Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսլականի Ու Ծրագրի Որոնում

September 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Քառասունչորսօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցն է այսօր: Ամբողջ տարի մը, գրեթէ ամէն օր խօսուած է, գրուած այս պատերազմի մասին, անոր ընթացքին, անոր սկսելուն պատճառներուն մասին վկայութիւններ, տեսակէտներ ու վարկածներ հրապարակուած են, դժբախտաբար բանավիճային մօտեցումով, հին ու նոր պատասխանատուներ որոնելու եւ եղածին պատասխանատուութիւնը ուրիշին վերագրելու սին ու անբովանդակ եզրաբանութեամբ:

Ճշմարտութեան բացայայտումը չէ կատարուած տակաւին: Այն ճշմարտութեան, որուն իմացումը անհրաժեշտ է դաժան հետեւանքներու վերացման համար քաղաքականութիւն մշակելու ու, խօսքերէն ու դատումներէն անդին, բազմաբեւեռ աշխատանքի ձեռնարկելու:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի տարեկան նստաշրջանի բացման առիթով, ճառերով ու պատգամներով հանդէս եկան բազմաթիւ պետական ղեկավարներու շարքին նաեւ Ազրպէյճանի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը: Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ «տագնապը աւարտած է, ուստի Ազրպէյճան արդէն յայտարարած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններու սկսելու պատրաստակամութեան մասին` սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման սկզբունքի, իրարու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ»: Նիկոլ Փաշինեան հակադարձեց. «Հայաստանը պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան, որ պէտք է յանգեցնէ շրջանի մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման»: Կողմերը կը թուի, որ տագնապի վերջնական լուծման ընթացակարգին շուրջ համաձայն են, Հայաստանի կողմէ օրակարգային վերապահութեամբ մը, որ էական նշանակութիւն ունի: Արդարեւ, Նիկոլ Փաշինեան դիտել կու տայ, որ «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար կասեցուիլ ուժի կիրարկումի միջոցով եւ տագնապը չի կրնար լուծուած նկատուիլ ուժի կիրարկումի հետեւանքով: Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը սպասէ իր արդարացի լուծման»:

Իլհամ Ալիեւի համար ղարաբաղեան տագնապը լուծուած է ռազմականօրէն եւ դիւանագիտօրէն: Կը մնայ լուծել սահմանազատման հարցը: Նիկոլ Փաշինեանի համար Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը պէտք է յարգուի, եւ այս է նախատեսուած բանակցութիւններու հիմնահարցը:

Դիրքորոշումները ձեւականօրէն նոյնն են, իրենց բովանդակութեամբ` հակոտնեայ: Ազրպէյճան կ՛աճապարէ ու կը ճնշէ իր ձեռքբերումները դաշնագիրով նուիրականացնելու համար: Հայաստան յոյսը դրած է Մինսքի խմբակի աշխուժացման վրայ, որ կը տատանի ու կ՛ուշանայ:

Հայաստան կը գտնուի ծանր ու դժուարալոյծ երկընտրանքի մէջ: Ազրպէյճանի դիրքորոշումը վերջնագրային բնոյթ ունի, գետնի վրայ գործնական դրսեւորումներով: Հայաստան զբաղած է տակաւին ժողովուրդէն ստացուած խաղաղութեան մանտային շուրջ ժամանակավրէպ ու անցանկալի վէճեր հրահրելով:

Ի՞նչ ընել: Պատերազմի շուրջ քննարկումները լուսանցք մղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման առիթով վերլուծումներն ու պատգամները: Ուշագրաւ է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի 30-ամեակի ուղերձը, որ ահազանգ կը հնչեցնէ. կը մէջբերեմ բաւական ընդարձակ հատուած մը այդ կարեւոր պատգամէն:

«Անհրաժեշտ է իրատեսութիւն, իրականութեան վերարժեւորում. վերամեկնարկի կարիք ունի ո՛չ միայն պետութիւնը, այլեւ պետականութեան մեր զգացողութիւնը, այն կորցնելու հնարաւոր վտանգի հետեւանքների գիտակցումը»: Սահմանադրութեան 123 յօդուածով «Պետութեան գլուխը» հանդիսացող հանրապետութեան նախագահը կը պատգամէ. «Մենք պէտք է ունենանք ազգային եւ պետական յստակ օրակարգ, տեսլական եւ ծրագիր, որոնք պէտք է ուղղորդեն մեր գործողութիւնները մեր գործընկերների հետ շփումներում եւ ընդհանրապէս միջազգային յարաբերութիւններում: Մեզ անհրաժեշտ է ազգային ինքնութեան եւ պետականութեան խորին գիտակցում»:

Հայաստանն ու հայութիւնը վտանգաւոր անկիւնադարձի մը յանդիման կը գտնուին: Պէտք է վերջ տանք փուճ վէճերուն, բաժանարար մեղադրանքներուն ու ազգային միասնականութեան կենարար հովանիին տակ, մշակենք «տեսլական եւ ծրագիր» հայ ազգին ու անոր հայրենիքին համար:

 

 

 

Նախորդը

Մէկ Տարուան Կոտտացող Ցաւ

Յաջորդը

«Միշտ Ձեր Կողքին» Խորագիրով Առցանց Ձեռնարկ` Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.