեղ լուսաւորումներով եւ արուեստական միջոցներով կարելի չէ հայոց աշխարհի մթագնած երկնակամարը լուսաւորել եւ մեր ազգին ապրած ցաւը մեղմել:

Եռաբլուրի վրայ եւ այլ շրջաններու մէջ մեր հազարաւոր մատղաշ տղոց աճիւնները ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ կը ճնշեն մեր ազգային հոգեկերտուածքին վրայ: Արցախի մեծ մասի կորուստը, Սիւնիքի անպաշտպանուածութիւնը եւ Զանգեզուրի միջանցքի ծրագիրի հետապնդումը, թշնամի Թուրքիոյ եւ իրմէ վիժուած Ազրպէյճանի կողմէ մեր ապագայ գոյերթը դրած են անորոշութեան ու անկանխատեսելի փակուղիներու դիմաց:

Այո՛, կոտտացող է ցաւը, եւ դժբախտաբար մեր հերոսացած տղոց կատարած գործին, սխրանքին ու անանձնական նուիրումին եւ միւս կողմէ մեր ներկային միջեւ խրամատը օրէ օր կը լայննայ:

Թշնամիին կողմէ ռազմագերիներու եւ անհետացած հայորդիներու հանդէպ ցուցաբերուած հեգնանքն ու հայու արժանապատուութիւնը խորապէս խոցող ու ոտնակոխող քստմնելի ընթացքը կը շարունակուին:

Մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրորոշ փուլին մէջ է, որ կը գտնուինք, եւ մեր մտահոգութիւնը աւելի կը խորանայ ի տես հայրենի պետականութեան ղեկը ստանձնած այսօրուան իշխանութեան անբացատրելի վարքագիծերուն` թշնամիին կողմէ հայութեան պարտադրուած բոլոր պահանջքներն ու յանձնուողական գործընթացները ընկալելու, ինչպէս նաեւ հայութեան այս մեծ պարտութիւնը նուիրականացնելու իրողութեան առնչութեամբ:

Հակառակ սակայն այս համատարած յուսաբեկման ու արձանագրուած նահանջին, ահաւասիկ հայ քաղաքական ու գաղափարական միտքին համար արդէն Եռաբլուրը դարձած է մեր անլռելի նոր զանգակատունը` համայն հայութեան ուխտավայրը: Այո՛, ան փարոսն է մեր նորօրեայ երթի հունաւորման եւ կենսատու աւիշը մեր այսօրուան ու վաղուան պայքարին, որ սկսած է արդէն եւ կանգ պիտի պիտի չառնէ:

Եռաբլուրէն պիտի ժայթքի հրաբխային նոր լաւան եւ հայութեան վերադարձնէ իր ազգային արժանապատուութեան վերականգնման համար անհրաժեշտ աննահանջ պայքարի ոգին: Մեր նահատակները այս ձեւով պիտի շարունակեն մասնակից դառնալ մեր նորօրեայ պայքարին:

Թուրանական նոր ծրագիրի կասեցման համար անհրաժեշտ համազգային զարթօնքը դարձած է անյետաձգելի հրամայական, եւ մեր նորօրեայ նահատակներու կտակին հաւատարիմ` բազմաճակատ պայքարի փուլը սկսած է արդէն: Այդ պայքարը նախ եւ առաջ պիտի մղէ ամբողջ ազգը կտրականապէս մերժելու թշնամիին կողմէ գծուած կամ գծուելիք բոլոր քարտէսները, ձախողութեան մատնելու հայութեան դարաւոր իրաւունքները վտանգող ամէն տեսակի հաշտեցման համաձայնութիւն եւ հայութեան երթը վերադարձնելու իր հարազատ հունին` անոր դիմացէն վերացնելով ներքին թէ արտաքին բոլոր վտանգներն ու սադրանքները:

Փա՛ռք մեր նահատակներուն, անոնք պիտի մնան մի՛շտ յաղթական ու իմաստաւորեն մեր կեանքի ընթացքը` վերակերտելու համար մեր նոր յաղթանակները:

 

 

 

Նախորդը

«Կարապենցի Գրականութիւնը Հատել Է Համամարդկային Սահմանները» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով

Յաջորդը

Տեսլականի Ու Ծրագրի Որոնում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?