Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվան Քորչոք կարեւոր կը նկատէ Արցախի տագնապի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ համապարփակ լուծումը: «Սփութնիք Արմենիա»` յղում կատարելով Հայաստանի վարչապետի կայքին, կը հաղորդէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Քորչոք այս կարծիքը յայտնած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Քորչոք ընդգծած է, որ Սլովաքիան կը գնահատէ շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման ուղղուած Հայաստանի ջանքերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Քորչոք կարեւոր նկատած է տնտեսութեան, ներառեալ առեւտուրի կապերը, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները:
Փաշինեան իր կարգին անդրադարձած է Արցախի դէմ նախորդ տարի Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին պատճառով ստեղծուած իրավիճակին, Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատերազմական գերիներու վերադարձի համաձայնութիւնը չկատարելուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գերիշխան տարածք ազրպէյճանական զինեալ ուժերու ներխուժումներուն: Փաշինեան ներկայացուցած է կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը, միջազգային ընտանիքէն Հայաստանի ակնկալիքներն ու ընդգծած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ բանակցային հոլովոյթի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը:
Փաշինեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է, որ Սլովաքիան Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ:
Քորչոք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Աւելի քան երեսուն տարուան լարուած իրավիճակէն ետք շրջանին մէջ սկսած են նոր հոլովոյթներ, որոնք հաշտեցման պիտի յանգեցնեն:
«Լայնօրէն քննարկեցինք Լեռնային ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած կացութեան հարցը: Կարեւոր է ձեռնպահ մնալ լարուածութեան տանող որեւէ գործողութենէ եւ գործադրել 9 նոյեմբերի յայտարարութեան բոլոր կէտերը: Ամէն տագնապ, ի վերջոյ կը յանգեցնէ տառապանքի այն մարդոց, որոնք կ՛ուզեն խաղաղութեան մէջ ապրիլ», ըսաւ ան:
Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, եթէ կայ կամք եւ հաստատակամութիւն խաղաղութեան հասնելու, որեւէ տագնապ կը լուծուի: Անոր համաձայն, իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր` Սլովաքիան կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործադրած ջանքերուն:
Բացի ատկէ, Եւրոպական Միութիւնն ալ իր կարգին պատրաստակամ է նպաստելու խաղաղութեան վերականգնման:
«Պէտք է շեշտեմ` հայ գերիներու վերադարձի հոլովոյթը պէտք է շարունակուի: Սակայն պէտք է նաեւ ականազերծման աշխատանքները շարունակուին` պահպանելու մարդոց կեանքերը», ըսաւ ան: