Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարապենցի Գրականութիւնը Հատել Է Համամարդկային Սահմանները» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով

September 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ, Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքին մէջ 23 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով` նուիրուած արձակագիր Յակոբ Կարապենցի յիշատակին:

ԵՊՀ բանասիրութեան բաժանմունքի դոցենտ Արշալոյս Կարապետեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ գիտաժողովի զեկոյցներուն մէջ ընդգրկուած են Յակոբ Կարապենցի կեանքին, գործունէութեան, ստեղծագործութեան տարբեր ոլորտներուն նուիրուած նիւթեր: Գիտաժողովին կը մասնակցին անուանի գրականագէտներ` Հայաստանէն եւ արտերկրէն: Բանախօսները ներկայացուցին ոչ միայն Յակոբ Կարապենց գրողը, խմբագիրն ու լրագրողը, այլ նաեւ վերարժեւորեցին անոր այն ստեղծագործութիւնները, որոնք նոր ուղենիշ կու տան շրջանի հայ գրականութեան:

Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան նշեց, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի համատեղ կազմակերպած գիտաժողովները նպատակ ունին առաւել համակողմանի ներկայացնել գրական այն անունները, որոնք հանրութեան կողմէ քիչ ճանչցուած են: Ըստ անոր, Յակոբ Կարապենց այդ անուններէն է, եւ այս գիտաժողովը առիթ է ներկայացնելու անոր գրական ժառանգութիւնը եւ հասարակական գործունէութիւնը:

Խօսելով գիտաժողովի կարեւորութեան եւ Յակոբ Կարապենցի ստեղծագործական ժառանգութեան մասին` Առաքելեան շեշտեց, որ Կարապենցի ստեղծած գրականութիւնը հատած է համամարդկային սահմանները: Ըստ անոր, թէեւ Կարապենցի հերոսները տարբեր են, սակայն կայ մէկ ընդհանրական հենք, որուն վրայ կը բարձրանայ Կարապենց գրողի ճշմարտութիւնը: Առաքելեանի համաձայն, անոր ապրած կեանքին եւ գրականութեան ներդաշնակութիւնը ընթերցողը կը տանի Կարապենցի բանաձեւած ճշմարտութեան ետեւէն եւ մտածելու առիթ կու տայ իւրաքանչիւրին: Անոր «Երկու աշխարհ» հրապարակախօսական, տեսական-վերլուծական յօդուածներու ժողովածուն վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ գրողին տողը արգասիքն է անոր անմիջական, զգացական, պոռթկուն խառնուածքին` առանց աւելորդ զարդարանքներու:

«Յակոբ Կարապենց սփիւռքի մէջ ստեղծագործող այն մտաւորականներէն է, որոնք դատապարտուած էին երեւակայութեամբ կերտել Հայաստանի կերպարը` հոգեպէս կապուած ըլլալով հայրենիքին: Յօդուածներէն մէկուն մէջ ինքն իր մասին կը գրէ հետեւեալը. «Գրելով` անմահութեան չեմ ձգտիր: Եթէ անմահութեան ձգտէի, մէկ շունչով չէի գրեր: Առաջին տարբերակը վերջինը չէր ըլլար: Կը նստէի, կը յղկէի, կը վերախմբագրէի, մինչեւ որ անթերի ըլլար գործը, զերծ` խորտուբորտութիւններէ, անտաշ քարերէ ու մացառներէ: Այսպիսով, իմ տեղս կ՛ապահովէի արդի դասականներու շարքին մէջ: Սակայն ես անմիջական անցաւորն եմ, եւ ներկան է իմ մտասեւեռումս: Ինչպէս ժամանակը անսկիզբ է ու անվախճան, այնպէս ալ` իմ գրականութիւնս: Ինչպէս կեանքն է անակնկալներով ու վերիվարումներով, այնպէս ալ` իմ գրական փորձերս, ուր հարազատ ու ճշգրիտ խօսքը ինծի համար աւելի կարեւոր է, քան` գեղեցիկ ու գեղագիտական մարզանքը»: Յակոբ Կարապենցի գրականութեան ծանօթ ընթերցողը, համոզուած եմ, պիտի հաւատայ գրողին անկեղծ այս խոստովանութեան»,  յայտնեց Առաքելեան` ընդգծելով, որ Կարապենց չի յաւակնիր բացարձակ ճշմարտութիւններ ըսել: Ան այն կարծիքին է, որ կեանքի մէջ ամէն ինչ յարաբերական է: Գրողին տեսական դատողութիւնները փորձուած ու փորձութիւններ անցած եզրայանգնումներն են:

«Արդիականութեան չափանիշը, Կարապենցի կարծիքով, գրողին դաւանանքն է, որ ճշմարտութիւն կ՛ըսենք, թէ` մէկ այլ բան, կարեւորը հաւատարմութիւնն է քու դաւանածիդ: Ճշմարտութեան մասին Կարապենցի պատկերացումը, որ նաեւ անոր միտքերու ու դատողութիւններու առանցքն է, իր խտացած ձեւակերպումը գտած է անոր հետեւեալ տողերուն մէջ. «Հիմնականը, ըստ ինծի, ճշմարտութիւնն է, ճշմարտութիւնը ըսելու արիութիւնը, թէկուզ, այդ ճամբուն վրայ կուռքեր տապալին, գմբէթներ խորտակուին ու փուլ գան մինչեւ այժմ հաստատուն նկատուած հիմնաքարերը: Այդ աւերակներու մէջ պէտք է գտնել մարդկութեան ծաղիկը», յայտնեց Առաքելեան:

Նշենք, որ գիտաժողովի կազմակերպական կոմիտէին մէջ են` ԵՊՀ հայ բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն Արծրուն Աւագեանը, «Համազգային» հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, ԵՊՀ դասախօս Սերժ Սրապիոնեանը, ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի առաջատար գիտաշխատող Դաւիթ Գասպարեանը եւ այլն:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանական Անցակէտերէն Մինչեւ Իրան

Յաջորդը

Մէկ Տարուան Կոտտացող Ցաւ

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.