Ա. Ա.
Երկու շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի շեշտեց,որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուած չէ, որովհետեւ Արցախի վերջնական կարգավիճակը չէ որոշուած: Ան նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հակադրուեցաւ, երբ յայտարարեց, որ Արցախի վերջնական կարգավիճակի հարցը Մինսքի խումբին օրակարգին վրայ կը գտնուի:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յարատեւօրէն կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապ գոյութիւն չունի, որովհետեւ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմով այս տագնապը լուծուած է: Հետեւաբար Մինսքի խումբին համանախագահութեան աշխատանքին վերսկսման կարիքը չկայ:
Ալիեւի այս պնդումներուն դիմաց, Մինսքի խումբին համանախագահ երեք պետութիւններուն երկուքին` Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի կեցուածքները իրարու կը համապատասխանեն: Փարիզ յստակօրէն յայտարարած է, որ Մինսքի խումբը պէտք է աշխատանքի վերադառնայ, եւ անոր ծիրին մէջ քննարկուի Արցախի վերջնական կարգավիճակի խնդիրը: Ռուսիոյ կեցուածքը որոշ մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ: Ռուսերը կը ջանան ամէն գնով յետաձգել Արցախի վերջնական կարգավիճակին քննարկումը` առաւելաբար շեշտը դնելով տնտեսական, փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան խնդիրներու լուծման վրայ, յայտարարելով, որ այդ խնդիրներուն լուծումը փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ պիտի ստեղծէ` լուծումներու հոլովոյթներու օժանդակելով:
Ամերիկեան կեցուածքը վերահաստատուեցաւ Թրէյսիի կողմէ, որ երկու շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով շեշտեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուած չէ, որովհետեւ Արցախի վերջնական կարգավիճակը չէ յստակացած: Ան նաեւ ընդգծեց,որ Արցախի վերջնական կարգավիճակի հարցը կը գտնուի Մինսքի խումբին համանախագահութեան օրակարգին վրայ: Այսինքն Մինսքի խումբը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը: Բան մը, որուն Պաքու կ՛ընդդիմանայ:
Թրէյսիի համաձայն, այն, ինչ որ կը պատահի Սիւնիքի մարզի Գորիս-Կապան մայրուղիին Որոտանի հատուածին վրայ, կը շեշտէ համապարփակ լուծման մը կարեւորութիւնը, որպէսզի Հայաստան եւ Ազրպէյճան յաջողին խաղաղութեան հասնիլ:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին, Ուաշինկթընի կեցուածքը շատ յստակ է: Բանակցութիւնները պէտք է վերսկսին: Մինսքի խումբին համանախագահութեան օրակարգին վրայ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի հարցը: Ամերիկացի դեսպանին այս բաւական կարծր յայտարարութիւնը, ըստ քաղաքական հարցերու մեկնաբաններու, ունի իր յստակ պատճառները: Նախ` անիկա ուղղուած է առաւելաբար Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ: Նաեւ կ՛արտայայտէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան յստակ դժգոհութիւնը` հարաւկովկասեան հոլովոյթներէն որոշ չափով հեռու պահուելուն վերաբերեալ: Ճիշդ է, որ յաճախ ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներ, մանաւանդ վերջին շրջանին, թէ՛ յայտարարութիւններով եւ թէ՛ Հարաւային Կովկաս այցելութիւններով կը ջանան ամերիկեան եւ եւրոպական դերակատարութիւնները ապահովել հարաւկովկասեան բաւական բարդ իրադարձութիւններուն մէջ, սակայն ակնյայտ է, որ իսկական դերակատարները խորքին մէջ Ռուսիան եւ Թուրքիան են: Այս իրողութիւնը բնաւ ընդունելի չէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան համար:
Միւս կողմէ` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխ դեսպան Չիփ Լէյթինըն յատուկ կերպով անդրադարձաւ ամերիկեան դեսպանատան պատուիրակութեան Սիւնիքի մարզ կատարած այցելութեան, որուն ընթացքին մարզպետ Մելիքսէթ Պoղոսեանի հետ հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Թրէյսիի պահանջով ամերիկեան դեսպանատան պատուիրակութիւնը մարզեր այցելութիւններուն առաջինը կատարած է Սիւնիք` առաւել շեշտելու համար այս մարզին նկատմամբ ամերիկեան հետաքրքրութիւնը: Տեղին է նշել, որ ամերիկեան պատուիրակութեան մաս կազմած են նաեւ դեսպանատան զինուորական կցորդն ու քաղաքական եւ տնտեսական գրասենեակի ղեկավարը, որոնք փոխ դեսպանին նման` նոր նշանակուած են իրենց պաշտօններուն:
Պէտք չէ մտահան ընել, որ Սիւնիքի մարզէն ցամաքային ճամբով Իրան բեռներ կը փոխադրուին: Ամերիկացիք կ՛ուզեն վստահ ըլլալ, որ բեռները արգիլուած չեն ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով: Այլապէս խնդիրը առաւել կրնայ բարդանալ Հայաստանի համար, եթէ նման բան պարզուի: Նաեւ` եթէ յստականայ այս փոխադրութեան մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը: Նման պարագայի, Հայաստան չափազանց նեղ կացութեան կրնայ մատնուիլ: Սիւնիքի մարզ տրուած ամերիկեան պատուիրակութեան այս այցելութեան ընթացքին մարզպետարանին մէջ քննարկուած հարցերը, ըստ մարզպետարանին հրապարակած յայտարարութեան, կը վերաբերին ճանապարհներու ապահովութեան, երթեւեկութեան եւ տնտեսական խնդիրներուն:
«Էյվազլի եւ Չայզամ Հայաստանի չեն պատկանիր»
Մինչ անորոշութիւն եւ որոշ չափով ալ մտահոգութիւն կը տիրէ Սիւնիքի մարզին մէջ, ինչ կը վերաբերի Գորիս-Կապան միջպետական մայրուղիին Որոտանի հատուածի 21 քիլոմեթր երկարութեամբ բաժնին վրայ ազրպէյճանական ուժերու տիրապետութեան հաստատման, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ այդ հատուածին անմիջական տարածքին մէջ գտնուող Էյվազլի եւ Չայզամ բնակավայրերը Հայաստանին չեն պատկանիր: Ան նաեւ շեշտեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին ինք յատուկ կերպով երկու բնակավայրերուն ազրպէյճանական անունները տուած է, որպէսզի շեշտէ անոնց ազրպէյճանական պատկանելիութիւնը:
Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը հիմնուած է Խորհրդային Միութեան քարտէսներու վրայ, որոնց հիմամբ ալ Հայաստան ՄԱԿ-ի անդամակցած է: Երկրորդ հիմքը 2010-ին ընդունուած վարչական տարածքներու բաժանման մասին օրէնքն է, ուր յստակօրէն արձանագրուած է, որ Սիւնիքի մարզի Շուռնուխ եւ Որոտան գիւղերուն վարչական սահմանները կը համապատասխանեն հայեւազրպէյճանական սահմանին: Այսինքն երկու գիւղերը սահմանին վրայ գտնուող տարածքներն են, եւ անոնցմէ անդին տարածքները Հայաստանի չեն պատկանիր:
Յատկապէս նախկին Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ազրպէյճանի միջեւ սահմանը այդ հատուածին մէջ կը գտնուի: Այս վարչական սահմանը հետագային պետական սահմանի վերածուած է:
Փաշինեան յիշեցուց, որ այդ հատուածին մէջ երկու տեղ Գորիս-Կապան մայրուղին դուրս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան կամ նախկին Խորհրդային Հայաստանի վարչական սահմանէն: Այս պատճառով ալ պատերազմէն ետք այդ վայրերուն մէջ ազրպէյճանցիները կապոյտ ցուցանակներ հաստատած են` նշելով, որ տարածքները ազրպէյճանական հողեր են:
Խնդիրը այն է, որ նշուած հատուածներուն մէջ ազրպէյճանական ոստիկանութիւնը արդէն իսկ անցակէտ հաստատած է եւ իրանեան բեռնատարները կը խուզարկէ ու կը ստուգէ իրանցի վարորդներուն արտօնագրերը եւ ինքնութիւնը: Ըստ Փաշինեանի, այս քայլով Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը ջանան միջանցք մը ձեռք ձգել: Կան որոշ տեղեկութիւններ, որ ազրպէյճանցի ոստիկանները իրանցի երկու վարորդ ալ ձերբակալած են:
Հայաստանի վարչապետը համարեց, որ հայեւազրպէյճանական սահմանագիծին երկայնքին արձանագրուող իրադարձութիւնները պէտք է դիտել դեկտեմբեր 2020-ին սկսեալ հայոց բանակին դիրքերը նախկին Խորհրդային Միութենէն ժառանգուած սահմաններու հետ համապատասխան դարձնելու քայլերու ծիրին մէջ: Նման քայլեր առնուած են զինուորական նոր բախումներու առաջքը առնելու դիտաւորութեամբ:
Հայեւազրպէյճանական սահմանին յստակացման, սահմանազատման եւ սահմանագծման մասին խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած հարցապնդման նիստին ընթացքին ընդդիմադիր պատգամաւորներ ուզեցին իմանալ, թէ ինչո՞ւ վարչատարածքային բաժանման մասին օրէնքը հիմք ընդունուած է, եւ ոչ թէ, օրինակի համար պետական անկախութեան վերականգնման վերաբերեալ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տասնութ հոկտեմբեր 1991-ի սահմանադրական աքթը: Այս հարցումը վարչապետ Փաշինեանին ուղղեց ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան: Ընդդիմադիր պատգամաւորներ նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին, որ նման կացութեամբ Հայաստանի տնտեսական ապահովութիւնը վտանգուած է: Ուզեցին նաեւ գիտնալ, թէ ազրպէյճանցիները մինչե՞ւ երբ այդ տարածքներուն մէջ պիտի մնան, եւ Հայաստանի իշխանութիւնները ինչպիսի՛ քայլերու պիտի դիմեն:
Այս բոլորէն անկախ, գաղտնիք մը չէ, որ Պաքուի իշխանութիւնները Գորիս-Կապան մայրուղիի այդ հատուածին վրայ անցարգելներ դնելով` կը պատժեն նաեւ իրանցիները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղ կը մտնեն` առանց Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն արտօնութեան: Ըստ ազրպէյճանական աղբիւրներու, անցեալ ամիս իրանեան 58 բեռնատարներ, այս հատուածը հատելով, մտած են Արցախի այն շրջանները, որոնք ռուսական խաղաղապահ ուժերու հսկողութեան տակ կը գտնուին: Ազրպէյճանցիք կը խորհին, որ ռուսերը եւ իրանցիները այսպիսով կ՛ոտնակոխեն Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը եւ կ՛անտեսեն ազրպէյճանական մաքսային բոլոր օրէնքները: