Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը` Պատասխանելով Ապտուլայեւային. «Միայն Համապարփակ Լուծումը Կրնայ Լուծել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւնները»

September 15, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգները` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական եւ քաղաքական լուծման` համոզուած ըլլալով, որ միայն հիմնախնդիրի համապարփակ լուծումը կրնայ լուծել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները: «Արմէնփրես»-ի հարցումին պատասխանելով այս մասին ըսած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն` արձագանգելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւայի յայտարարութեան:

«Իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տեւական ու քաղաքական լուծման: Այդ նպատակին հասնելու համար Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալու բովանդակային քննարկումներու` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ: Միայն համապարփակ լուծումը, որ կ՛անդրադառնայ բոլոր չլուծուած խնդիրներուն, կրնայ լուծել երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները եւ շրջանի բնակիչներուն արտօնել միասին ապրիլ խաղաղ պայմաններու մէջ», ըսած են դեսպանատունէն:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին հաղորդումով մեկնաբանած էր Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսիի` 11 սեպտեմբերին լրագրողներուն տուած այն մեկնաբանութիւնը, որ Միացեալ Նահանգները լուծուած չեն նկատեր Արցախի կարգավիճակի հարցը:

«Երեսուն տարուան պատերազմի եւ լարուածութեան իրավիճակը չի կրնայ լուծուիլ մէկ գիշերուան ընթացքին: Այդուհանդերձ, մենք կը հասկնանք, որ կան որոշ հիմնախնդիրներ, որոնք պէտք է լուծուին, եւ անոնցմէ մէկը, ինչպէս նախապէս ըսած եմ, այն է, որ մենք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը որոշուած չենք նկատեր եւ հետեւաբար պիտի շարունակենք պահել այդ հարցը Մինսքի խմբակի օրակարգին վրայ», ըսած էր դեսպանը:

Ապտուլայեւա մեկնաբանելով այդ խօսքերը «Թրենտ» լրատու գործակալութեան ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին այդ յայտարարութիւնը «անընդունելի է»:

«Այդ տարածքները` Արեւելեան Զանգեզուրը եւ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի անքակտելի մասերն են, եւ որեւէ կարգավիճակի մասին հարց չի կրնար ըլլալ», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` աւելցնելով, որ ամերիկեան կողմի նմանատիպ յայտարարութիւնները «կը խաթարեն» ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հետագայ գործունէութեան ապագան:

 

Նախորդը

«Կարեւոր Է Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ծիրին Մէջ Լուծումը» Կ՛ըսէ Սլովաքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արցախի Իրաւունքներէն Հրաժարիլը Հաւասարազօր Է Նոր Դաւաճանութեան»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թրքական Եւ Ազրպէյճանական  Առաւելապաշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւելապաշտութիւնը

November 11, 2026
Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու  Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ստեփանաւանի Համայնքապետի Թեկնածու Արսէն Գէորգեան Մահացաւ Կալանավայրին Մէջ

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.